Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս

Համա­վարա­կի տա­րօրի­նակ զրկանքնե­րով ահա հա­սած ենք 2020-ի տա­րեվեր­ջին։ Թէ հո­գեւոր եւ թէ աշ­խարհա­կան գետ­նի վրայ կը տի­րէ մռայլ լռու­թիւն։ Եկե­ղեցի­ներ որո­շած են Սուրբ Ծննդեան Տօ­նակա­տարու­թիւննե­րը կա­տարել առ­ցանց դրու­թեամբ։ Այ­սինքն կ՚ակնկա­լուի թէ հա­ւատա­ցեալ­ներ փո­խանակ տա­ճար­նե­րու կա­մար­նե­րուն տակ աղօ­թելու, գո­հանան հա­մակար­գի­չի էկ­րա­նէն հա­ղոր­դո­ւին օրո­ւայ խոր­հուրդին։ Անհա­ւատա­լին է որ կը կա­յանայ եւ բո­լորս ան­զօր ենք այդ պար­տադրան­քին դի­մաց։ Ո՞վ գի­տէ որ­քան մեծ դի­մադ­րութիւն կը ցու­ցադրո­ւէր եթէ որե­ւէ մի բռնա­կալ փոր­ձեր նման ար­գելք մը յա­րու­ցել հա­ւատա­ցեալի հան­դէպ։ Սա­կայն այս պա­հուն հա­ւատա­ցեալը ինքն է որ կա­մաւոր կը հրա­ժար­ի եկե­ղեցի յա­ճախե­լէ։ Սա­կայն այս բո­լորը դար­ձեալ ար­գելք չեն, որ մար­դիկ բա­րի յոյ­սեր սնու­ցեն յա­ջորդ տա­րուայ հա­մար։ Միամի­տօրէն բա­րի մաղ­թանքներ հա­ղոր­դեն իրա­րու եւ յու­սան որ չա­րիքը մնայ ան­ցեալ տա­րուայ օրե­րուն մէջ եւ նոր տա­րին բա­րիք շնոր­հէ բո­լորին։ Մենք ալ սի­րով կը ձայ­նակցինք այդ միամիտ բա­րեմաղ­թանքին եւ չենք ու­զեր ի սպառ հա­նել այդ բա­րի երա­զանքնե­րը։ Ճիշդ ալ այս ըն­կա­լու­մով կ՚ող­ջունենք գլխա­ւորու­թեամբ ազ­գիս Կա­թողի­կէ հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն եւ առ հա­սարակ հա­մաշ­խարհա­յին քրիս­տո­նէու­թեան Սուրբ Ծնունդեան Տօ­նը միշտ մաղ­թե­լով տիեզե­րական խա­ղաղու­թիւն նախ ազ­գիս հա­յոց եւ ապա համայն մարդկութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ