«Օրօրա» օգնութեան ձեռք կը մեկնէ

«Օրօրա» մարդասիրական հիմ­նադրա­մը որո­շած է առ­կայ ճգնա­ժամի պայ­մաննե­րուն մէջ օգ­նութեան անհրա­ժեշտ մի­ջոց­ներ ապա­հովել յատ­կա­պէս տե­ղահա­նուած, բնա­կարան կորսնցու­ցած ար­ցախցի­ներուն հա­մար։ Հիմ­նադրա­մը հրա­պարա­կած է այս մա­սին իր յայ­տա­րարու­թիւնը, որ կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ։

«Օրօ­րա»ն կը սկսի մար­դա­սիրա­կան ծրագ­րեր իրա­կանաց­նել՝ ուղղո­ւած Ար­ցա­խի բնակ­չութեանը եւ կը սկսի յայ­տե­րու ըն­դունում։

«Օրօ­րա» մար­դա­սիրա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը ան­յա­պաղ կը սկսի մար­դա­սիրա­կան ծրագ­րեր իրա­կանաց­նել՝ օգ­նե­լու ար­ցա­խեան պա­տերազ­մէն տու­ժած երա­խանե­րուն եւ մե­ծահա­սակ­նե­րուն։ Աջակ­ցութեան առա­ջին ծրագ­րե­րը կը յայ­տա­րարո­ւին՝ 2020 թ. Նո­յեմ­բե­րի 18-ին։

Բա­ցի այդ, «Օրօ­րա»ն պատ­րաստ է ըն­դունել նա­խագ­ծե­րու յայ­տեր, որոնք կ՚օգ­նեն տու­ժած երա­խանե­րուն, տե­ղահա­նուած ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ վի­րաւոր­նե­րուն Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Սկզբնա­կան փու­լին յայ­տե­րը կրնաք ու­ղարկել info@auroraprize.com էլեկտրո­նային հաս­ցէին։

Նա­խագ­ծե­րու չա­փանիշ­նե­րը ու ման­րա­մաս­նե­րը կը յստա­կեցո­ւին, որոնց մա­սին կը տե­ղեկաց­նենք լրա­ցու­ցիչ գի­տելիք­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ