Կը մեկնարկէ ատելութեան եւ խտրականութեան բանախօսութիւնը

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութեամբ, Ֆրե­տերիխ Նու­ման Հիմ­նարկի եւ Շո­ւէտի Արտ. Գործ Նա­խարա­րու­թեան աջակ­ցութեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Ատե­լու­թեան եւ Խտրա­կանու­թեան Մի­ջազ­գա­յին Բա­նախօ­սու­թիւ»ը կը կա­յանայ 11-12 Դեկ­տեմբեր 2020 թո­ւակա­նին առ­ցանց դրու­թեամբ։ Հաս­արա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն, ակա­դեմա­կան­նե­րուն, իրա­ւագէտ­նե­րուն՞ արհմիու­թիւննե­րուն եւ լրագ­րողնե­րուն մէկ­տե­ղու­մով կա­յացող եր­կօ­րեայ բա­նախօ­սու­թեան ըն­թացքին կը քննար­կո­ւի թէ ակա­դեմա­կան աշ­խա­տանքնե­րը եւ թէ պայ­քա­րի գործնա­կան եղա­նակ­նե­րը։

Ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին բե­ւեռա­ցու­մի եւ ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րու աճած մէկ շրջա­նին կա­յացող բա­նախօ­սու­թեան Թուրքիայէն եւ ար­տերկրէն խտա­րակա­նու­թեան, ցե­ղապաշ­տութեան՞ գաղ­թա­կանու­թեան, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու եւ մար­դու իրա­ւունքնե­րու ոլորտնե­րու մէջ աշ­խա­տու­թիւններ տա­նող մաս­նա­գէտ­ներ եւ ակա­դեմա­կան­ներ պի­տի մաս­նակցին։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը այս մա­սին յայ­տա­րարու­թիւն մը ընե­լով կը նշէ թէ եր­կօ­րեայ նիս­տե­րու ըն­թացքին ակա­դեմա­կան­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ զրու­ցե­լու, միաս­նա­բար խորհրդակ­ցե­լու, հար­ցումներ ուղղե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է նա­խապէս գրան­ցումը։

Բա­նախօ­սու­թեան մաս­նակցիլ ցան­կա­ցող­նե­րը կրնան իրենց ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը կա­տարել https://hrantdink.org/tr/asulis/faaliyetler/konferans կայ­քէ­ջի մի­ջոցաւ։

Բա­նախօ­սու­թեան գի­տական խոր­հուրդին մաս կը կազ­մեն Մութլու Պի­նարք, Այ­տէն Ուայթ, Քե­նան Չա­յըր, Քե­նըթ Շթէյռն, Ռութ Ուո­տակ, Մե­լեք Կէօրէ­կեն­լի եւ Այ­շէ Քա­տըօղլու։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ