Ոչ եւս է Սեպուհ Սրբազան Չուլճեան

19Նոյեմբեր հինգշաբթի առաւօտ Քովիտ 19-ով վա­­րակո­­ւած Գու­­գա­­­րաց Թե­­մի առաջ­­նորդ Սե­­պուտ Արք. Չուլճեան կնքեց իր մահ­­կա­­­նացուն հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ։

Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միածի­­նը հա­­ղոր­­դեց տխուր լու­­րը, որ խոր սու­­գի մատ­­նեց զինք սի­­րող բազ­­մա­­­թիւ ժո­­ղովուրդը։

Սե­­պուհ Արք. Չուլճեան յատ­­կա­­­պէս իր պաշ­­տօ­­­նավա­­րած Վա­­նաձո­­րի մէջ ու­­նե­­­ցած էր բե­­ղուն աշ­­խա­­­տանք, մա­­նաւանդ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լով ման­­կա­­­կան ճամ­­բար մը, ուր ամա­­ռուայ ամիս­­նե­­­րուն կը հիւ­­րընկա­­լէր բազ­­մա­­­հարիւր երա­­խաներ ազ­­գա­­­յին ու հա­­գեւոր դաս­­տիարա­­կու­­թեան կող­­քին ապա­­հովե­­լով անոնց հա­­ճելի ժա­­ման­­ցը։

Սե­­պուհ Արք. Չուլճեան Պոլ­­սոյ Պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թիւննե­­րուն մէջ առա­­ջադ­­րած էր իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը, սա­­կայն Գա­­րեգին Արք. Պէք­­ճեանի տե­­ղապա­­հու­­թեան ար­­գելք հան­­դի­­­սացող մութ շրջա­­նակ­­ներ դա­­ւադ­­րա­­­կան ծրա­­գիր­­նե­­­րով խա­­փանե­­ցին նաեւ Չուլճեան Սրբա­­զանի թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը։

Թաղ­­ման կար­­գը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 24 Նո­­յեմ­­բեր Երեք­­շաբթի օր Վա­­նաձո­­րի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ, որու շրջա­­փակին հո­­ղին յանձնո­­ւեցաւ նո­­ւիրեալ Սրբա­­զանի մար­­մի­­­նը։

Այս առ­­թիւ «Ակօս»ի անձնա­­կազմն ալ կը բաժ­­նէ այդ ծանր կսկի­­ծը, քա­­նի որ սրբա­­զանի Պո­­լիս գտնո­­ւած օրե­­րուն մեր խմբագ­­րա­­­տան մէջ վա­­յելած էինք իր մտեր­­մութիւ­­նը։

Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեցին Սե­­պուհ Արք. Չուլճեանի մա­­հով կը կորսնցնէ իր նո­­ւիրեալ մէկ ուխտա­­ւորը, յի­­շեց­­նե­­­լով Պա­­րոյր Սե­­ւակի Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետին հա­­մար ըսած խօս­­քե­­­րը. «Պիպ­­լիական մի գա­­ւազան, որ ուր դի­­պաւ աղ­­բիւր հա­­նեց»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ