Էական հարցադրում ժողովուրդի առողջութեան եւ շուկայի շահերու միջեւ

Թուրքիոյ մէջ պսա­­կաձեւ ժահ­­րի հա­­մավա­­րակը հետզհե­­տէ դուրս եկած է բո­­լոր տե­­սակի հսկե­­լու­­թիւննե­­րէ։ Իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը որ­­քան ալ փոր­­ձեն հա­­մազել թէ յա­­ջողած են հա­­մավա­­րակը հսկե­­լու, ժո­ղովուրդի փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը բո­­լորո­­վին հա­­կառա­­կը կ՚ապա­­ցու­­ցէ։ Հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րը եւ շտա­­պօգ­­նութեան ինքնա­­շարժնե­­րը կը դժուարա­­նան իրենցմէ ակնկա­­լուած ծա­­ռայու­­թիւնը մա­­տու­­ցե­­­լու։ Յատ­­կա­­­պէս բժշկա­­կան դա­­սը շատ ծանր ճնշու­­մի մը ներ­­քեւ կը գտնո­­ւի եւ հա­­մարեա ամէն որ կը լսուին զո­­հուած բժիշկնե­­րու նոր անուններ։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան իր կու­­սակցու­­թեան խորհրդա­­րանի խմբա­­կի ժո­­ղովի աւար­­տին հրա­­պարա­­կեց կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու նոր ցանկ մը, որ ընդհան­­րա­­­պէս կը պա­­րու­­նա­­­կէ զա­­նազան ար­­գելքներ։ Այսպէս առ­­ցանց ու­­սուցման դրու­­թիւնը կը գոր­­ծադրո­­ւի բո­­լոր դպրոց­­նե­­­րէ ներս մին­­չեւ տա­­րեվերջ։ Մար­­զա­­­կան մրցումնե­­րը կը կա­­յանան առանց դի­­տողի։ Շար­­ժարնկա­­րի ու թատ­­րո­­­նի սրահ­­նե­­­րը նոյնպէս փակ կը մնան մին­­չեւ տա­­րեվերջ։ Նոյնպէս փակ կը մնան ճա­­շարան­­նե­­­րը ու սրճա­­րան­­նե­­­րը։ Ճա­­շարան­­նե­­­րուն կը պար­­տադրո­­ւի միայն պա­­տուի­­րուած սնունդը առա­­քել յա­­ճախոր­­դի հաս­­ցէ­­­ներուն եւ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս յա­­ճախորդ չըն­­դունիլ իրենց տա­­րած­­քին մէջ։ Սահ­­մա­­­նափա­­կուած է նաեւ 65 տա­­րեկա­­նը ան­­ձե­­­րու եւ 20 տա­­րեկա­­նէն աւե­­լի կրտսեր ու աշ­­խա­­­տու­­նակ չե­­ղող­­նե­­­րու փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ժա­­մերը։ Միւս կող­­մէ բժշկա­­գիտու­­թեան հետ առնչո­­ւած հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ եւ ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւններ կա­­ռավա­­րու­­թեան կոչ կ՚ուղղեն նո­­ւազա­­գոյն 15 օրո­­ւայ ժամ­­կէ­­­տով ընդհա­­նուր մե­­կու­­սա­­­ցում յայ­­տա­­­րարե­­լու հա­­մար։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի նժա­­րի վրայ են հա­­սարա­­կու­­թեան առող­­ջութիւ­­նը եւ շու­­կա­­­յի շա­­հը։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այդ եր­­կընտրան­­քի մէջ կը շա­­րու­­նա­­­կէ նա­­խապա­­տուու­­թիւնը տալ երկրի ար­­դէն ճգնա­­ժամի մատ­­նո­­ւած տնտե­­սու­­թեան ի նպաստ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ