Յիշելով Ահմետ Քայան մահուան 20-ամեակին

16 Նոյեմբերին լրացաւ բողոքի երգերու մեծ կատարող Ահմետ Քայայի մահուան 20-ամեակը։ 10 Փետրուար 1999 թուին, Մակազին Լրագրողներու Միութեան կազմակերպած մրցանակատուուչութեան ճաշկերոյթին Քայա ելոյթ ունեցած ու յայտարարած էր թէ յաջորդ ալպոմին մէջ պիտի երգէ իր մայրենիով՝ «քրտերէն»։ Այդ ելոյթը զայրացուցած էր սրահին մէջ գտնուող թուրք ազգայնականները, որոնց բողոքը իսկոյն վերածուեցաւ լինճի, որմէ Քայա փրկուեցաւ քիւրտ մատուցողներու օգնութեամբ։ Յաջորդ օր լինճը շարունակուեցաւ ազգայնապաշտ մամուլի միջոցաւ, որու հետեւանքով Ահմետ Քայա հարկադրուեցաւ Փարիս ապաստանելու։ Հոն պանդխտութեան պայմաններու մէջ, 16 Նոյեմբեր 2000-ին մահացաւ սրտի ինֆաքթրի պատճառաւ։ Մահուան 20-ամեակին զինք կը յիշատակենք դստեր կողմէ գրի առնուած այս սրտցաւ յօդուածով։

ՄԵԼԻՍ ՔԱՅԱ*

Եթէ նկա­տի չու­նե­նանք խօս­քի ծան­րութիւ­նը, պատ­ճա­ռած կսկի­ծը, կծու ար­տա­յայ­­տութիւննե­­րուն բա­­ցի են­­թա­­­կայէն, անոր հա­­րազատ­­նե­­­րուն վրայ գոր­­ծած ցա­­ւը, ան­­շուշտ կը ձայ­­նակցինք «Մարդ պէտք է ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւի» հաս­­տա­­­տու­­մին։ «Երա­­նի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան գե­­րազ­­գայնու­­թե­­­նէն նշոյլ մը իսկ ու­­նե­­­նար» մտա­­բերած էի երբ կար­­դա­­­ցի իր գրա­­ռու­­մը։ Որ­­պէս Ահ­­մետ Քա­­յայի դուստրը (բո­­լոր իրա­­ւական առիթ­­ներս վե­­րապա­­հելով) իրա­­ւունք ու­­նիմ պա­­տաս­­խա­­­նելու։ Իմ հայրս մա­­հացաւ միան­­շա­­­նակ, 13 տա­­րեկան էի։

Հայրս եղ­­բայրու­­թեան եր­­գե­­­րով փայ­­փա­­­յեց, բա­­րեկա­­մու­­թեան պատ­­մութիւննե­­րով մե­­ծացուց զիս։ Սէ­­րը, սի­­րելը սոր­­վե­­­ցայ իր­­մէ, նե­­րելը եւ խա­­ղաղու­­թիւնը...։ Կրօն­­նե­­­րը մեզ ան­­ջա­­­տելու հա­­մար չէ, այլ խա­­ղաղու­­թիւն պար­­գե­­­ւելու հա­­մար էին։ Բո­­լոր լե­­զու­­նե­­­րը, բար­­բառնե­­րը մարդկանց իրար հասկնա­­լուն, զգա­­ցումնե­­րը լա­­ւագոյնս ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար կա­­յին։ Իր շնոր­­հիւ սոր­­վե­­­ցայ կրօ­­նային, սե­­ռային, ազ­­գա­­­յին, ցե­­ղային բո­­լոր պատ­­կա­­­նելու­­թիւննե­­րէն վեր դա­­սել մարդկու­­թիւնը։ Ան իմ աս­­պետն էր

Շա­­տեր զիս բախ­­տա­­­ւոր կը տես­­նեն Ահ­­մետ Քա­­յայի աղ­­ջի­­­կը ըլ­­լա­­­լուս հա­­մար։ Ես շնոր­­հա­­­կալ եմ այդ իրո­­ղու­­թեան։ Ես իս­­կա­­­պէս բախ­­տա­­­ւոր էի, քա­­նի ու­­նէի աշ­­խարհի բո­­լոր բա­­րիք­­նե­­­րը հա­­ւաքե­­լով ան­­կողնիս եզ­­րին թո­­ղած հայր մը։ Իսկ դուք՝ իմ այդ քաղցր ան­­ցեալս անխղճօ­­րէն բռնա­­բարող­­ներ, ափ­­սոս որ ին­­ծի նման բախ­­տա­­­ւոր չէք։

Հայրս մե­­ռած ատեն 13 տա­­րեկան էի։ Այ­­սօր աշ­­խարհը ակնկա­­լել կը ջա­­նամ 21 տա­­րեկա­­նի գի­­տակ­­ցութեամբ։ Բայց իր բա­­ցակա­­յու­­թեան մէջ տա­­կաւ երա­­խայ եմ եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեմ այդպէս ալ մնալ։ Եթէ այդ մա­­նու­­կը չի մնար իմ մէջ, հա­­ւանա­­բար նման գրու­­թիւն ալ չէի ու­­նե­­­նար եւ տա­­կաւին չէի ար­­տա­­­սուեր։

Հայրս երբ մե­­րաւ 43 տա­­րեկան էր։ Շատ մեծ կը թո­­ւէր, փար­­թամ, ման­­կա­­­կան պատ­­մութիւննե­­րուս աս­­պե­­­տը։ Այ­­սօր 40 տա­­րեկան ըն­­կերներ ու­­նիմ, որոնք այնքան երի­­տասարդ կը թո­­ւին որ...։

Ինքնա­­գիտակ­­ցութեանս բո­­լոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն ըն­­տա­­­նիքս պայ­­քա­­­րի մէջ էր։ Ես այդ պայ­­քա­­­րին մէջ մե­­ծացայ։ Առա­­ւօտ մը հայրս մե­­ռաւ ու ես մօրս հետ առան­­ձին մնա­­ցի։ Այդ առանձնու­­թեան մէջ, այսքան խոշ­­տանքո­­ւելէ ետք փու­­թա­­­ցան զգայ­­նա­­­կանու­­թեան իմ բո­­լոր սպա­­սումնե­­րը։ Ան­­վերջա­­նալի էին ձեր ատե­­լու­­թիւնը հօրս, անոր ներ­­կա­­­յացու­­ցած ար­­ժէքնե­­րուն, մօրս, քե­­ռիիս, զար­­մի­­­կիս, հօ­­րաք­­րոջս հան­­դէպ։ «Քա­­յա» ազ­­գա­­­նու­­նը ձեր կող­­մէ պի­­տակա­­ւորո­­ւած «ան­­չա­­­տողա­­կան» կո­­չու­­մէն մաք­­րա­­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար շատ տո­­ւայ­­տե­­­ցանք։ Մեր այդ յա­­մառ պայ­­քա­­­րի հե­­տեւան­­քով է որ պետ­­նա­­­խարար մը զղջման խօս­­քեր ար­­տա­­­սանեց, հօրս եր­­գե­­­րը կրկին հնչե­­ցին պե­­տական հե­­ռուստա­­կայա­­նի «ԹՌԹ»ի հա­­ղոր­­դումնե­­րով։

Դուք այդ պայ­­քա­­­րի ոչ մէկ հանգրուանին մեր կող­­քին էիք։ Ես ոչ մէկ բա­­նով պար­­տա­­­կան եմ ձե­­զի։ 13 տա­­րեկա­­նիս իմ ապա­­գայի ամե­­նաթան­­կա­­­գին կէ­­սը տո­ւի։ Որով­­հե­­­տեւ ես շրջա­­նաւար­­տութեանս ու­րա­­­խու­­թիւնը, շա­­հած առա­­ջին գու­­մա­­­րը, առա­­ջին ըն­­կե­­­րու­­թիւնս, դեռ չծնած զա­­ւակ­­ներս, ար­­տադրե­­լիք­­ներս, եր­­ջանկու­­թեանս հիմ­­քե­­­րը տո­­ւի։

Ո՞վ էք դուք։

Ձեզ­­մէ հա­­զարա­­ւոր քի­­լօմեթր հե­­ռուն, գետ­­նին քա­­նի մը մեթր խո­­րը հանգչող, այ­­լեւս եր­­գե­­­լու կամ խօ­­սելու հա­­մար յա­­ւիտեանս լռած մէ­­կու մը ձայ­­նը մա­­րե՞լ կ՚ու­­զէք։ Չենք ար­­տօ­­­ներ, կը մնանք մեր սե­­փական եր­­կի­­­րը, կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր իրո­­ղու­­թեան հետ կողք կող­­քի ապ­­րիլ։ Առանց փո­­խադար­­ձի ակնկա­­լու­­թեամբ, առանց որե­­ւէ շա­­հի պի­­տի հրա­­պարա­­կենք ձեր չա­­րիքը նախ եւ առաջ ձեզ։ Մեզ վի­­րաւո­­րող խօս­­քերնիդ յի­­շեց­­նող հա­­յելի մը պի­­տի բռնենք ձեր դէմ­­քե­­­րուն։

Բաւ է, ելէք այդ թաքստոց­­նե­­­րէն, հրա­­ժարե­­ցէք հօրս յի­­շատա­­կը խոշ­­տանքե­­լէ։ Բաւ է հօրս հան­­դէպ ձեր անար­­գանքը, հայ­­հոյան­­քը, նո­­ւաս­­տա­­­ցու­­մը։ Հե­­ռու կե­­ցէք մե­­զանից։ Իմ ու մօրս ապ­­րած տա­­ռապան­­քը ձեզ­­մէ ոչ ոք չէ ապ­­րած։ Իմ շալ­­կած բե­­ռը, իմ տա­­րած ցա­­ւը չէք կրնար պատ­­կե­­­րաց­­նել իսկ։ Վեր­­ջա­­­պէս մեր սրտե­­րը Փա­­րիս թա­­ղած ենք։

Բո­­լոր երա­­խանե­­րուն կը մաղ­­թեմ իմ հօրս նման հայ­­րի­­­կի մը հետ առ­­նո­­­ւազն 13 տա­­րի ապ­­րած ըլ­­լալ։ Յա­­նուն բո­­լոր երա­­խանե­­րու, կը մաղ­­թեմ թէ աշ­­խարհ այ­­լեւս կշտա­­ցած ըլ­­լայ հայ­­րե­­­րու մա­­հէն։ Ու կ՚ող­­ջունեմ հօրս վաս­­տա­­­կը գնա­­հատող բո­­լոր իրաւ բա­­րեկամ­­նե­­­րը։

*Սոյն գրու­­թիւնը թարգմա­­նուած է www.ahmetkaya.com կայ­քէ­ջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ