Փոխան ողբանուագի

ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ

«Երբ ան կ՚եր­գէր Աս­տո­ւած կ՚իջ­նէր եր­կիր զինք լսե­լու»

Օս­մա­նեան շրջա­նի յա­ռաջա­տար կին քա­ղաքա­կան գող­ծիչ եւ վի­պագիր Հա­լիտէ Էտիպ այսպէս կը բնու­թագրէր 24 Ապ­րիլ 1915 թո­ւին տա­րագ­րո­ւած եւ ապա հրաշ­քի բեր­մամբ կեն­դա­նի մնա­ցած Կոս­մի­տաս վար­դա­պետը։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան խորհրդան­շա­նը դար­ձած Կո­միտաս վար­դա­պետի բո­լորին ծա­նօթ «Կռունկ»ը 8 Հոկ­տեմբե­րին ռմբա­կոծո­ւելէն ան­մի­ջապէս ետք հնչեց Շու­շիի Ղա­զան­չե­ցոց Սուրբ Ամե­նաբրկիչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Տա­ճարը նաեւ կեդ­րոնն է Ար­ցա­խի Եպիս­կո­պոսա­կան Աթո­ռին։ Ռմբա­կոծու­մէն ետք Պել­կիաբնակ Սե­ւակ Աւա­նեսեան իս­կոյն շարժման ան­ցաւ։ «Եկե­ղեցին ռմբա­կոծո­ւած պա­հուն ես հա­մերգ կը նո­ւագէի։ Ան­մի­ջապէս ծրագ­րե­ցի դէ­պի Հա­յաս­տան թռիչ­քը, երբ ես կը բարձրա­նայի ինքնա­թիռի աս­տի­ճան­նե­րը եկե­ղեցին երկրորդ ան­գամ ռմբա­կոծո­ւեցաւ։ Ճիշ­դը ըսեմ, որ չէի զար­մա­ցած»։

Աւա­նեսեան ապա կը յայտնէ թէ այդ տա­ճարի մէջ «Կռունկ»ը նո­ւագե­լը հո­գեւոր կան­չի մը հե­տեւանքն էր։ Այդ գոր­ծը չէր նո­ւագած ու­թը տա­րեկա­նէն ի վեր։ Ան կո­միտա­սը կը նկա­րագ­րէ որ­պէս կեան­քի բո­լոր դժո­ւար պա­հերուն իր հետ հա­ղոր­դակցու­թիւն գտած մէ­կը ըլ­լա­լով։ Այ­սօր պա­տահած­նե­րը 1915-ը կը յի­շեց­նեն։ «Եկե­ղեցիս, մշա­կոյթս եւ հողս ան­գամ մը եւս կը կոր­ծա­նի ու աշ­խարհ ան­գամ մը եւս լռու­թեան մատ­նո­ւած է»։ Ան կը նշէ թէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք աշ­խարհի մատ­նո­ւած լռու­թեան դի­մաց Կոմի­տաս Վար­դա­պետ ալ լռած էր։ «Եր­բեմն ես ալ կը ցան­կամ Կո­միտաս վար­դա­պետի այդ բո­ղոքը կրկնել»։

Սե­ւակ Աւա­նեսեան մօ­րենա­կան կող­մէ ըն­տա­նիքը վե­րապ­րածնե­րու գեր­դաստան մըն է։ Մօ­րենա­կան կող­մէ Բագ­րա­տու­նի­ներէ սե­րած են։ Հա­յոց վեր­ջին թա­գաւո­րու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն Բագ­րա­տու­նի­ները։ «Մօրս մեծ հայ­րը 103 տա­րի ապ­րե­ցաւ եւ իր ամ­բողջ ըն­տա­նիքին սպա­նու­թեան ակա­նատես եղաւ։ 7 տա­րեկան քոյ­րը աչ­քե­րուն առ­ջեւ բռնա­բարե­ցին ու ապա սպան­նե­ցին։ Մայրս իր լսած­նե­րէն այնքան ազ­դո­ւած էր, որ մին­չեւ այ­սօր ական­ջը չէ ծա­կած։ Օղ չէ կա­խած։ Յան­կարծ թուրք ասկյա­րը չպո­կէ վախ­նա­լով»։

Աւա­նեսեալ գոհ է այդ նո­ւագին եկած մեկ­նա­բանու­թիւննե­րէն։ «Բազ­մա­թիւ գնա­հատա­կան մեկ­նա­բանու­թիւններ հնչե­ցին։ Շա­տը իմ երաժշտու­թեան մի­ջոցաւ վե­րահա­սու եղան պա­տերազ­մին։ Բայց բո­լոր լաւ բա­ներու նման այս ալ շու­տով պի­տի մոռ­ցո­ւի եւ մար­դիկ պի­տի վե­րադառ­նան իրենց առօ­րեային»։

Սուրբ Ամե­նափրկի­չի փլած եկե­ղեց­ւոյ մէջ նո­ւագը միակը չէր։ Սե­ւակ Աւա­նեսեան Ար­ցա­խի Կէօվ­հեր Աղա մզկի­թի բա­կին նո­ւագեց իրեն սերնդա­կից Կիան Սոլ­թա­նիի «Պարսկա­կան Կռա­կի պար» անուն գոր­ծը։

«Պատ­մա­կան շի­նու­թիւն մըն է։ Վե­րանո­րոգո­ւած է։ Շրջա­կայ­քի մար­դիկ չար­տօ­նեցին որ ներս մտնեմ։ Այստեղ հո­գեւոր տա­ճար մըն է պէտք է ձեր կող­քին իս­լամ մը ըլ­լար եւ ան կա­րենար ար­տօ­նել ներս մտնալ­նուդ։ Մենք չենք ու­զեր ու­րի­շին կրօն­քին դէմ անար­գանք ընել ըսե­լով ար­գի­լեցինք մզկիթ մտնելս»։

Աւա­նեսեան այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ նո­ւագեց մզկի­թի բա­կը։ Մշա­կոյթնե­րուն սահ­մաններ չու­նե­նալուն հա­ւատա­ցոր Աւա­նեսեան կ՚ըսէ թէ Շու­շի, Ստե­փանա­կերտ կամ Երե­ւանի մէջ բազ­մա­թիւ ատրպէյ­ճանցի­ներ կ՚ապ­րէին։ «Մենք լաւ կը յի­շենք զի­րենք։ Հա­պա անոնք ին­չո՞ւ այսքան ատե­լու­թեամբ լցո­ւած են մե­զի հան­դէպ» կը հարցնէ թաւ ջու­թա­կահար Աւա­նեսեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ