Քուրքութի դատն ալ աւարտեցաւ անպատժելիութեամբ

2017 թո­ւի Նեւ­րուզի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րու ըն­թացքին հա­զարա­ւոր­նե­րու աչ­քե­րուն առ­ջեւ ոս­տի­կան­նե­րու կրա­կոցով սպա­նուած էր երաժշտա­նոցի ու­սա­նող Քե­մալ Քուրքութ։ Սպան­նութեան պա­հը ար­ձա­նագ­րո­ւած էր տեղ­ւոյն վրայ գտնո­ւող լրագ­րողնե­րու կող­մէ։ Ան­զէն երի­տասար­դի սպա­նու­թիւնը ոս­տի­կանա­կան շրջա­նակ­նե­րը եւ Տի­յար­պե­քիրի կու­սա­կալը մա­մու­լին ներ­կա­յացու­ցին իբ­րեւ թէ «մա­հապար­տի մը չէ­զոքա­ցու­մը» ըլ­լա­լով։ Կը պնդէին թէ ան Նե­ւոր­զի տօ­նակա­տարու­թեան վայ­րը եկած էր ինքզինք պայ­թեցնե­լու հա­մար։ Այդ սու­տը իս­կոյն հեր­քո­ւեցաւ թղթա­կից­նե­րու լու­սանկա­րով, որուն մէջ Քուրքութ կը տես­նո­ւէր կի­սամերկ վի­ճակով։

Ոճի­րէն ետք Քուրքու­թի ըն­տա­նիքը դի­մեց դա­տարան ոճ­րա­գործ ոս­տի­կան­նե­րու պատ­ժո­ւելու պա­հան­ջով։ Դա­տարա­նի վեր­ջին նիս­տը կա­յացաւ 17 Նո­յեմ­բեր երեք­շաբթի, Քուրքու­թը սպան­նող ոս­տի­կանի ան­պարտ հռչա­կու­մով։

Այս վճի­ռը կա­յացաւ առանց նկա­տի ու­նե­նալու մաս­նա­գէտ­նե­րու տե­ղեկա­գիրը։ Մաս­նա­գէտ­ներ նշած էին, թէ 5 կամ 6 մեթ­րէն կա­տարո­ւած հրաձ­գութիւ­նը նպա­տակագ­րած է սպա­նու­թիւն։ Այդ հե­ռաւո­րու­թե­նէն ան­ձը չէ­զոքաց­նե­լու հա­մար կա­րելի էր ոտ­քե­րուն կրա­կել «Կա­տարո­ւածը դի­տաւո­րեալ մար­դասպա­նու­թիւն է» ըսո­ւած էր մաս­նա­գէտ­նե­րու տե­ղեկագ­րին մէջ։ Դա­տակազ­մը նկա­տի չա­ռաւ այս տե­ղեկա­գիրը եւ որո­շում կա­յացուց սխալ­մամբ մա­հուան պատ­ճառ ըլ­լա­լու յան­ցանքով։

Դա­տական նիս­տի աւար­տին վճիռը դէմ բողոքող Քուրքու­թի եղ­բայրը մեղադ­րեց կա­տարո­ւած անար­դա­րու­թիւնը։ ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Մե­րալ Տա­նըշ Պէշ­թաշ ալ քննա­դատեց վճի­ռը ըսե­լով որ «Սա առա­ջինը չէ որ քրտե­րու դէմ կա­տարո­ւած ոս­տի­կանա­կան ոճ­րա­գոր­ծութիւննե­րը կը վա­յելեն դա­տարան­նե­րու որ­դեգրած ան­պատժելիու­թեան սկզբունքը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ