Համավարակը կը պարտադրէ մրցակցութիւն

Երբ պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակը ալ աւե­լի ծա­ւալե­լով կը սպառ­նայ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան առող­ջութեան, եր­կիրներ ալ կը մրցին իրա­րու հետ իրենց ժո­ղովուրդի բա­ւակա­նաչափ պա­տուաս­տա­նիւթ ապա­հովե­լու հա­մար։ Պա­տուաս­տա­նիւ­թի ար­տադրու­թիւնն ալ ար­դէն ինքնին մրցման նիւթ մը եղած է յատ­կա­պէս զար­գա­ցած եր­կիրնե­րու մի­ջեւ։ Փոր­ձե­րու երեք հանգրո­ւան­նե­րը յա­ջողու­թեամբ ան­ցած պա­տուաստնե­րը յա­ռաջի­կայ օրե­րուն ար­դէն իսկ պի­տի տրա­մադ­րո­ւին որոշ առա­ջահեր­թութիւննե­րու հե­տեւե­լով։ Ընդհա­նուրի ըն­դունած առաջ­նա­հերթ խմբա­կը կը կազ­մեն առող­ջա­պահա­կան ոլոր­տի աշ­խա­տող­նե­րը։ Յա­ջորդ խումբե­րու հա­մար կան տար­բեր մեր­ձե­ցումներ։ Ոմանք կ՚ու­զեն պա­տուաս­տո­ւելու առաջ­նա­հեր­թութիւն տալ տա­րեց քա­ղաքա­ցինե­րուն, քա­նի անոնք կը նկա­տուին նաեւ բարձր ռիս­քա­յին խումբ։ Մինչ այդ ու­րիշներ ալ կ՚առա­ջար­կեն նախ եւ առաջ աշ­խա­տու­նակ հա­սարա­կու­թիւնը պա­տուաս­տել, քա­նի այս խումբը աւե­լի շատ կ՚օգ­տո­ւի հան­րա­յին փո­խադ­րա­միջոց­նե­րէ եւ կ՚աշ­խա­տի բազ­մա­մարդ կա­ռոյցնե­րու մէջ։ Էական խնդի­րը կը շեշ­տո­ւի բա­ւակա­նաչափ պա­տուաս­տի պա­շար ու­նե­նալով։ Այժմ տե­ղեակ ենք թէ Գա­նատա իր կնքած հա­մաձայ­նութիւննե­րով ար­դէն ապա­հոված է երկրի բնակ­չութեան հնգա­պատիկ պա­տուաստներ։ Փո­խարէ­նը Թուրքիա ի դէմ իր 83 մի­լիոն բնակ­չութեան ապա­հոված է չի­նական ար­տադրու­թեամբ Սի­լովակ մակ­նի­շի պա­տուաստնե­րէն 50 մի­լիոն օրի­նակ։

Նշենք որ մաս­նա­գէտ­ներ խոր­հուրդ կու տան երեք շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին ստա­նալ եր­կու ան­գամ պա­տուաս­տում, որ պի­տի կրնայ չէ­զոքաց­նել ժահ­րի փոր­ձանքա­բեր հե­տեւանքնե­րը։

Միւս կող­մէ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մօտ ընդհա­նուր անվստա­հու­թիւն մը կը տի­րէ չի­նական ար­տադրու­թեան հան­դէպ։ Ժո­ղովուրդը շու­կա­յական փոր­ձա­րու­թեամբ կ՚որսնցու­ցած է չի­նական ար­տադրու­թեան հան­դէպ վստա­հու­թիւնը, որուն գլխա­ւոր ազ­դա­կը, նոյն ինքն սպա­ռող­ներն են, որոնք նա­խապա­տուու­թիւն կու տան գի­նին, այլ ոչ թէ որա­կին։ Չի­նաս­տան ար­տա­կար­գօ­րէն աժան ար­տադրու­թիւնով կը հրա­պու­րէ հա­մաշ­խարհա­յին շու­կան։ Այդ գի­նին տի­րանա­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է որա­կի խնա­յողու­թիւնը։ Չի­նացի­ներ զա­նազան ապ­րանքնե­րու մէջ սպա­ռողին կը մա­տու­ցեն տար­բեր որա­կի ար­տադրու­թիններ, որոնց գի­նը բնա­կանա­բար կը բարձրա­նայ որա­կի բա­րելաւ­ման զու­գա­հեռ։ Կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել հաս­տա­տելով թէ հա­մավա­րակը տա­կաւին եր­կար ժա­մանակ պի­տի զբա­ղեց­նէ հա­մաշ­խարհա­յին օրա­կար­գը իր տար­բեր երե­սակ­նե­րով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ