Երթեւեկութեան գիներու սղաճ

Իսթանպու­լի քա­քապե­տու­թեան շրջա­նակին մէջ գոր­ծող Փո­խադ­րութեան Հա­մակարգման Կեդ­րո­նը Ենի Քա­բուի, Ավ­րա­սիայի կեդ­րո­նին մէջ գու­մա­րեց 2020-ի իր վեր­ջին ժո­ղովը։ Ժո­ղովի ըն­թացքին քննար­կումներ կա­տարո­ւեցան բեն­զի­նի եւ տի­զելի գի­ներու ար­ձա­նագ­րած սղա­ճէն ետք հա­սարա­կական փո­խադ­րութիւն կա­տարող սե­փական ինքնա­շարժնե­րու, թաք­սի­ներու եւ եր­թուղա­յին­նե­րու սա­կերը ճշդե­լու հա­մար։

Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետա­րանի որո­շու­մով %11 սղաճ գոր­ծադրո­ւած է թաք­սի­ներու եւ սե­փական հա­ւաքա­կան փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու սա­կերուն վրայ։ Այսպէ­սով «տոլ­մուշ» կո­չեալ սե­փական հա­ւաքա­կան եր­թուղա­յին­նե­րու մէջ ամե­նակարճ հե­ռաւո­րու­թիւնը պի­տի ար­ժէ 2,75 իսկ ամե­նահե­ռաւո­րը 4ԹԼ։ Թաք­սի­ներու մեկ­նարկու­մը կը սկսի 5,55 լի­րայով եւ իրա­քան­չիւր քի­լոմեթր կ՚ար­ժէ 3,45 ԹԼ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ