Հայաշխարհի համար եռօրեայ սուգ

Արցա­խի պա­­տերազ­­մի աւարտման յա­­ջոր­­դող 19 Դեկ­­տեմբե­­րին քա­­ռասունքի հո­­գեհան­­գիստով մը պի­­տի յի­­շատա­­կուին ռազ­­մա­­­ճակա­­տի վրայ ին­­կած մօտ 3 հա­­զար զի­­նուոր­­նե­­­րը։ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան յայ­­տա­­­րարեց թէ եռօ­­րեայ սու­­գը պի­­տի սկսի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Հրա­­պարա­­կէն դէ­­պի Եռաբ­­լուր կա­­տարո­­ւելիք սու­­գի եր­­թով։

Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կը նշո­­ւի որ մին­­չեւ այդ օր հա­­ւանա­­կան է, որ ամ­­բողջա­­ցած չըլ­­լայ ռազ­­մա­­­դաշ­­տի վրայ մնա­­ցած բո­­լոր դիակ­­նե­­­րու հա­­ւաք­­ման գոր­­ծընթա­­ցը. «Կան բազ­­մա­­­թիւ ան­­ճա­­­նաչե­­լի դիեր, բայց չենք կրնար աւե­­լի եր­­կա­­­րաձ­­գել այդ մա­­սին պե­­տական որո­­շու­­մը» ըսաւ Փա­­շինեան։

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագահ Արա­­յիկ Յա­­րու­­թիւնեանն ալ յայտնեց որ նա­­հատակ­­նե­­­րու անուննե­­րը յա­­ւիտեանս պի­­տի մնայ մեր սրտե­­րուն, հա­­յոց պատ­­մութեան էջե­­րուն եւ խթան պի­­տի հան­­դի­­­սանայ ապա­­գայի հայ­­րե­­­նասի­­րական աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն հա­­մար։

ՀՀ. Առող­­ջա­­­պահա­­կան Նա­­խարա­­րու­­թեան փո­­խան­­ցած վեր­­ջին տե­­ղեկու­­թիւննե­­րուն հա­­մաձայն ցարդ կա­­տարո­­ւած է 2996 դիակ­­նե­­­րու զննու­­մը։ Միւս կող­­մէ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ գե­­րի ին­­կած 44 հայ զի­­նուոր ալ Ռու­­սիոյ Դաշ­­նութեան միջ­­նորդու­­թեամբ վե­­րադար­­ձան Հա­­յաս­­տան։

Քա­­ղաքա­­ցինե­­րու կո­­րուստներ

Անգլիական «Կար­­տիան» թեր­­թը յայ­­տա­­­րարեց գլխա­­տուած եր­­կու քա­­ղաքա­­ցինե­­րու ինքնու­­թիւննե­­րը։

Թեր­­թին Մոս­­կո­­­ւայի թղթա­­կից Էնտրիու Փրո­­թի փո­­խան­­ցումով շրջա­­նառու­­թեան դրուած էին տե­­սանիւ­­թեր, որոնց մէջ կը պատ­­կե­­­րուէին եր­­կու տա­­րեց ան­­ձե­­­րու գլխատ­­ման դրո­­ւակ­­նե­­­րը։ Թեր­­թի յայտնա­­բերու­­մը ճշդո­­ւած է նաեւ Արցախի Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Պաշտպա­­նի կող­­մէ։ Ինքնու­­թիւնը յստա­­կացած­­նե­­­րէն առա­­ջինը Մա­­տատա­­շէն գիւ­­ղի բնա­­կիչ 69 ամեայ Կե­­նատի Պետ­­րո­­­սեանն է, որ հա­­րեւան­­նե­­­րու վկա­­յու­­թեամբ 1980-ական­­նե­­­րուն Սումկա­­յիթի կո­­տորած­­նե­­­րէն վե­­րապ­­րե­­­լով հաս­­տա­­­տուած էր այդ գիւ­­ղը։

22 Նո­­յեմ­­բեր եւ 3 Դեկ­­տեմբե­­րին­­յայտնուած վիտ­­էո­­­ներու վրայ Ատրպէյ­­ճա­­­նական հա­­մազ­­գեստով ան­­ձեր Պետ­­րո­­­սեանը գլխա­­տելէ ետք գլու­­խը կը տե­­ղադ­­րեն սատ­­կած անա­­սու­­նի մը վրայ։ Այդ պա­­հուն կը լսո­­ւի ձայն մը, որ կ՚ըսէ «Մենք այսպէս վրէժ կը լու­­ծենք, գլխա­­տելով»։

Պետ­­րո­­­սեանի հա­­րեւան եւ գիւ­­ղի դպրոցի տնօ­­րէնու­­հի Գա­­յանէ Պետ­­րո­­­սեանին պատ­­մածնե­­րու հա­­մաձայն տա­­րեց մար­­դը մեր­­ժած է գիւ­­ղը լքել։ Հա­­րեւան­­նե­­­րէն մէ­­կը փոր­­ձած է զինք հե­­ռաց­­նել, բայց ան վե­­րադար­­ձած է գիւղ։ Տնօ­­րէնու­­հիի տե­­ղեկու­­թեամբ իրեն հետ վեր­­ջին կա­­պը եղած է հե­­ռախօ­­սազ­­րոյց մը 28 Հոկ­­տեմբե­­րի առա­­ւօտուն, ուր ան իմաց տո­­ւած է թէ թշնա­­մին կը մօ­­տենայ դէ­­պի գիւղ։

«Կար­­տիան»ի համաձայն 7 Դեկ­­տեմբե­­րին թե­­լեկ­­րա­­­մով շրջա­­ռու­­թեան դրո­­ւած վի­­տէոյի մէջ ալ եր­­կու ատրպէյ­­ճա­­­նական հա­­մազ­­գեստ հա­­գած ան­­ձեր տա­­րեց մարդ մը ծա­­ռին կա­­պելով կը գլխա­­տեն։ Ածոխ գիւ­­ղէն երեք ան­­ձեր վկա­­յեցին թէ գլխա­­տուա­­ծը գիւ­­ղէն հե­­ռանա­­լը մեր­­ժող եւ ճգնա­­ւորի կեանք ապ­­րող 82 ամեայ Յու­­րի Ասու­­րեանն է։ Գիւ­­ղի նախ­­կին գիւ­­ղա­­­պետ Կէոր­­կի Աւե­­սեան իր մաին ըսաւ հե­­տեւա­­լը. «Չէր շփո­­ւեր մարդկանց հետ։ Մեր­­ժեց գիւ­­ղէն ել­­լե­­­լը»։ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Պաշտպան Ար­­տակ Պեկ­­լա­­­րեան եւ իրա­­ւաբան Սա­­հակեան եւս հաս­­տա­­­տեցին Ասու­­րեանի ինքնու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ