Թելադրանքները եւս ապարդիւն

Ղա­րաբա­ղեան պա­տերազ­մը 27 Սեպ­տեմբե­րէն այս կողմ ար­դէն բո­լորած է 40 օրե­րը։ Այս պա­հու դրու­թեամբ պա­տերազ­մը կը շա­րու­նա­կուի առա­ջին օրո­ւան ուժգնու­թեամբ։ Ապար­դիւն մնա­ցած են ցարդ հռչա­կուած երեք զի­նադա­դար­նե­րը եւ կը շա­րու­նա­կուի հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան ան­տարբե­րու­թիւնը հետզհե­տէ պա­տերազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութեան բնոյթ ստա­ցող յար­ձա­կումնե­րու հան­դէպ։ Բա­ցի սահ­մա­նի դիր­քե­րէ հրթի­ռակոծ­ման թի­րախ դար­ձած են քա­ղաք­ներու բնա­կիչ ժո­ղովուրդը։ Բա­ցառո­ւած չէ նաեւ ան­տա­ռածածկ տա­րածքնե­րու դէմ ֆոս­ֆո­րային զի­նամ­թերքով ստեղ­ծո­ւած հրդեհ­նե­րը։ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան Արտ. Գործ. Նա­խարար Լաւ­րով «Քոմ­մերսանթ» թեր­թի տո­ւած յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշեց որ Թուրքիոյ միջ­նորդու­թեամբ Ատրպէյ­ճան հա­սած եւ Ղա­րաբա­ղի պա­տերազ­մին մաս­նակցած սու­րիացի վարձկան­նե­րու թի­ւը հա­սած է 2 հա­զարի։ Այս մա­սին Վար­չա­պետ Փա­շինեան «Երու­սա­ղէմ Փոսթ» թեր­թի տո­ւած հար­ցազրոյ­ցին մէջ հաս­տա­տած է սու­րիացի վարձկան­նե­րու հա­ւաքագրման եւ ապա Թուրքիոյ ճամ­բորդ դէ­պի Ար­ցախ փո­խադ­րո­ւելու մա­սին փաս­տա­ցի տո­ւեալ­ներ։ Փա­շինեան նշած է, որ Իս­րաէյ­լի պե­տու­թիւնը չի վա­րանիր իս­լամ ճի­հատիստնե­րու հետ նոյն դիր­քին մէջ գտնո­ւելէ։ «Ար­մա­տական ճի­հատիստնե­րու այս եղա­նակով շա­հագոր­ծումը ոչ միայն Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան, այլ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան հա­մար լուրջ սպառ­նա­լիք մըն է։ Այ­սօր Ար­ցա­խի մէջ կա­տարո­ւած­նե­րը ան­տե­սող­նե­րը պէտք չէ զար­մա­նան, երբ նման երե­ւոյթներ կը պար­զո­ւին Եւ­րո­պայի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ» ըսած է Վար­չա­պետ Փա­շինեան։ Ճիշդ է, որ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը առ այժմ կը գո­հանայ միայն ու միայն մտա­հոգու­թիւն յայտնե­լով։ ՄԱԿ-ի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Կո­միսար Մի­շել Պե­քըլըթ ար­ձա­նագ­րեց, թէ Ար­ցա­խի եւ շրջա­կայ­քի ռմբա­կոծումնե­րը հա­մաշ­խարհա­յին իրա­ւաբա­նու­թեան խախ­տում են եւ պէտք է գնա­հատուին պա­տերազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութեան սահ­մա­նու­մով։ Ան եւս գոր­ծա­ծեց «Կող­մե­րը» եզ­րը առանց տար­բե­րու­թիւն դնե­լու յար­ձա­կողի եւ պաշ­տա­նուո­ղի մի­ջեւ։ Պե­քըլըթ նաեւ շեշ­տեց ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ տե­ղադ­րո­ւած կեղծ լրա­տուու­թիւննե­րը, որոնց մէջ սա­կայն մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ ստու­գո­ւած իրո­ղու­թիւն էր Ատրպէյ­ճա­նի զի­նուոր­նե­րուն եր­կու հայ ռազ­մա­գերի­ները սպան­նե­լու մա­սին նկա­րահա­նումնե­րը։ Նա­խապէս BBC-ի ռու­սե­րէն հա­ղոր­դումն ալ յայտնած է թէ այդ եր­կու ռազ­մա­գերի­ները Բե­նիկ Յա­կոբեանը եւ Յու­րի Ադա­մեանն են։ Ան նաեւ յի­շեցուց, որ մօտ 40 հա­զար ատրպէյ­ճանցի­ներ եւ 90 հա­զար ալ ար­ցախցի­ներ հար­կադրուած են իրենց տու­նե­րը լքե­լով աւե­լի ապա­հով տա­րածքներ փո­խադ­րո­ւելու։

ՄԱԿ-ի պա­տաս­խա­նատուն պա­հան­ջեց որ կող­մե­րը հա­մաձայ­նին զի­նադա­դարի եւ խնդրին խա­ղաղ ու մնա­յուն լու­ծում մը գտնե­լու հա­մար սկսին բա­նակցութիւններու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ