Ընդվզումը վերածուեցաւ հակաՓաշինեանական ցոյցի

10Նո­յեմ­­բե­­­րի անակնկալ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը բնա­­կանա­­բար ցա­­սում պատ­­ճա­­­ռեց Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Այդ հիաս­­թա­­­փու­­թեան հե­­տեւան­­քով բազ­­մա­­­թիւ ցու­­ցա­­­րար­­ներ հա­­ւաքո­­ւեցան նախ Հան­­րա­­­պետու­­թեան Հրա­­պարա­­կի վրայ, խու­­ժե­­­ցին կա­­ռավա­­րական շէնք, գրա­­ւեցին նիս­­տե­­­րու դահ­­լի­­­ճը եւ վնա­­սեցին պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու գրա­­սենեակ­­նե­­­րը։ Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն ուղղու­­թիւն տալ կը փոր­­ձէին ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րէ զա­­նազան դէմ­­քեր։ Վեր­­ջա­­­պէս անոնք 12 Նո­­յեմ­­բե­­­րին ալ Ազա­­տու­­թեան Հրա­­պարա­­կին վրայ կա­­տարե­­ցին հան­­րա­­­հաւաք, որ վե­­րածո­­ւեցաւ իշ­­խա­­­նու­­թեան դէմ հա­­լածան­­քի ալի­­քի մը։ Որոշ չա­­փով հասկնա­­լի էր հա­­սարա­­կու­­թեան մատ­­նո­­­ւած ափ­­սո­­­սան­­քը, որ կ՚ու­­զէր իր պոռթկու­­մը լսե­­լի դարձնել բո­­լորին։ Սա­­կայն ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ժո­­ղովուրդի այդ զգա­­ցու­­մը իս­­կոյն իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան մար­­մա­­­ջի մը վե­­րածե­­լը ան­­շուշտ որ անըն­­դունե­­լի էր։ Պար­­տինք յայտնել թէ այդ պոռթկու­­մով դուրս ելած­­նե­­­րու կող­­քին բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաքա­­ցիներ իրենց տու­­նե­­­րէ ներս մեծ մտա­­հոգու­­թեամբ կը հե­­տեւէին զար­­գա­­­ցումնե­­րուն, որոնք եւս կը բաժ­­նէին հո­­գեկան այդ նոյն ցնցու­­մը, բայց կը խու­­սա­­­փէին տա­­րինե­­րու մեղ­­քը հա­­զիւ եր­­կու տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող ներ­­կայ իշ­­խա­­­նու­­թեան բեռցնե­­լէ։

Այս ցոյ­­ցե­­­րու ըն­­թացքին ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը բեր­­ման են­­թարկեց աւե­­լի քան 70 ցու­­ցա­­­րար­­ներ, որոնք հար­­ցաքննու­­թե­­­նէ ան­­մի­­­ջապէս վերջ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցան։ Յստակ է թէ Հա­­յաս­­տան եւս կ՚ապ­­րի փո­­թոր­­կա­­­լից օրեր, որոնց աւար­­տը առիթ պի­­տի ստեղ­­ծէ խնդիր­­նե­­­րը շատ աւե­­լի պարզ քննար­­կե­­­լու հա­­մար։

Խա­­ղաղա­­պահ­­նե­­­րը կը տե­­ղադ­­րո­­­ւին

Հա­­մաձայ­­նագրի պայ­­մաննե­­րէն մէկն ալ 1960 զի­­նուոր­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցեալ ռուս խա­­ղաղա­­պահ զօր­­քին տե­­ղադ­­րումն էր շփման գծի վրայ։ Բաս­­տա­­­թույթի ստո­­րագ­­րութե­­նէն ան­­մի­­­ջապէս ետք Խա­­ղաղա­­պահ զօր­­քը սկսաւ փո­­խադ­­րո­­­ւիլ Ռու­­սաստա­­նի Ու­­լեանոսվսք քա­­ղաքէն դէ­­պի Ար­­ցախ։ Հա­­մաձայ­­նութեան հրա­­պարա­­կու­­մէն ետք Իլ­­համ Ալիեւ իր ու­­նե­­­ցած ելոյ­­թին մէջ նշեց նաեւ թուրք զի­­նուոր­­նե­­­րու եւս մաս­­նակցու­­թիւնը խա­­ղաղա­­պահ զի­­նուոր­­նե­­­րու շար­­քին։ Ալիեւի այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը իս­­կոյն հեր­­քո­­­ւեցաւ Ռու­­սիոյ Դա­­շին­­քի կա­­ռավա­­րու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Տի­­միդ­­րի Փես­­քո­­­վի կող­­մէ։ «Հա­­մաձայ­­նագրին մէջ ոչ մէկ ակ­­նարկու­­թիւն կայ Թուրքիոյ զի­­նեալ ու­­ժե­­­րու Ար­­ցա­­խի մէջ խա­ղաղա­պահ պաշ­տօն ստանձնե­լու մա­սին» ըսաւ Փես­քով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ