Համավարակի նոր կանխամիջոցներ

Պսակա­ձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը յան­կարծա­կի ոս­տում մը ար­ձա­նագ­րեց Թուրքիոյ մէջ, շնոր­հիւ Առող­ջա­պահա­կան Նա­խարա­րու­թեան ամե­նօրեայ վա­րակուած­նե­րու թի­ւերու յստակ հրա­պարա­կու­մով։ Մին­չեւ շա­բաթ մը առաջ Նա­խարա­րու­թիւնը կը խու­սա­փէր թես­տա­ւորումնե­րը դրա­կան յայտնո­ւած­նե­րու թի­ւերը հրա­պարա­կելէ։ Այլ նկա­տի կ՚ու­նե­նար միայն հի­ւան­դա­նոցի բուժման են­թարկո­ւած­նե­րը։

Այս նոր զար­գա­ցու­մով Թուրքիա կը ներ­կա­յաց­նէ վա­րակ­ման երկրորդ) ամե­նաբարձր թո­ւան­շա­նը։ Առա­ջին հո­րիզո­նակա­նին վրայ կը գտնո­ւի ԱՄն, որուն կը յա­ջոր­դեն Թուրքիա, Հնդկաս­տան, Պրա­զիլ եւ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը։ Իսկ բնակ­չութեան հետ հա­մեմա­տելով Թուրքիա կը գտնո­ւի առա­ջին հո­րիզո­նակա­նին վրայ։

Այս զար­գա­ցու­մը տե­ղի տո­ւաւ նոր կան­խա­միջոց­նե­րու հրա­պարակ­ման։ Ար­դա­րեւ Նա­խագահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարեց թէ երե­կոյեան ժա­մը 21.00-էն մին­չեւ առա­ւօտո­ւայ 05.00 փո­ղոց ել­լե­լու ար­գելք կը հռչա­կուի բա­ցի անհրա­ժեշտ ծա­ռայու­թիւն մա­տու­ցողնե­րէ բո­լոր երկրի տա­րած­քին։ Իսկ շա­բաթա­վեր­ջի եր­կու օրե­րուն նոյն ար­գելքը կը կա­տարուի շուրջօ­րեայ։ Այ­սինքն հա­սարա­կու­թիւնը ուրբաթ երե­կոյէն մին­չեւ եր­կուշաբ­թի առա­ւօտ պի­տի զրկո­ւի փո­ղոց ել­լե­լէ։ Մաս­նա­գէտ­ներ ան­բա­ւարար կը գտնեն այս կան­խա­միջո­ցը եւ կը յանձնա­րարեն առ­նո­ւազն եր­կու շա­բաթո­ւայ մե­կու­սա­ցու­մը։ Սա­կայն իշ­խա­նու­թիւնը խու­սա­փելով նման ար­գելքի մը շու­կա­ներու վրայ ստեղ­ծե­լիք ճգնա­ժամէն, կը մեր­ժէ այս առա­ջար­կը։ Հե­տեւա­բար շու­կա­յի շա­հը եւ հա­սարա­կու­թեան առող­ջութիւ­նը կրկին ան­գամ հա­կադ­րո­ւած կ՚ըլ­լան իրա­րու հան­դէպ եւ նա­խապա­տուու­թիւնը կը տրո­ւի առեւ­տուրին եւ ար­դիւնա­բերու­թեան։

Այս մա­սին Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանն ալ կ՚ու­նե­նայ որոշ կար­գադրու­թիւններ, որոնց մա­սին Պատ­րիար­քա­կան զե­կոյ­ցը կա­րելի է տես­նել թեր­թիս հա­յերէն Դ. էջին վրայ։

Միւս կող­մէ Պատ­րիար­քա­րանը կը հա­ղոր­դէ թէ վեր­ջին եր­կու ամիս­նե­րու ըն­թացքին հա­մավա­րակի բեր­մամբ մա­հացող­նե­րու թի­ւը հա­սած է 66-ի։ Իր կար­գին բա­ւական ծանր կո­րուստ մը, նկա­տի ու­նե­նալով Պոլ­սա­հայոց ար­դէն նօս­րա­ցած ընդհա­նուր բնակչութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ