Պարտութեան համաձայնագիրը

Պատերա­զի 43-րդ օրը աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թիւնը դէմ յան­դի­ման թո­ղուց անսպա­սելի պար­տութեան հետ։ Բո­լորս գի­տէինք, թէ մար­տե­րը որ­քան թէժ կ՚ըն­թա­նային, որ­քան դժո­ւար էր հայ­րե­նի երկրի սահ­մա­նը պա­հող զի­նուո­րին ու­սե­րուն դրուած պար­տա­կանու­թիւնը։ Ամ­բողջ ազգ մը սրտի դառ­նութեամբ կը հե­տեւէինք զո­հուած­նե­րու անո­ւանա­ցան­կե­րուն հե­ռուստաէկ­րա­նի վրայ յայտնու­թիւնով։ Պա­տերազ­մի առա­ջին օրե­րուն 15-16 զո­հերով ներ­կա­յացող ցու­ցա­կը հետզհե­տէ աճե­ցաւ եւ հա­սաւ 50-60-ական թի­ւերու։ Ցա­ւը կը կրկնա­պատ­կո­ւէր անուննե­րու կող­քին նշո­ւած ծննդեան թո­ւական­նե­րով։ 18-19 տա­րեկան պա­տանի­ներ էին զո­հուած­նե­րը։ Բա­ցար­ձակ մխի­թարու­թիւն չէր բե­րեր հա­կառա­կոր­դին զո­հերուն հինգ ան­գամ աւե­լի բարձր ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը։ Վեր­ջա­պէս 10 Նո­յեմ­բե­րի հա­մաձայ­նութեան հրա­պարա­կու­մով շա­տերուս հա­մար պարզ դար­ձաւ պա­տերազ­մի ող­բերգա­կան իրո­ղու­թիւնը։

Ճիշդ որ առա­ջին օրէն իսկ յայտնի էր հա­կառա­կոր­դի տի­րացած ու­ժի գե­րակշռու­թիւնը։ Ատրպէյ­ճան վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն իր պե­տական պիւտճէի շատ կա­րեւոր մէկ մա­սը տրա­մադ­րած էր բա­նակը հզօր զէն­քե­րով օժ­տե­լու։

Միւս կող­մէ այդ երկրի իշ­խա­նու­թիւնը յա­րատեւ կեր­պով ատե­լու­թիւն եւ թշնա­մու­թիւն կը սնո­ւաց­նէր հայ ժո­ղովուրդի եւ հա­յոց երկրի նկատ­մամբ։ Յայտնի է թէ Ատրպէյ­ճան չէր կրցած մար­սել 1993-ի պար­տութիւ­նը եւ մա­նաւանդ ալ բա­ցի Ղա­րաբա­ղէ յա­րակից եօթը շրջան­նե­րու կո­րուստը։ Այդ հո­ղային կո­րուստը պատ­ճառ դար­ձած էր նաեւ բիւ­րա­ւոր Ատրպէյ­ճանցի­ներու տնազրկու­թեան։ Հա­մաշ­խարհա­յին գեր­պե­տու­թիւննե­րը, որոնք իբ­րեւ թէ իրենց առ­ջեւ պար­տա­կանու­թիւն դրած էին Ղա­րաբա­ղեան խնդրին խա­ղաղ եղա­նակով լու­ծումը, բա­ցայայ­տօ­րէն թե­րացան իրենց այդ առա­քելու­թեան մէջ։ Այս պայ­մաննե­րու տակ Ալիեւի իշ­խա­նու­թեան հա­մար նա­խընտրու­թիւն էր պա­տերազ­մի մի­ջոցաւ խնդրի լու­ծումը։ Ո՛չ միայն նա­խընտրու­թիւն, նաեւ յա­րատեւ խոս­տում մը իր ժո­ղովուրդին ուղղեալ։ Առի­թը գո­յացաւ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան ալ այս խնդրին ներ­թա­փանցման շնոր­հիւ։ Էր­տո­ղան չէր գո­հացած բա­րոյա­կան քա­ջալե­րան­քով եւ մա­տու­ցած էր աւե­լին։ Ար­դա­րեւ Ատրպէյ­ճան զգու­շօ­րէն մշա­կուած ռազ­մա­կան ծրա­գիր մըն է, որ կեան­քի կո­չեց 27 Սեպ­տեմբե­րի առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն։

Ար­ցա­խի պաշտպա­նու­թեան բա­նակը թէեւ միշտ զգօն էր նման ոտնձգու­թեան մը դի­մաց։ Սա­կայն չէր կան­խա­տեսուած պա­տերազ­մի այսքան լայ­նա­ծաւալ դաշ­տի մը վրայ բռնկու­մը։ Հա­կառա­կոր­դը ամ­բողջ Ար­ցա­խի սահ­մա­նով մէկ սկսած յար­ձա­կու­մը կը յու­սար շատ աւե­լի կարճ ժա­մանա­կի մէջ աւար­տին հասցնել։ Թրքա­կան քա­րոզ­չա­մեքե­նան հա­զիւ քա­նի մը օրեր կը նա­խատե­սէր վերջնա­կան յաղ­թա­նակին հաս­նե­լու հա­մար։ Ակնկա­լուած յաղ­թա­նակը իրա­կանա­ցաւ պա­տերազ­մի 43-րդ օրին, ի գին հայ­կա­կան բա­նակի բաղ­դատմամբ հինգ ան­գամ աւե­լի զի­նուոր­նե­րու մա­հուան։

Պա­տերազ­մի հետ միասին ըն­թա­ցաւ նաեւ երկկող­մա­նի քա­րոզար­շա­ւը։ Ատրպէյ­ճան դեռ առա­ջին օրէն ար­գի­լեց երկրի մէջ գոր­ծող բո­լոր սոց­ցանցե­րը։ Բա­ցառու­թիւն էր միայն «Թո­ւիթըր»ը, որ կը շա­հագոր­ծուէր նաեւ պե­տական շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ, իբ­րեւ լրա­տուա­միջոց։ Դար­ձեալ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւնը առա­ջին օրէն իսկ որո­շեց չհրա­պարա­կել բա­նակի անձնա­կազ­մի կո­րուստնե­րը։ Ի տար­բե­րու­թիւն, Հա­յաս­տա­նի մէջ կար լրա­հոս մը, որ եւս տա­րուած էր որոշ չա­փով քա­րոզ­չութիւ­նով։ Հա­զիւ պար­տադրո­ւած հա­մաձայ­նագրին հրա­պարա­կու­մով լսե­ցինք, թէ իրա­վիճա­կը որ­քան ծանր ըն­թա­ցած էր հայ զի­նուորի հաշ­ւոյն։ Ար­ցա­խի Նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեան կը խոս­տո­վանէր թէ հնա­րաւո­րու­թիւն չու­նէին առա­ջին գծի վրայ մարտնչող զի­նուոր­նե­րը փո­խանա­կելու հա­մար։ Բո­լորս գի­տէինք թէ պա­տերազ­մը որ­քան սար­սա­փելի ուժգնու­թիւնով մը կը շա­րու­նա­կուի, բայց չէինք պատ­կե­րացու­ցած իրո­ղու­թեան այս աս­տի­ճան դառն ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը։ Պաշտպա­նու­թեան բա­նակի ներ­կա­յացու­ցիչ Արծրուն Յով­հաննի­սեանի ամե­նօրեայ ճե­պազ­րոյցնե­րուն չէինք նկա­տած սահ­մա­նագ­ծի այդ մտա­հոգիչ երե­ւոյ­թը։ Յով­հաննի­սեանի հա­ղոր­դումնե­րով Պաշտպա­նու­թեան բա­նակը կը կա­տարէր իր առ­ջեւ դրո­ւած խնդի­րը ընդմիշտ ետ շպրտե­լով թշնա­միի յար­ձա­կումնե­րը։ Ափ­սոսան­քի առա­ջին ազ­դանշան­նե­րը յստա­կացան, երբ Ատրպէյ­ճան մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը յայ­տա­րարէր Շու­շիի ան­կումը։ Ար­դէն իսկ նա­խոր­դող օրե­րուն կը պնդո­ւէր թէ հա­զիւ 5 քմ. հե­ռաւո­րու­թեան մէջ էին Ար­ցա­խի երկրորդ քա­ղաք Շու­շիի եզ­րա­թաղե­րէն։ Նոյն օր Պաշտպա­նու­թեան բա­նակի ներ­կա­յացու­ցի­չը կը խօ­սէր Քա­րի Տա­կի մէջ թշնա­մու կրած ահա­ւոր կո­րուստի մա­սին։ Նոյն բնոյ­թի հա­ղոր­դումնե­րը կը շա­րու­նա­կուէին նոյ­նիսկ 10 Հոկ­տեմբե­րին ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն, երբ օրո­ւայ աւար­տին առե­րեսուեցանք պար­տադրո­ւած հա­մաձայ­նագրով։ Հա­մաձայ­նագրի ամ­բողջա­կան պատ­ճէ­նը տես­նել մեր կող­քի սիւ­նակնե­րուն մէջ։ Այս պայ­մաննե­րու տակ բո­լորո­վին անսպա­սելի պա­հուն յայտնո­ւած այս հա­մաձայ­նա­գիրը ինչպէս կը նշէ ՀՀ Վար­չա­պետ Բա­շինեան եւ Ար­ցա­խի նխա­գահ Յա­րու­թիւնեան պար­տութեան մը ապա­ցոյցն է, որ բնա­կանա­բար պաղ ցնցու­ղի ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց հա­մաշ­խարհա­յին հա­յու­թեան առու­մով։ Իս­կոյն փո­ղոց­նե­րը խառ­նո­ւեցան Երե­ւանի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ, ուր մար­դիկ կը մեր­ժէին այս հա­մաձայ­նա­գիրը պա­հան­ջե­լով, որ Խորհրդա­րանը մեր­ժէ անոր վա­ւերա­ցու­մը։ Ան­շուշտ երե­ւոյ­թը առիթ մըն էր Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան դաշ­տին մէջ գա­հըն­կէց եղած շրջա­նակ­նե­րու հա­մար, որոնք առի­թը օգ­տա­գոր­ծե­ցին Վար­չա­պետ Փա­շինեանը ու իր կա­ռավա­րու­թիւնը հա­լածե­լու նպա­տակով։

Յա­ջոր­դող զար­գա­ցումնե­րու մա­սին կար­դալ թեր­թիս Բ. էջի վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ