«թատերական յիշողութիւն մը. Յակոբ Այվազ»

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի նա­խաձեռ­նութեամբ, Թուրքիոյ Թատ­րո­նի Հիմ­նարկի, «Եափը Քրե­տի» մշա­կու­թեանին հրա­տակ­չութեան հա­մագոր­ծակցու­թեամբ, «Քրէսթ» հիմ­նարկի, Հոլ­լանտա­յի եւ Ֆրան­սա­յի Հիւ­պա­տասա­րան­նե­րու աջակ­ցութեամբ կը կա­յանայ «Քու­լիս՝ Թատ­երական Յի­շողու­թիւն մը, Յա­կոբ Այ­վազ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ար­խի­ւային նիւ­թե­րով պատ­րաստո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սին կա­րելի է հե­տեւիլ 15 Դեկ­տեմբեր 2020- 21 Փետ­րո­ւար 2021 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ, «Եափը Քրե­տի» դրա­մատան Կա­լաթա­սարա­յի ցու­ցասրա­հին մէջ։ Յա­կոբ Այ­վա­զի 2006 թո­ւակա­նի մա­հէն ետք իր ար­խի­ւային նիւ­թե­րը յանձնո­ւեցան նախ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թին եւ ապա Հրանդ Տինք հիմ­նարկին։

Արխիւի մէջ օսմաներէն, հայերէն եւ թրքերէն մօտ 600 ձեռագիր ըամ տպագրուած թատրերգութիւն, աւելի քան 500 հայերէն կամ թրքերէն պարբերականներու կողքին լուսանկարներէ, որմանկարներէ, երգիծանկարներէ բաղկացող 12 հազար տեսանիւթ կը կազմեն արխիւի ընդհանուր բովանդակութիւնը։ Արխիւը ալ աւեի ճոխացաւ 2019-ին հիմնարկին յանձնուած կարգ մը անհատական իրերով, ստացած մրցանակներով եւ 1946-1996 թուականներու միջեւ հրատարակուած «Քուլիս» պարբերականի 1104 համարներ կազմող լիակատար հաւաքածոյով։ Հրանդ Տինք Հիմնարկը անցնող ժամանկի ընթացքին բոլոր այս հաւաքածոն ցանկագրեց եւ թուայնացուց։ Այսպէսով մեր դիմաց կայ ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերուն հասնող դերասաններու, թատերախումբերու մասին բազմաթիւ գիտելիքներ։ Այվազ իր երիտասարդութեան տարիներէն սկսելով հաւաքած գիրքերը, պարբերականները լուսանկարները պարունակող աշխատասենեակը կը կոչէր «Իմ դրախտը»։

Երեք բաժանումով
ցուցահանդէս մը

«Քու­լիս՝ թատ­երական յի­շողու­թիւնը ոը Յա­կոբ Այ­վազ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը բաղ­կա­նայ երեք բա­ժին­նե­րէ։

Առա­ջին բաժ­նի մէջ լու­սարձա­կի տակ կ՚առ­նո­ւին Յա­կոբ Այ­վա­զի պա­տանու­թեան տա­րինե­րէն ձե­ւաւո­րուած թա­տերա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րը, սիւ­նա­կագ­րութե­նէ դէ­պի հրա­տարակ­չութիւն ծա­ւալող կեան­քի ըն­թացքին Իս­թանպու­լի հա­յերէն թատ­րո­նի ար­տադրու­թիւննե­րը։

Երկրորդ բաժ­նի մէջ կը տես­նենք Այ­վա­զի յի­սուն տա­րիներ անընդհատ հրա­տարա­կած եւ ազ­դե­ցու­թիւննե­րը Թուրքիոյ սահ­մաննե­րը գե­րազան­ցող պար­բե­րակա­նի նիւ­թե­րը։ Վեր­ջին հա­տուա­ծին մէջ Օս­մա­նեան եւ Թրքա­կան թատ­րո­նի պատ­մութեան մէջ մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցած արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու, խումբե­րու, բե­մադ­րութիւննե­րու եւ վայ­րե­րու մա­սին նիւ­թեր։

«Եափը Քրե­տի» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ ցու­ցա­հան­դէ­սի հետ նոյն անու­նը կրող անգլե­րէն-թրքե­րէն երկլե­զու գիրք մըն ալ պատ­րաստո­ւած է, որ Թուրքիոյ թա­տերա­կան պատ­մութիւ­նը որոշ բազ­մա­զանու­թեան մէջ ըն­կա­լելու առիթ կը կ՚ընձե­ռէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ