ՊԱՐՍԱՒԱՆՔ

«Քաղաքագէտներից
ոմանք ջուր են պղտորում,

միւսները պղտոր ջրում
ձուկ են որսում, իսկ

ուրիշներ՝ ջուրը պղտորում են,
որ ձուկ որսան»։

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Խոր կսկի­­ծով կը տե­­ղեկա­­նանք, որ Երե­­ւան քաօսա­­յին մղձա­­ւանջ է եւ տի­­րող տրա­­մաբա­­նու­­թիւնը պար­­սա­­­ւանքն է իրար նկատ­­մամբ, ուր կը բա­­ցակա­­յէ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս խո­­հեմ եւ իմաս­­տուն յար­­գանքի մարդկա­­յին յատ­­կութիւ­­նը։ Կա­­րելի է ար­­դեօք այս երե­­ւոյ­­թը բա­­ցատ­­րել պա­­տերազմի դժբախտ աւար­­տով, կամ մա­­սամբ հա­­մաճա­­րակի ստեղ­­ծած ան­­բա­­­րեն­­պաստ մթնո­­լոր­­տով։ Ան­­ձամբ կը կար­­ծեմ, թէ անոնք գռգրիչ ըլ­­լա­­­լով կը ստեղ­­ծեն ոչ բա­­րեն­­պաստ հո­­գեբա­­նական լա­­րուա­­ծու­­թիւն, բայց չեն կրնար փո­­խել բա­­նակա­­նու­­թիւնը եւ ընդհա­­նուր գի­­տակ­­ցութիւ­­նը շա­­հի նկատ­­մամբ։ Այ­­սօր փո­­ղոցի ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րու միակ եւ հիմ­­նա­­­կան կո­­չը հրա­­ժարա­­կանն է, ուր ամ­­բո­­­խի մաս կը կազ­­մեն անձնա­­ւորու­­թիւններ, որոնք կրնա­­յին աւե­­լի ճիշդ եւ տրա­­մաբա­­նական ըլ­­լալ, եթէ պար­­զա­­­պէս լռէին եւ մնա­­յին տաս­­նա­­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ իրենց նա­­խընտրած երկրի թա­­լանի եւ ոչին­­չի հետ կապ չու­­նե­­­նալու վի­­ճակին։

Թող նե­­րողա­­միտ ըլ­­լան եւ չզար­­մա­­­նան ոմանք, եթէ իմ հայ ըլ­­լալու հան­­գա­­­ման­­քով եւ բնա­­տուր իրա­­ւունքով հարց տամ, թէ՝ բա­­ցի քա­­ղաքա­­կան ինչ որ բա­­ցառիկ դրդումնե­­րէ, ի՞նչ պատ­­ճառ կրնար ստի­­պել հայ բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւոր տի­­րակալ­­ներ՝ Գա­­րեգին Բ. եւ Արամ-Ա-ին, վար­­չա­­­պետի հրա­­ժարա­­կանի կոչ ընել, եւ ադա­­ման­­դեայ խա­­չը ճա­­կատին քաղա­­քա­­­կան նկու­­ղէն ելած՝ այդ աթո­­ռի թեկ­­նա­­­ծու յայտնո­­ւածի հետ նկա­­րուիլ եւ սփռել։

Իմ կար­­ծի­­­քով, քայ­­լը առա­­ջադ­­րանք է՝ ձե­­ռագի­­րը ծա­­նօթ, որ ոչ մէկ կապ ու­­նի մթնո­­լոր­­տը հան­­դարտեց­­նե­­­լու իմաս­­տով, փո­­խարէ­­նը ան կը հաս­­տա­­­տէ իր իսկ հրա­­ժարա­­կանը պա­­հան­­ջողնե­­րու իրա­­ւացիու­­թիւնը։

Նոյնքան ցա­­ւալի է, որ նոյն քայ­­լին կը դի­­մեն պա­­տաս­­խա­­­նատու­­ներ՝ ի Ան­­թի­­­լիաս եւ սփիւռքի, բա­­զում թե­­մերու, հո­­գեւոր առաջ­­նորդներ՝ հա­­ւանա­­բար Արամ Ա-ի հրա­­մանով եւ օրհնու­­թեամբ, ինչ որ քա­­ղաքա­­կան ստոր ճնշումնե­­րու հե­­տեւանք կա­­րող է ըլ­­լալ։ Անոնց տխմա­­րաբար միացաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի «համ­­բա­­­ւաւոր» գլխա­­ւոր տնօ­­րէն՝ Պերճ Սեդ­­րա­­­կեանը, որ փա­­ռաւոր կեր­­պով դպրոց­­ներ փա­­կեց, որոնց շար­­քին Մել­­քո­­­նեանը իր փա­­ռաւոր վաս­­տա­­­կով։ Ո՞րու կը ծա­­ռայեն ասոնք, երկրի՞ն, թէ...։ Ո՞վ տո­­ւաւ այդ ան­­բե­­­կանե­­լի հրա­­մանը։

Ինչպէս հասկնալ, հաշ­­տո­­­ւիլ որ եր­­կի­­­րը փրկո­­ղի թեկ­­նա­­­ծուն խստօ­­րէն կը յայ­­տա­­­րարէ, «Նի­­կոլը պի­­տի հե­­ռանայ կամ­­քով, թէ չէ՝ կը հե­­ռանայ զօ­­ռով, այլ կերպ ժո­­ղովուրդը կը յո­­շոտի նրան»։

Բազ­­միցս ըսած ենք ու դար­­ձեալ պի­­տի կրկնենք, որ վար­­չա­­­պետի սխալ­­նե­­­րէն կա­­րեւո­­րագոյ­­նը այն է, կառ­­չած մնա­­լով իր թաւ­­շեայ թոյլ գա­­ղափա­­րին, անհրա­­ժեշտ, մագ­­րա­­­գոր­­ծումներ չը­­րաւ եւ թո­­ղուց, որ կի­­սաթագ­­նո­­­ւած աւա­­զակ­­նե­­­րը բար­­գա­­­ւաճին եւ այ­­սօր ընդդի­­մադիր բա­­նակ ստեղ­­ծեն որոնք, մո­­լուցքով տա­­րուած դեռ չեն հասկցած, որ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը այլ ծա­­ւալի է՝ հա­­մապա­­տաս­­խան չէ իրենց տգի­­տու­­թեան եւ իշ­­խա­­­նատեն­­չութեան։

Նախ­­կիննե­­րու կողմ ոտ­­քի կանգնած մի քա­­նի շա­­հագրգիռ ճար­­պիկ ան­­ձեր, որ հե­­ռու, շատ հե­­ռու են որե­­ւէ տե­­սակի ու բնոյ­­թի գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թե­­­նէ։ Կը կա­­րողա­­նան մի քա­­նի դրամ կա­­շարռքով փո­­ղոց հա­­նել ըն­­դհուպ, խորհրդա­­րանի վրայ յար­­ձա­­­կուո­­ւելով նա­­խագա­­հին ծե­­ծել, կա­­հոյք ջար­­դել հա­­մարե­­լով որ ամ­­բո­­­խը իրենց հետ է, իսկ հայ­­հո­­­յանքն, պար­­սա­­­ւանը, դար­­ձած են քա­­ղաքա­­կան մշա­­կոյթ։ Յի­­շեց­­նեմ Բար­­գա­­­ւաճ Հա­­յաս­­տան կու­­սակցու­­թեան Տո­­տի Կա­­կոյի գա­­ղափա­­րական յե­­նարան եր­­կու փափ­­կա­­­սուն տիկ­­նանց աղ­­բա­­­կոյ­­տի նմա­­նող ելոյթնե­­րը, որ կը հնչէր ամէ­­ն օր։ Աւե­­լին, ասոնք ստո­­ւարաթղթէ շի­­նուած քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ են, որոնց ու­­ղե­­­ղին կը գոր­­ծէ միայն աթո­­ռի եւ հան­­րա­­­յին բա­­րիքէն օգ­­տո­­­ւելու տեն­­չը։ Իրենց խումբի ղե­­կավա­­րը դարձնե­­լով կուռքի, անըն­­դունակ են այլ խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին մտա­­ծելու։

Ցա­­ւօք, այդպի­­սինե­­րը բա­­զում են եւ ան­­պա­­­կաս։ Իրար նման եւ զա­­նազան. բայց ընտրո­­ւած պատ­­գա­­­մաւոր ըլ­­լա­­­լով՝ օրի­­նակ կրնան դառ­­նալ ապա­­գայ սե­­րունդի դաս­­տիարա­­կու­­թեան ոլոր­­տին։

Այ­­սու հան­­դերձ հրա­­ժարա­­կանի հար­­ցը կը մնայ օդէն կա­­խուած։ Այդ հար­­ցին լու­­ծում տո­­ւողը, կրնայ ըլ­­լալ վար­­չա­­­պետը՝ իր անձնա­­կան խղճի եւ գի­­տակ­­ցութեան թե­­լադ­­րանքով, միայն թէ ան պի­­տի ըլ­­լայ նիւ­­թի ման­­րակրկիտ քննար­­կումով՝ առար­­կա­­­յական առանց ար­­տա­­­քին երե­­ւոյթնե­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թեան են­­թարկո­­ւելու։

Այս նիւ­­թի, վե­­րաբե­­րեալ բա­­զում են նաեւ գի­­տակ­­ներ, որոնք, մտա­­վար­­ժութեամբ տա­­ռապե­­լով կ՚ըսեն որ պա­­տերազմ կորցնողը չի կրնար աթո­­ռը պա­­հել։ Ու­­շա­­­դիր ըլ­­լանք թէ ինչպէս խնդի­­րը միշտ կը պտտո­­ւի աթո­­ռի շուրջ, բայց մար­­տե­­­րը կորսնե­­լու պատ­­ճա­­­ռին եւ հի­­մունքնե­­րուն մասին չեն խօ­­սիր։ Մեր նա­­խորդ յօ­­դուա­­ծով նշած էինք, թէ այս պա­­տերազ­­մը հնա­­րաւոր չէր շա­­հել, քա­­նի որ ան­­ցած քսան տա­­րինե­­րուն յաղ­­թա­­­նակի պատ­­րաստ չենք եղած։ Կա­­րելի է աւե­­լաց­­նել առա­­ջագ­­ծին եղած դա­­ւադիր սպա­­ներու ներ­­կա­­­յու­­թիւնը։ Ըստ Ար­­ցա­­­խի անվտան­­գութեան պա­­տաս­­խա­­­նատու Սա­­մուէլ Բա­­բայեանի վկա­­յու­­թեան՝ բազ­­մա­­­թիւ են եղել դա­­սալիք ջո­­կատ­­ներ, մա­­նաւանդ Շու­­շիի մա­­տոյցնե­­րուն՝ քա­­րոզե­­լով զի­­նուոր­­նե­­­րուն թէ «Ար­­դէն Նի­­կոլը ծա­­խել է, գնա­­ցէք տուն»։ Ու­­րեմ թոյ­­լատրե­­լի է մտա­­ծել, թէ ոմանք՝ աւե­­լի քա­­ւու­­թեան նո­­խազ կը փնտռեն, քան կո­­րուստը ող­­բան։

Միւս կող­­մէ ժո­­ղովրդի երե­­րուն վստա­­հու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լու հա­­մար պէտք է որ վար­­չա­­­պետը գտնէ գո­­ղօնը վե­­րադարձնե­­լու նախ­­կին խան­­դա­­­վառու­­թիւնը։

Եթէ ճշմա­­րիտ է, որ եր­­կու տա­­րին բա­­ւարար չէ բա­­նակը զի­­նելու, բան մը որ միւսնե­­րը քսան տա­­րուայ, ըն­­թացքին չեն կա­­րողա­­ցած ընել՝ մա­­նաւանդ դրա­­մի լուրջ պա­­կասի պայ­­մաննե­­րուն, ապա այդ ժամ­­կէ­­­տին հնա­­րաւոր լուրջ մաքրա­­գոր­­ծում իրա­­կանաց­­նել քա­­ղաքա­­կան դաշ­­տի վրայ, անոր կցե­­լով իրա­­ւական հա­­մակար­­գը։ Ոչ մէկ ար­­դա­­­րացում կրնայ ու­­նե­­­նալ խո­­շոր ձու­­կե­­­րը բանտ դնել ու քա­­նի մը օրէն տուն ու­­ղարկել առանց դատ ու դա­­տաս­­տա­­­նի՝ գիտ­­նա­­­լով որ, անոնք ձեռ­­նե­­­րը ծա­­լած պի­­տի չսպա­­սեն յա­­ջոր­­դին։

Չեմ կար­­ծեր որ վար­­չա­­­պետը ան­­տե­­­ղեակ է իր հա­­կառա­­կորդ դա­­սակար­­գի մար­­դա­­­կեր որա­­կին։ Ան շատ լաւ պի­­տի գիտ­­նայ, որ առա­­ջին զո­­հը ին­­քը կրնայ ըլ­­լալ։ Գաղտնիք չէ որ ար­­դէն փոր­­ձեր եղել են եւ բա­­րի հրեշ­­տա­­­կը կան­­խած է զի­­նուած դա­­ւադ­­րութիւ­­նը։ Կա­­րիք, կա՞յ ար­­դեօք Հոկ­­տեմբեր 27 յի­­շեց­­նե­­­լու, որ կրնայ աւե­­լի մեծ ուժգնու­­թեամբ կրկնուի։ Պա­­տահա­­կան չէ ցոյ­­ցե­­­րու թեկ­­նա­­­ծուի զգու­­շա­­­ցու­­մը թէ «Կը յօ­­շոտեն» եւ այնքան վստահ են, որ նոյ­­նիսկ հրա­­ժար­­ման, ժամ­­կէտ կը դնեն թե­­րեւս օրո­­ւայ ժա­­մի եւ վայրկեանի ճշտու­­­թեամբ։

Յոյ­­­սով եմ, որ վար­­­չա­­­­­­­պետը անհրա­­­ժեշտ ժա­­­մանակ կրնայ յատ­­­կացնել վեր­­­լուծե­­­լու հա­­­մար խիստ կա­­­րեւոր հար­­­ցե­­­­­­­րուն լու­­­ծում գտնե­­լու հրա­­մայա­կանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ