Կեցցէ՛ Հայաստանը եւ Արցախը Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը

ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սիրելի ժո­ղովուրդ հա­յոց,

Սրտի դառն կսկի­ծով է որ կը գրեմ այս տո­ղերը։ Վստահ եմ որ հա­յերու մե­ծամաս­նութիւ­նը երէկ գի­շեր ան­քուն մնաց։ Շատ դժո­ւար որո­շում էր այս պար­տադրո­ւած հա­մաձայ­նագրի ստո­րագ­րումը եւ վստահ եմ որ եթէ որե­ւէ կա­րելիու­թիւն եւ այ­լընտրանք ըլ­լար չէր ստո­րագ­րո­ւեր։ Դժբախ­տա­բար 2020-ը սար­սա­փելի եւ ահա­ւոր տա­րի մը եղաւ հա­յու­թեան հա­մար։ Քո­րոնա­յով վա­րակո­ւած մեր հե­րոս զի­նուոր­նե­րը 43 օր անընդհատ պաշտպա­նեցին Ար­ցա­խը։ Եւ սա­կայն յայտնի էր կար­ծես որ Թու­քիոյ պէս հսկայ եւ ան­մարդկա­յին ոյ­ժի դէմ կռո­ւիլը վերջ չու­նէր եւ պի­տի պա­տահէր այս աղէ­տը։ Մեր թշնա­մինե­րը շատ աւե­լի են քան մեր բա­րեկամ­նե­րը։ Ատրպէյ­ճա­նի բա­րեկա­մը օգ­նեց եւ թի­կունք կե­ցաւ իր բա­րեկա­մին։ Մեր դաշ­նա­կիցը ոչ միայն ան­տե­սեց այլ եւ հա­կարա­կոր­դին օգ­նեց։ Ինչպէ՞ս կա­րելի էր շա­հիլ այսպի­սի պա­տերազմ մեր փոք­րիկ բա­նակով եւ ոչ բա­ւարար զի­նուա­ծու­թեամբ։

Այժմ խե­լամիտ հա­յը կը հան­դարտի եւ կը մտա­ծէ թէ ինչպէ՞ս կա­րելի է այս կա­ցու­թե­նէն դուրս գալ եւ մեր ամ­բողջ կա­րողա­կանու­թիւնը տրա­մադ­րել մեր հայ­րե­նիքին՝ Ար­ցա­խին եւ Հա­յաս­տա­նին որ­պէսզի կա­րենանք ոչ միայն գո­յատե­ւել այ­լեւ զար­գա­նալ, զօ­րանալ, բազ­մա­նալ եւ փայ­լուն ապա­գայ մը կեր­տել։ Միայն զօ­րաւորն է որ կը յաղ­թէ։ Անօ­դաչու թռջող սար­քերն էին գլխա­ւորա­բար յաղթող­նե­րը։ Մենք մեր ԱԹՍ-նե­րը պէտք է սար­գենք, աւե­լի լաւ եւ աւե­լի ու­ժեղ որ­պէսզի միեւ­նոյն կա­ցութեան չի մա­տուինք։

Պէտք է ըն­դունինք որ այս հա­մաձայ­նա­գիրը չա­րեաց փոք­րա­գոյնն էր։ Աւե­լի վատ կ՚ըլ­լար եթէ ամ­բողջ Ար­ցա­խը կորսնցնէինք։

Ուստի, այժմ գոր­ծի ժա­մանակ է եւ եթէ իս­կա­պէս հայ­րե­նասէր ես եւ կ՚ու­զես որ Հա­յաս­տան բար­գա­ւաճ, զօ­րաւոր եւ յա­ջող եր­կիր մը դառ­նայ, ըրէ քու ամե­նասուրբ պար­տա­կանու­թիւնդ եւ օգ­նէ ինչպէս որ կրնաս, նիւ­թա­պէս, մաս­նա­գիտու­թեամբդ եւ կամ այլ ինչ կերպ որ կրնաս։ Ան­ցեալը չենք կրնար փո­խել։ Ժա­մանակն է որ արթննանք եւ վե­րանա­յինք մեր կա­րելիու­թիւններն ու առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը եւ ըստ այնմ որո­շենք մեր գա­լիք ապա­գան։

Ան­միտ ամ­բաստա­նու­թիւններն ու հա­յոյանքնե­րը, սիրտխառ­նուք առա­ջաց­նե­լէ զատ ոչ մէկ օգուտ կը բե­րեն մե­զի։ Հան­դարտե­ցէք եւ գոր­ծի ան­ցէք։

Կէց­ցէ՛ Հա­յաս­տա­նը եւ Ար­ցա­խը։Կէց­ցէ՛ հայ ժո­ղովուրդ։ Օ՜ն Յա­ռաջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ