Կը սպասուի դատախազի եզրակացութիւնը

Պետա­կան պաշ­տօ­նեանե­րու դա­տավա­րու­թիւնով ըն­թա­ցող Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան խնդի­րը ան­գամ մը եւս դա­տարան կու գայ 15 Դեկ­տեմբեր երեք­շաբթի օր։ 24 Նո­յեմ­բե­րին կա­տարո­ւած վեր­ջին նիս­տին դա­տախա­զի եզ­րա­կացու­թիւնը պատ­րաստե­լու հա­մար դա­տավա­րու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւած էր 15 Դեկ­տեմբե­րին։ Նկա­տի ու­նե­նալով որ դա­տակազ­մը մեր­ժած էր Տինք ըն­տա­նիքի պա­հանջնե­րը, կա­րելի է են­թադրել թէ դա­տը կը մօ­տենայ աւար­տին։ Այս դա­տի հետ առնչո­ւած Ռա­մազան Աքեիւ­րեք, Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր, Մու­հարրեմ Տե­միր­քա­լէ եւ Էր­ճան Կիւն կը շա­րու­նա­կեն ձեր­բա­կալո­ւած մնա­լու։

Դա­տակա­զմը դա­տական թղթած­րա­րը դա­տախա­զու­թեան ղրկե­լու որո­շու­մէն ետք Տինք ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու ըսաւ հե­տեւեալը. «Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան տա­նող գոր­ծընթա­ցի եւ ոճի­րի մի­ջեւ յա­րատե­ւու­թիւն մը, ամուր կա­պի մը առ­կա­յու­թիւնը յստակ իրո­ղու­թիւն մըն է։ Իս­թանպու­լի Դա­տախա­զու­թիւնը իր կա­տարած հար­ցաքննու­թեան մէջ ան­տե­սած էր ոճի­րին գոր­ծադրու­թեան գե­տին պատ­րաստող յար­ձա­կումնե­րը հար­ցաքննե­լէ։ Իս­թանպու­լի 14-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանն ալ յայ­տա­րարած էր թէ ոճի­րին նա­խոր­դող դէպ­քե­րը հե­ռու պի­տի պա­հէ այս դա­տավա­րու­թե­նէն։ Մենք որ­պէս դա­տավա­րու­թեան կողմ եւ այս դա­տի գերզգա­յուն հա­սարա­կական զան­գո­ւած, այժմէն կը յայ­տա­րարենք թէ հա­մոզիչ պի­տի չգտնենք ար­ձա­կուած վճիռը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ