Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի այցելութիւնը Եռաբլուր

Դեկտեմ­­բե­­­րի 20-ի առա­­ւօտո­­ւան ժա­­մերուն Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գա­­րեգին Երկրորդ Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիարք եւ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րու ու­­ղեկցու­­թեամբ այ­­ցե­­­լեց Եռաբ­­լուր զի­­նուո­­րական պան­­թէոն՝ յար­­գանքի տուրք մա­­տու­­ցե­­­լու եւ աղօթք բարձրաց­­նե­­­լու ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մի նա­­հատա­­կուած քա­­ջոր­­դի­­­ներու հո­­գինե­­րուն խա­­ղաղու­­թեան հա­­մար։

Ծաղ­­կեպսա­­կի զե­­տեղու­­մէ ետք Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը եւ եկե­­ղեցա­­կան­­նե­­­րը այ­­ցե­­­լեցին նաեւ զի­­նուո­­րական­­նե­­­րու շի­­րիմ­­նե­­­րը, կա­­տարե­­ցին իրենց առանձնա­­կան աղօթ­­քը։

Այ­­նուհե­­տեւ Սուրբ Գա­­յանէ վան­­քի մէջ, Վե­­հափառ Հայ­­րա­­­պետը ներ­­կայ գտնո­­ւեցաւ Սուրբ Պա­­տարա­­գին, որուն աւար­­տին, նա­­խագա­­հու­­թեամբ Ա. նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսի, զո­­հուած հե­­րոս­­նե­­­րու հա­­մար կա­­տարո­­ւեցաւ հո­­գեհանգստեան արա­­րողու­­թիւն։

Արա­­րարո­­ղու­­թե­­­նէ ետք Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսը իր խօս­­քը ուղղեց հո­­գեւոր դա­­սին, ներ­­կայ բա­­րեպաշտ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն եւ հա­­մայն հայ ժո­­ղովրդին։

Ստո­­րեւ՝ կա­­թողի­­կոսի խօս­­քը հո­­գեհանգստեան արա­­րողու­­թեան, որ փո­­խան­­ցեծ է Մայր Աթո­­ռի տե­­ղեկա­­տուա­­կան հա­­մակար­­գը։

«Սի­­րելի հա­­ւատա­­ւոր զա­­ւակ­­ներ մեր,

Այ­­սօր վերստին ոգե­­կոչում ենք լոյս յի­­շատա­­կը հայ­­րե­­­նիքի հա­­մար զո­­հուած մեր զի­­նուոր­­նե­­­րուն, աշ­­խարհա­­զօրա­­յին­­նե­­­րուն եւ զօ­­րահ­­րա­­­մանա­­տար­­նե­­­րուն, ով­­քեր ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մին խի­­զախա­­բար պայ­­քա­­­րեցին անարգ թշնա­­միի դէմ եւ իրենց թան­­կա­­­գին արեան հե­­ղու­­մով ըն­­դունե­­ցին նա­­հատա­­կու­­թեան ան­­թա­­­ռամ պսա­­կը։ Քա­­ջարի սխրա­­գոր­­ծութիւննե­­րով անոնք ան­­մա­­­հացան մար­­տի դաշ­­տին եւ ժա­­ռան­­գե­­­ցան յա­­ւիտե­­նական կեան­­քի պար­­գե­­­ւը, ինչպէս խոս­­տա­­­ցաւ մեր Տէր Յի­­սուս Քրիս­­տոս՝ ըսե­­լով. «Արդ, Ես նրանց յա­­ւիտե­­նական կեանք կտամ, եւ նրանք յա­­ւիտեան չեն կոր­­չի» (Յովհ. 10.28)…։

Արդ, մեր նա­­հատակ հե­­րոս­­նե­­­րու ան­­մար լոյս յի­­շատա­­կին առ­­ջեւ վե­­րահաս­­տա­­­տենք հայ­­րե­­­նանո­­ւիրու­­մի ու ազ­­գա­­­նուի­­րու­­մի ուխտը։ Թող ազ­­գի ու հայ­­րե­­­նիքի հան­­դէպ անոնց պարտքը գի­­տակ­­ցութիւ­­նը, յանձնա­­ռու­­թեան եւ զո­­հաբե­­րու­­թեան ոգին օրի­­նակ դառ­­նան պե­­տական ու քա­­ղաքա­­կան այ­­րե­­­րուն եւ հա­­մայն մեր ժո­­ղովրդին՝ ան­­սա­­­կարկ նա­­խան­­ձախնդրու­­թեամբ եւ անձնու­­րաց զո­­հողու­­թիւննե­­րով ամէն կա­­րելին ներդնե­­լու մեր հայ­­րե­­­նիքի բա­­րօր ու շէն կեան­­քի կերտման եւ մեր պե­­տակա­­նու­­թեան ամ­­րապնդման հա­­մար։ Չվտան­­գենք մեր պե­­տակա­­նու­­թիւնը ան­­խո­­­հեմ քայ­­լե­­­րով, չգե­­րադա­­սենք անձնա­­կան շա­­հերը, այլ գոր­­ծենք յա­­նուն մեր ժո­­ղովրդի ու հայ­­րե­­­նեաց ան­­կո­­­րուստ պահ­­պա­­­նու­­թեան, զօ­­րաց­­ման ու առա­­ջըն­­թա­­­ցի։ Միայն ու­­ժեղ պե­­տու­­թիւնով հնա­­րաւոր է յա­­ւեր­­ժացնել մեր ինքնու­­թիւնը ու լի­­նելիու­­թիւնը, նաեւ մեր քա­­ջոր­­դի­­­ներու յի­­շատա­­կը։

Ի խո­­րոց սրտի աղօ­­թենք միասին, որ Ամե­­նագութն Աս­­տո­­­ւած հանգստու­­թիւն ու երա­­նու­­թիւն շնոր­­հէ քա­­ջաբար զո­­հուած մեր սի­­րասուն զա­­ւակ­­նե­­­րու ան­­մահ հո­­գինե­­րուն։ Աղօ­­թենք, որ գթա­­ռատ Տէրն Իր Սուրբ Հո­­գով սփո­­փէ մեր հե­­րոս­­նե­­­րու ծնող­­նե­­­րը, կա­­նանց ու զա­­ւակ­­նե­­­րուն սգա­­ցեալ սրտե­­րը եւ մեր բո­­լորի վշտա­­կիր հո­­գինե­­րը։ Թող այ­­լեւս սուգն ու տխրու­­թիւնը չմթագ­­նեն մեր ազ­­գա­­­յին կեան­­քը, ող­­բերգու­­թիւննե­­րը չպա­­տու­­հա­­­սեն մեր ժո­­ղովրդին, եւ Աստծուն ապա­­ւինած ու ազ­­գո­­­վին հա­­մախումբ՝ կեր­­տենք լու­­սա­­­ւոր գա­­լիքը հայ­­րե­­­նեաց եւ հա­­մայն հա­­յու­­թեան։

Փառք եւ երիցս փառք մեր նա­­հատակ որ­­դի­­­ներուն։

Խո­­նար­­հում, մշտա­­հունչ աղօթք եւ բիւր օրհնու­­թիւն մեր հե­­րոս­­նե­­­րուն լոյս յի­­շատա­­կինե։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ