Յաղթանակը ծնաւ պարտութիւն

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Կեանքի մէջ իւ­­րա­­­քան­­չիւր երե­­ւոյթ ու­­նի նաեւ իր հա­­կասա­­կան դրսե­­ւորու­­մը։ Յաղ­­թա­­­նակը միշտ չէ որ բա­­րիք կը պար­­գե­­­ւէ։ Ընդ հա­­կառա­­կը կան չա­­րիք­­ներ, որոնք նոյնինքն յաղ­­թա­­­նակի հե­­տեւանքներն են։ Հա­­յերս յաղ­­թե­­­ցինք Ար­­ցա­­­խեան առա­­ջին պա­­տերազ­­մին։ Այդ յաղ­­թա­­­նակը մեծ ոգե­­ւորու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցուց ամ­­բողջ ժո­­ղովուրդի մօտ։ Չէ որ պատ­­մութեան եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ետք առա­­ջին ան­­գամ պար­­տութեան մատ­­նած էինք թշնա­­մին, աւե­­լին նոր տա­­րածքներ ձեռքբե­­րած։ Այդ ոգե­­ւորու­­թեամբ տա­­րուած, սկսած էինք փա­­ռաբա­­նել ռազ­­մը եւ բռնի ու­­ժը։ Նո­­րան­­կախ պե­­տու­­թիւնը սթա­­փելով նախ­­կին Խորհրդա­­յին տա­­րինե­­րու քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէն իս­­կոյն հա­­մակեր­­պած էր նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րու թե­­լադ­­րանքին։ Մշա­­կու­­թեային, գե­­ղարուես­­տա­­­կան, գրա­­կանու­­թեան ոլորտնե­­րու մէջ սկսած էր ժո­­ղովուրդնե­­րու բա­­րեկա­­մու­­թեան եւ միատեղ կե­­ցու­­թեան մարդկա­­յին ըմբռնու­­մի մեր­­ժումը։

Հա­­յաս­­տան այդ օրե­­րուն կորսնցուց իր երկրի մե­­ծագոյն փոք­­րա­­­մաս­­նութիւ­­նը։ Հա­­յաս­­տա­­­նաբ­­նակ աւե­­լի քան 200 հա­­զար Ատրպէյ­­ճանցի­­ներ հար­­կադրա­­բար լքե­­ցին իրենց հայ­­րե­­­նի օճա­­խը եւ ապաս­­տա­­­նեցան հա­­րեւան եր­­կիր։ Նոյ­­նը պա­­տահե­­ցաւ ատրպէյ­­ճա­­­նաբ­­նակ հա­­յերու հաշ­­ւոյն։ Յատ­­կա­­­պէս Սումկա­­յիթի եւ Պա­­քուի ջար­­դե­­­րուն հե­­տեւան­­քով ատրպէյ­­ճա­­­նաբ­­նակ բազ­­մա­­­թիւ հա­­յեր եւս հար­­կադրո­­ւեցան լքել իրենց պա­­պենա­­կան տնե­­րը եւ ապաս­­տա­­­նիլ Հա­­յաս­­տան։ Այդ երե­­ւոյ­­թը «Գլխա­­ւոր Ոզնի» կո­­չու­­մով ծա­­նօթ Արա­­մայիս Սա­­հակեան կը բնու­­թագրէր «Մա­­սիս քա­­ղաքը մաք­­րո­­­ւեցաւ» ըսե­­լով։ Մեծ եր­­գի­­­ծաբա­­նը այդ պա­­հուն չէր անդրա­­դառ­­նար թէ նման մաք­­րա­­­գոր­­ծութեան հե­­տեւան­­քով ինչ կեղ­­տոտ ու կեղծ հե­­րոս­­ներ փոր­­ձանք կը դառ­­նա­­­յին Հա­­յաս­­տան երկրի ու հայ ժո­­ղովուրդի գլխուն։ Յաղ­­թա­­­նակի հար­­բա­­­ծու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն գո­­յացած էին իբ­­րեւ թէ (ազա­­տամար­­տիկնե­­րը) հրոսախումբեր, որոնք ինքնա­­ցիք հրա­­ցան­­նե­­­րը ու­­սերնուն, անիշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­սարակ ու սո­­վորա­­կան պատ­­կեր մը կը պար­­զէին քա­­ղաքին մէջ։ Տնտե­­սական ճգնա­­ժամի այդ տա­­րինե­­րուն տո­ւեալ հրո­­սախումբե­­րը 5-6 ինքնա­­շարժնե­­րու շա­­րասիւ­­նով կը շրջէին քա­­ղաքին մէջ, կը մտնէին ցան­­կա­­­ցած խա­­նութ, կը վերցնէին այն ինչ որ կ՚ու­­զեն եւ առանց փո­­ղը վճա­­րելու դուրս կ՚ել­­լէին։

Լե­­ւոն Տէր Պետ­­րո­­­սեանի նա­­խագա­­հու­­թեան առա­­ջին տա­­րիներն էր, երբ տա­­կաւին չէր կա­­ռու­­ցո­­­ւած երկրի օրի­­նական բա­­նակը։ Հե­­տեւա­­բար կա­­ռավա­­րու­­թեան առ­­ջեւ ցցո­­ւած կա­­րեւո­­րագոյն մար­­տահրա­­ւէրն էր այդ հրո­­սախումբե­­րը կազ­­մա­­­լու­­ծել եւ զէն­­քը վար դնել չու­­զողնե­­րը հրա­­ւիրել նո­­րակազմ բա­­նակի շար­­քե­­­րուն մաս­­նակցե­­լու։

Այդ ուղղու­­թեամբ մեծ ծա­­ռայու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ աւե­­լի ետք ինքն ալ վի­­ճայա­­րոյց յի­­շատակ մը թո­­ղած Վա­­նօ Սի­­րադե­­ղեանը։ Կա­­րելի է ըսել թէ շուրջ երե­­սուն տա­­րիներ հայ ժո­­ղովուրդի արիւ­­նը ծծող օլի­­կարխնե­­րու հա­­մակար­­գը հե­­տեւանքն էր յաղ­­թա­­­նակին։ Այդ հրո­­սախումբե­­րու վառ օրի­­նակ­­նե­­­րէն մէ­­կը կա­­րելի է հա­­մարել «Էջ­­միած­­նի Ման­­վէլ»ը։ Ան փո­­խանակ զէն­­քը վար դնե­­լու յա­­ջողե­­ցաւ իր յան­­ցա­­­գործ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը շա­­րու­­նա­­­կել մին­­չեւ Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թիւն։ Յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէ ետք հայ ժո­­ղովուրդի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը նող­­կանքով վե­­րահա­­սու եղան անոր կա­­տարած չա­­րիք­­նե­­­րուն, մար­­դասպա­­նու­­թիւննե­­րուն եւ կո­­ղոպու­­տին։ Այս իրո­­ղու­­թիւնով հան­­դերձ Էջ­­միած­­նի մէջ եր­­բեք քիչ չէին իր օգ­­նութիւննե­­րը վա­­յելած մար­­դիկ, որոնք բո­­լոր հրա­­պարա­­կումնե­­րով հան­­դերձ կը շա­­րու­­նա­­­կէին հա­­ւատար­­մօ­­­րէն պաշտպա­­նել իրենց Կե­­ներալ Ման­­վէ­­­լը։ «Այս փո­­ղոց­­նե­­­րը լրիւ ցե­­խապատ էին եւ Կե­­ներալն է որ աս­­ֆալթա­­պատեց քա­­ղաքը» կ՚ըսէր էջ­­միած­­նե­­­ցի միամիտ մը։ Այս ալ հասկնա­­լի էր։ Պե­­տակա­­նու­­թեան գա­­ղափա­­րը իւ­­րացնե­­լէ զուրկ ան­­հա­­­տը, երբ տա­­րուած էր իրեն մա­­տու­­ցո­­­ւած պնա­­կը լզե­­լու, այդ պա­­հուն պի­­տի չանդրա­­դառ­­նար թէ նոյն Ման­­վէ­­­լի ձեռ­­քը մտած է իր գրպա­­նին եւ կը դա­­տար­­կեցնէ։ Այս ալ լոկ մե­­զի յա­­տուկ երե­­ւոյթ մը չէ։ Հա­­ռաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յի մէջ նար­­քօ­­­պարոն­­նե­­­րը այդ ճամ­­բով է, որ ապա­­հոված են հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մակ­­րանքը եւ ու­­նին իրենց հա­­մար պայ­­քա­­­րելու կազմ ու պատ­­րաստ բիւ­­րա­­­ւոր ժո­­ղովուրդ։

Վե­­րադառ­­նա­­­լով յաղ­­թա­­­նակի չար հե­­տեւանքնե­­րուն, երբ մեր ամ­­բողջ մտա­­ւորա­­կանու­­թիւնը եւ քա­­ղաքա­­գէտ­­նե­­­րը ճա­­րահա­­տու­­թեամբ կը դի­­տէին երկրի բնակ­­չութեան ար­­տա­­­գաղ­­թը, դոյզն իսկ չէին խոր­­հեր Շու­­շիէն վտա­­րուած Ատրպէյ­­ճա­­­ցինե­­րու տա­­ռապան­­քին մա­­սին։ Այ­­սօր տես­­նե­­­լով Քար­­վա­­­ճարէն վտա­­րուած հա­­յերու վիշ­­տը, կա­­րելի էր պատ­­կե­­­րաց­­նել երե­­սուն տա­­րի առաջ ու­­րիշնե­­րու կրած կսկի­­ծը։

Յաղ­­թա­­­նակը իր հետ բե­­րած էր չա­­րիք­­ներ։ Հա­­պա ի՞նչ ըսենք որ, պար­­տութիւ­­նը եւս կը ծնի չա­­րիք եւ ան­­ցեալի ապազ­­գա­­­յին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու մնա­­ցոր­­դացը այ­­սօր կ՚ու­­զեն ու­­տել վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեանը։ Սա պա­­հուն ծա­­գած է վրէ­­ժի յոյ­­սը, թէ օլի­­կար­­խա­­­կան հա­­մակար­­գի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն, թէ Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան օրե­­րուն հա­­լածան­­քի մատ­­նո­­­ւած Կա­­թողի­­կոսին եւ թէ ժո­­ղովուրդին խոս­­տա­­­նալիք ոչինչ ու­­նե­­­ցող ան­­ցեալի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն հա­­մար։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի հայ ժո­­ղովուրդի առ­­ջեւ դրո­­ւած այժմու մե­­ծագոյն մար­­տահրա­­ւէրը գո­­յացած այդ չարիքը վե­­րաց­­նելն է։ Հա­­զիւ այդպէս պի­­տի յաջողինք Հա­­յաս­­տա­­նի լու­սա­ւոր ապա­գան կա­ռու­ցե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ