Քեզ երբեք պիտի չմոռնանք

Սիրե­լի Սե­պուհ Սրբա­զան քու մա­հո­­ւան գոյ­­ժը չես կրնար գիտ­­նալ թէ որ­­քան դառն էր ին­­ծի հա­­մար։ Բազ­­մա­­­պատ­­կո­­­ւած վիշ­­տեր կ՚ապ­­րինք այս օրե­­րուս։ Կար­­ծես չէր բա­­ւեր հա­­մավա­­րակի պատ­ճա­ռած կսկի­ծը, անոր վրայ եկաւ աւել­նա­լու շատ աւե­լի ցա­ւալի պա­տերազ­մը։ Այս եր­կուքին իրա­րու հետ հա­մընկնու­մով ահա դուն ալ ին­կար։ Չէ որ սրտէդ ու հա­ւատ­քէդ եկող նո­ւիրու­մով հի­ւանդնե­րուն, մա­հացած­նե­րուն, սպա­նուած­նե­րուն կող­քին էիր։ Քու այդ անսպառ աշ­խա­տահ­սի­րու­թեամբ բա­րի հետ­քեր թո­ղուցիր, շատ մարդկանց դպչար։ Վեր­ջին ան­գամ Գը­նալը Կղզիի եկե­ղեց­ւոյ մէջ պատ­րիար­քա­կան խար­դա­խու­թիւննե­րուն փո­թոր­կած օրե­րուն եկե­ղեց­ւոյ խո­րանէն ար­տա­սանած քա­րոզդ կը յի­շեմ։ «Աշ­խարհիկ թէ հո­գեւոր ամէն նիւ­թի մէջ ազ­նիւ եւ ու­ղիղ եղէք։ Այս է ար­ժե­քաւոր եղա­ծը թէ մարդկանց եւ թէ Աս­տուծոյ հա­մար»։ Եր­բեք չեմ մոռ­նար քու արդ քա­րոզդ լսող ժո­ղովուրդի ար­ցունքոտ աչ­քե­րը։ Այդ նոյն ամառ 18 Օգոս­տոս 2018-ին Կիւ­մրի քա­ղաքին մէջ Ալ­պերտ Սե­ւինչ Հա­տոտո­յի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զապուրծ փրկո­ւած մեծ հօր յի­շատա­կին կա­ռու­ցո­ւած «Որ­դիկ Կուլպէն­կեան Ծե­րանոց»ի դրան առ­ջեւ քեզ տե­սած ու կար­ծես հայրս տե­սած ըլ­լա­լու նման քովդ վա­զելով փաթ­թո­ւած էի։ Այդ պա­հուն շուրջբո­լորս հա­ւաքո­ւած մար­դոց հան­դէպ մատ­նո­ւած ամօթ­խա­ծու­թիւնս չեմ մոռ­նար։

Սրբա­զան Հայր չեմ մոռ­նար քու հեզ հայ­րախնամ սէրդ։ Յի­շատակդ ան­թա­ռամ է իմ մօտ եւ միշտ սէր ու հար­գանքով պի­տի յի­շենք ձեզ։

Ռաքել Տինք

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ