Խառնակչութիւնը չի հանդարտիր

Արցա­խեան պա­տերազ­մի պար­տութե­նէն ետք վար­չա­պետ Փա­շինեանի դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը կը շա­րու­նա­կուին յա­րատեւ եղա­նակով։ Շաբ­թու սկիզ­բին վար­չա­պետ Փա­շինեան ծրագ­րած էր այ­ցե­լել Սիւ­նի­քի մարզ, սա­կայն այդ այ­ցե­լու­թիւնն ալ չի­րակա­նացաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու հե­տեւան­քով։ Ընդդի­մադիր­նե­րը կոչ կ՚ընեն հա­մատա­րած գոր­ծա­դու­լի եւ դա­սադու­լի հա­մար։ 22 Դեկ­տեմբե­րի ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին ցու­ցա­րար­նե­րը Ար­դա­րադա­տու­թեան Նա­խարա­րու­թեան եւ Արտ. Գործ. Նա­խարա­րու­թեան առ­ջեւ դի­մադ­րած են ոս­տի­կան­նե­րուն։

Խումբ մը ցու­ցա­րար­ներ փա­կած են Երե­ւան-Վա­նաձոր մայ­րուղին։ Մինչ այդ Երե­ւանեան բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու ըն­թացքին ալ ընդդի­մադիր­նե­րու վար­չա­պետի թեկ­նա­ծու Վազ­գէն Մա­նու­կեան ելոյթ ու­նե­նալով կոչ ուղղեց բա­նակին եւ ոս­տի­կանու­թեան իրենց շար­քե­րուն միանա­լու հա­մար։

Դաշ­նակցու­թեան կու­սակցու­թե­նէն Իշ­խան Սա­ղաթե­լեան ալ յայտնեց թէ այս ցոյ­ցե­րու շնոր­հիւ ամ­բողջ աշ­խարհ իմա­ցաւ որ այս պար­տութիւ­նը անըն­դունե­լի է հայ ժո­ղովուրդի հա­մար։

Միւս կող­մէ վար­չա­պետ Փա­շինեան սոցցան­ցե­րու մի­ջոցաւ ըրած յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշեց որ ընդդի­մադիր­նե­րը ոչ թէ ժո­ղովուրդին, այլ իրենց շա­հերուն հա­մար կը պայ­քա­րին։ Նախ­քան 2018 եր­կի­րը ղե­կավա­րող ազ­գա­յին ընտրա­նին կը փոր­ձէ իր կորսրած շա­հի աղ­բիւրնե­րուն վե­րատի­րանալ։

Շա­բաթաս­կիզբին Փա­շինեանի Սիւ­նի­քի այ­ցե­լու­թիւնն ալ բո­ղոք­նե­րու տե­ղի տո­ւած էր։ Սիւ­նի­քի մէջ կը տի­րէ մտա­հոգու­թիւններ քա­նի որ այս շրջա­նի մէջ եւս կարգ մը գիւ­ղե­րը Ատրպէյ­ճա­նի յանձնե­լու մա­սին շշուկներ կը տա­րածո­ւին։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը մեր­ժեն այդ ուղղու­թեամբ կա­տարո­ւած լրա­տուու­թիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ