Պիտի դիմանան, որքան որ կրնան

Տարօրինակ Ծնունդ մըն է ամայի փողոցներով, փակ խանութներով։ Տեղ տեղ լուսաւորութիւններ, քայձ ինչ զարմանալի, լոյսերն ալ չեն պլպլար։ Երախաներու ուրախութիւնը ընդհատուած է մտահոգութեամբ, «Արդեօք 65 տարեկանկէը անցածներու համար հռչակուած փողոց ելլելու արգելքը Կաղանդ Պապուկի այցելութեան արգելք կ՚ըլլա՞յ»։ Դուն մի մտահոգուիր տղաս։ Դուն ժպտայ որ մենք յոյս սնուցենք, վերակենդանանանք։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Հայրս կը հաւատար որ խանութպանը զօրակցութեան ջիղ մը կը պահէ հարեւան պաշտօնակիցներու հանդէպ։ Ամանորի նախօրեակին եօթը խանութներ այցելեցի Քուրթուլուշ, Ֆերիգիւղ եւ Նշանթաշը թաղերուն մէջ։ Արդարացաւ հօր հաստատումը։ Որ խանութը որ մտայ գովասանք լսեցի կողքի խանութին, կամ քիչ յետոյ այցելելիքիս մասին։ Ոչ սէկը դիմեց ինքնագովութեան։

 

Աւետիս Թոքաթլըօղլուի «Պրօ՚ս Քաֆէ»ն

 

Այցելութիւններուս կ՚ուզեցի սկսիլ ծանօթ վայրէ մը։ Կրնա՞ս ծանօթացնել «Պրօ՚ս»ը։

Պրազիլ, Քէնիա, Գոլոմպիա, Ուկանտա, Կուաթեմալա, Էթիյոփիայի նման ինը տարքեր երկիրներէ սուրճ կը ներածենք եւ այստեղ խարկելով կը մատուցենք յաճախորդին։ Թաքսիմ եւ Պէշիքթաշի շրջակայքի կարգ մը սրճարաններ իրենց սպառած սուրճը մեզմէ կ՚ապահովեն։ Նաեւ մեր խոհանոցի մէջ կ՚արտադրենք թխուածքեղէններ։

Պամավարակը ինչպէ՞ս ազդեց ձեր աշխատանքին։

Ծանրօրէն ազդուեցանխք։ Մօտ 12 սեղաններ ունէինք, որոնք ամբողջովին զբաղած կ՚ըլլային յատկապէս դպրոցներու եւ աշխատատեղիներու արձակման ժեմերուն։ Շաբաթավերջերուն նոյնպէս։ Յաճախորդներուն մէկ մասը, յատկապէս ալ ուսանողները կորսնցուցած ենք։

Սա ձեր առաջին նախաձեռնութի՞ւնն է, թէ ոչ բոլբորովին տարբեր ասպարէզէ մը եկած էք։

Ո՛չ։ Իմ առաջին մասնագիտութիւնը ոսկերչութիւն էր։ Որ ժառանգած էի հօրմէս։ Մօտ տասը տարի առաջ փոխեցի ասպարէզս եւ անցայ խոհանոցային աշխատանքի։ Տարբեր հիւրանոցներու, կամ ճաշարաններու խոհանոցներէ ներս վերջին չորս տարիներուն է, որ ուղղուած եմ սրճարանի աշխատութեան։

Համավարակի պայմանները դժուարութիւնները ստեղծեց։ Կը զղջա՞ս ոսկերչութենէ հեռանալու համար։

Երբեք չեմ զղջացած։ Ընդ հակառակը կը խորհիմ համավարակի պատճառաւ նոր առիթներ գտնելու։

www.broscoffee.net  Հեռ. 0212 984 90 86

 

«Քաֆէ Տէ Սուրճ»

 

Թալին Տէրտէր եւ Ֆաթմա Ճանի համատեղ ձեռնադրութիւնը եւս սրճարան մըն է Պարութհանէ փողոցի վրայ։ Երկու գործընկերուհիներ եկած են բոլորովին տարբեր մասնագիտութենէ եւ իրենց այս նոր ձեռնարկին իսկոյն յաջորդած է համավարակը։ Կը հարցնեմ թէ ի՞նչպէս կը դիմադրեն սրճարանի մէջ յաճախորդ չընդունելու արգելքին։

Աշխատանքի սկսելէ հազիւ ամիս մը ետք սկսած է սահմանափակումները։ Այժմ միայն յաճախորդներու հասցէներուն արգիլով է, որ կ՚աշխատինք կամ ալ կու գան եւ այս տեղէն կը վերցնեն։

Հաւաքած ենք սեղանները ու աթոռները։ Յոյս ունինք որ արգելքներու վերանալով պիտի յաջողինք մեր ակնկալած արդիւնքը քաղելու։ Բայց սահմանափակումը որքան պիտի տեւէ եւ որքան պիտի կրնանք դիմանալ առ այժմ չենք գիտեր։

 

«Ֆէյսպուք» եւ «Ինսթեըրամ»ի համար՝ cafedesurc  Հեռ. 0532 283 44 75

 

«Քաֆիթալ Քաֆէ»

 

Ռաֆֆի Տեմիրի սրճարանը բացուած է 2017-ի Յունիսին։ Արդարեւ այս աւելի քան երեք տարիներու ընթացքին ունեցած է յաճախորդներու զանգուած մը, որոնք ընդհանրապէս թաղեցներ են։ Ռաֆֆի կ՚ըսէ թէ շուրջ 30 յաճախորդ ընդունելու տարողութիւն ունեցող խանութը հետզհետէ յայտնի դարձաւ թաղի մէջ եւ տարի մը անց արդէն կ՚արդարացնէր իրմէ ակնկալուածը։ Ռաֆֆի եւս Հարաւ Ամերիկեան երկիրներէ ներառած սուրճը ինք կը խարկէ ու կը մատուցէ յաճախորդին։ Առաջին հերթին բարեբախտութիւնը կը թուի թէ խանութը իր սեփականութիւնն է եւ վարձք չի վճարեր։ Բայց Օաֆֆի կ՚առարկէ մեր այս մտածումին՝ ըսելով որ խանութը առնելու համար վարկ ստացած է դրամատունէն եւ այդ վարկի համար կը վճարէ միջին վարձքի մը եռապատիկը։

Նշենք թէ «Քաֆիթալ Քաֆէ» ալքոլային խմիչք ծախելու թոյլտուութիւն ունի։ Նախքան համավարակը մինչեւ կէս գիշեր կը սպասարկէին եւ խանութի բուն հասոյթն ալ այդ ուշ ժամերուն կը կայանար։

www.kafital.com  Հեռ. 0530 065 94 63

 

Համավարակի օրերու նախաձեռնութիւն մը՝ «Մեզմէ»

 

Սասուն Էսդուգեանի եւ ընկերոջ Ճան Պուրաք Սարըկիւլի նախաձեռնութիւնը կը տարբերի նախորդներէն։ Անոնք աշխատանքի ձեռնարկած են ճիշդ ալ համավարակի սահմանափակումներուն մէջ։ Հետեւաբար համավարակը ոչ թէ ժխտական, այլ դրական ազդեցութիւն ունեցած է իրենց գործին։ Անոնք իրենց խոհանոցին մէջ կը պատրաստեն աւելի քան 20 տեսակ աղանդեղէններէ կամ համադամներ, բոլորն ալ ընտանեկան բաղադրատոմսներով։ Սասուն Էսդուգեան որպէս մասնագէտ խոհարար կը տիրապետէ թէ Պոլսոյ եւ Անտիոքի շրջանի աւանդական ճաշատեսակներուն։ Իրենց առանձնայատկութիւնն է ամէն ինչ պատրաստել, այնպէս՝ ինչպէս կը պատրաստուի տան մէջ։ Այժմէ արդէն ապահոված են որոշ հետաքրքրութիւն, որ խրախուսիչ կ՚ըլլայ ապագայի ծրագիրներու համար։

 

«Ֆէյսպուք» @mezmeistanbul եւ «Ինսթեկրամ» @mezme.istanbul Հեռ. 0541 366 62 66

 

«Արտէնս Քաֆէ»

 

Արտէն Եանարի սրճարանը դարձեալ նոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ ծանրապէս կը ազդուի համավարակի պարտադրած սահմանափակումներէ։ Արտէն երեք հատուածով դասաւորած էր իր շանութը, որուն ներքնամասը խոհանոց պատշգամբը եւ մայթի որոշ մասն ալ յատկացուած էր յաճախորդներուն։

«Կ՚ուզէի պատշկամբի մասը յատկապէս ուսանողներուն տրամադրել, որոնք նաեւ պիտի կարենային հետեւիլ առցանց ուսման ծրագրին։ Տակաւին կը պահես այդ երազանքս։ Յոյս ունիմ որ շուտով աշակերտները պիտի տեսնեմ այս սեղաններու վրայ։ Նոյնիսկ եթէ գիտնայի մօտալուտ համավարակը դարձեալ կը ձեռնարկէի այս գործին։ Իմ ընտրած ապրանքանիշը Փիւնիկն է, որ նոյնիսկ հրոճարակը դառնայ եւս կը կենդանանայ իր մոխիրներէն»։

Ան եւս սուրճի կողքին կը պատրաստէ զանազան թխուածքեղէններ, որոնք մը վաճարէ խուսափելով սեղաններու վրայ մատուցելէ։

«Այս պահուն դժբախտաբար չենք յաջողիր մեր ամսական ծախսերը դիմագրաւելու։ Երանի 15 օրուայ փողոց ելլելու բացարձակ արգելք մը կիրարկուի եւ ապա ամէն ինչ դառնայ իր բնականոն ընթացքին։

www.ardenscafe.com Հեռ. 0536 443 78 18

 

Փակ Շուկայի պատմական «Էօնտէր Քէօֆտէճիսի»ն

 

Արաս Ռիւսթեմօղլուի նախաձեռնութիւնը դարձեալ կը տարբերի նախորդներէն, քանի որ ան Նշանթաշը թաղի մէջ բացած էր ճաշարան մը, որուն հիմնական ճաշատեսակն է աւանդական աղացած միսով պատրաստուած քէօֆտէն։ աւանդութեան աղբիւրը Փակ Շուկայի մէջ երկար տարիներ գործած նոյն անուն ճաշարանն է։ Արդարեւ Արաս նախ ապահովեց ապրանքանիշի գործածութեան իրաւունքը եւ ապա ձեռնարկեց արտադրութեան։ Սակայն այս բոլորի համար անակնկալ մըն էր, որ կը սպասէր զիրեն, քանի իր վրայ հասաւ համավարակը եւ շուրջ 50 տեղանոց ճաշարանը նախ կրճատեց իր ընդունակութիւնը կիսով չափ եւ ապա ամբողջովին մերժեց յաջորդ ընդունիլ։

Այժմ ալ ալ կը գոհանայ միայն հասցէներուն առաքելով իր նմանաւոր քէօֆթէները։

«Անշուշտ որ չէի կանխատեսած համավարակի այս հետեւանքները։ Եթէ տեսած ըլլայի բացարձակապէս կը հրաժարէի նման քայլէ մը։ Այս պահուն չորս տարբեր բաղադրմատոմսերով քէօֆթէ կը պատրաստենք եւ նաեւ հաւու միսով մի քանի տեսականի։ Վարձքը ապահովելու համար կը դժուարանամ։ Թէեւ պետութիւնը վարձքերու համար որոշ օժանդակութիւն խոստացած է, բայց այս պահուն չենք գիտեր թէ մենք պիտի կրնա՞նք օգտուիլ այդ օժանդաըութենէն թէ ոչ։ Անշուշտ որ մեզի համար շատ ձեռնտու է գոնէ երկու շաբաթուայ բացարձակ մեկուսացումը։ Անիմաստ կը գտնեմ այն որոշումը, ըստ որու փակուած են բոլոր ճաշարանները, երբ ադնդին ամէն ինչ կ՚ընթանայ բնականոն ձեւով։ Արդէն շատ շահութաբեր ասպարէզ մը չէ այս եւ ամէն ինչ կախեալ է յաճախականութեան հետ։ Իսկ այս պայմաններուն այդ յաճախականութիւնը գրեթէ անկարելի դարձած»։

 

«Ֆէյսպուք» եւ «Ինսթեըրամ»ի համար՝ onderkoftecisi  Հեռ. 0212 225 07 24

 

Սերճան Չաքարօղլուի «Ազզուրրօ Փիցցա Նափոլիթան»ը

 

Մեր այս շրջագայութեան վերջին կանգառը փիցցայանոց մըն է, որ գործել սկսած է ճիշդ ալ պսակաձեւ ժահրի վարակին Թուրքիոյ մէջ յայտնուած օրերուն՝ 2020-ի Մարտին։ Այդ պայմաններու մէջ նորաստեղծ հաստատութիւնը աշխատանքի սկսած է հազիւ Յունիս ամսին։

Սերճան Չաքարօղլու իր գործընկեր Իւնալ Եըլտըզի հետ կը պատրաստէ փիցցաներու 23 տարբեր տեսակներ։ Անոնք արդէն առաջին օրէն սկսելով մտադրած էին իրենց արտադրութեան մեծագոյն մասը առաքել հասցէներունեւ հազիւ մէկ երրորդի չափ ալ մատուցել իրենց տեղւոյն վրայ։ Սակայն ինչպէս շատերու մօտ հոս եւս մեծ դերակատարութիւն կ՚ունենայ անկանխատեսելին, որու համար ինչպէս բոլորը իրենք եւս կը կարօտին պայմաններու բարելաւմնալ։ Բան մը, որուն երաշխիքը ոչ ոք ունի այս պահուն։

 

«Ֆէյսպուք» եւ «Ինսթեըրամ»ի համար՝ @azzurro.istanbul Հեռ. 0212 296 09 99  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ