Ցուցահանդէսի սահմանները գերազանցող ձեռնարկ մը

«Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւերուն անդրա­­դար­­ձած էինք Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի անընդհատ 50 տա­­րիներ հրա­­տարա­­կուած «Քու­­լիս» պար­­բե­­­րակա­­նի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը վե­­րածո­­ւած ըլ­­լա­­­լու մա­­սին։ «Եափը Քրե­­տի» դրա­­մատան ցու­­ցասրա­­հին մէջ հա­­սարա­­կու­­թեան ներ­­կա­­­յացող այս աշ­­խա­­­տու­­թեան քու­­րա­­­թէօր­­նե­­­րէն Քեւ­­սէր Կիւ­­լեր եւ Պա­­նու Աթ­­չա պա­­տաս­­խա­­­նեցին «Ակօս»ի զա­­նազան հար­­ցումնե­­րուն։

Քեւ­­սէր Կիւ­­լեր յայտնեց թէ Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի ար­­խի­­­ւին Հարնդ Տինք Հիմ­­նարկին փո­­խան­­ցումով ար­­դէն սկսած էր բո­­լոր նիւ­­թե­­­րուն թո­­ւայ­­նացման աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը։ Իսկ սոյն տա­­րուայ առա­­ջին շա­­բաթ­­նե­­­րուն ծրագ­­րո­­­ւեցաւ այդ նիւ­­թե­­­րը ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը մի­­ջոցաւ հա­­սարա­­կու­­թեան ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու միտ­­քը։ Բո­­լորո­­վին ան­­հա­­­տական աշ­­խա­­­տու­­թիւնով մը ի մի բե­­րուած 1104 պրակ­­նե­­­րու մէջ տքնա­­ջան աշ­­խա­­­տու­­թիւն մըն էր, որ կա­­տարո­­ւեցաւ։ Աւե­­լի քան 12 հա­­զար լու­­սանկար­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ մեր դի­­մաց կը գտնէինք ԺԹ. դա­­րու կէ­­սերէն մին­­չեւ ԻԱ դա­­րու սկիզբնե­­րը եր­­կա­­­րող մօտ 150 տա­­րուայ թա­­տերա­­կան ապ­­րումնե­­րու հսկայ ժո­­ղովա­­ծու մը։ Այդ բո­­լորը 2020-ի Ապ­­րիլ ամ­­սուն տրա­­մադ­­րո­­­ւեցաւ մեզ՝ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը ձե­­ւաւո­­րող երեք քու­­րա­­­թէօր­­նե­­­րուն։ Ին­­ծի, Պա­­նու Աթ­­չա­­­յին եւ Էսէն Չա­­մու­­րա­­­տանին։

Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկը ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի բաց­­ման օրը, 16 Դեկ­­տեմբեր 2020-ին իր կայ­­քէ­­­ջի մի­­ջոցաւ հա­­սանե­­լի դար­­ձո­­­ւաց բո­­լոր հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու հա­­մար ըսե­­լով նկա­­րագ­­րեց Քեւ­­սէր Կիւ­­լեր։

Նոյն հար­­ցումը ուղղած էինք ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի քու­­րա­­­թէօր­­նե­­­րէն Պա­­նու Աթ­­չա­­­յին։ Ան ալ կրկնեց Քեւ­­սէր Կիւ­­լե­­­րի պատ­­մածնե­­րը, աւելց­­նե­­­լով թէ որ­­քան յու­­զումնա­­լից պա­­հեր ապ­­րո­­­ւեցան այդ աշ­­խա­­­տու­­թեան ըն­­թացքին։ Պա­­նու Աթ­­չա յատ­­կա­­­պէս գնա­­հատեց ստա­­ցուած ժա­­ռան­­գի հան­­դէպ ցու­­ցադրո­­ւած ու­­շադրու­­թիւնը եւ այդ հսկայ ժա­­ռան­­գին կեն­­սունա­­կու­­թիւն պար­­գե­­­ւելու հա­­մար Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի տնօ­­րէն Տե­­լալ Տին­­քի եւ իր գոր­­ծընկեր Զէյ­­նէփ Թաշ­­քը­­­նի գեր­­մարդկա­­յին ջան­­քե­­­րը։ «Անոնք գեր­­մարդկա­­յին տես­­լա­­­կանով մը ձե­­ւաւո­­րեցին եւ ին­­չո՞ւ չէ նաեւ ուղղու­­թիւն տո­­ւին մեր աշ­­խա­­­տան­­քին։ Մենք ալ այդ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն տո­­ւող աշ­­խա­­­տու­­թիւնը դա­­սաւո­­րելով են­­թա­­­խորա­­գիր­­ներ ճշդե­­լով վերջնա­­կան երե­­ւոյ­­թը ձե­­ւակեր­­պե­­­ցինք։ Պար­­տիմ նշել թէ այս ծա­­ւալուն աշ­­խա­­­տան­­քի ետին բազ­­մանդամ կազ­­մի մը ներդրու­­մը կայ, որու շնոր­­հիւ վա­­յելե­­ցինք հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հրա­­շալի գո­­հացու­­մը»։

Մեր երկրորդ հար­­ցումը եղաւ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի Թուրքիոյ թատ­­րո­­­նի պատ­­մութեան մէջ ու­­նե­­­ցած նշա­­նակու­­թեան մա­­սին։

Պա­­նու Աթ­­չա նշեց թէ իրենց տրա­­մադ­­րո­­­ւած թղթած­­րարնե­­րու մէջ 150 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին բեմ ելած բազ­­մա­­­թիւ դե­­րասան­­նե­­­րու, բե­­մադ­­րո­­­ւած բազ­­մա­­­թիւ գոր­­ծե­­­րու, թա­­տերա­­խումբե­­րու եւ նաեւ այդ բո­­լորին հա­­սար­­կութեան հետ հան­­դի­­­պած թա­­տերաս­­րահնե­­րու մա­­սին այդ ծո­­վածա­­ւալ գի­­տելիք­­նե­­­րը ան­­շուշտ, որ իրենց մա­­սին գրո­­ւած յօ­­դուած­­նե­­­րով, լու­­սանկար­­նե­­­րով ու որ­­մազդնե­­րով թատ­­րո­­­նի բո­­վան­­դա­­­կալից պատ­­մութիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։

Այս ար­­խի­­­ւի մէջ յատ­­կա­­­պէս Պոլ­­սոյ հայ թատ­­րո­­­նի պատ­­մութեան հա­­մար կան բազ­­մա­­­թիւ եզա­­կի նմոյշներ։ Օրի­­նակ կրնամ թո­­ւել՝ հա­­յերէն բազ­­մա­­­թիւ ձե­­ռագիր թատ­­րերգու­­թիւննե­­րը, որոնք ան­­տիպ մնա­­լով այժմ վե­­րակեն­­դա­­­ցած եւ հա­­սանե­­լի դար­­ձած են այս աշ­­խա­­­տան­­քի շնոր­­հիւ, ըսաւ Պա­­նու Աթ­­չա։

Նաեւ մտա­­հոգ էինք հա­­մավա­­րակի պարտ­­ադրած սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րու մէջ նման ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին ար­­դիւնքնե­­րով։ Ար­­դեօք այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը պի­­տի յա­­ջողէ՞ր իր նպա­­տակադ­­րած զան­­գուածին ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նանա­­լու։ Այս մա­­սին ալ Քեւ­­սէր Կիւ­­լեր կը գնա­­հատէ «Եափը Քրե­­տի»ի ցու­­ցասրա­­հի պա­­տաս­­խա­­­նատու մեր­­ձե­­­ցու­­մը։ «2020-ի հա­­մավա­­րակի պայ­­մաննե­­րու մէջ բա­­ցի փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գի­­­լուած օրե­­րէն եւ նոր ցու­­ցադրու­­թեան մը տե­­ղադրման կարճ շրջան­­նե­­­րէն ցու­­ցասրա­­հը միշտ հա­­սանե­­լի եղաւ հա­­սարա­­կու­­թեան։ Ապա­­հովո­­ւած էր կան­­խազգու­­շացման բո­­լոր պայ­­մաննե­­րը։ Մեր ցու­­ցա­­­հան­­դէսն ալ կա­­րելի է այ­­ցե­­­լել մին­­չեւ 21 Փետ­­րո­­­ւար։ Սա­­կայն այլ ցու­­ցասրահ­­նե­­­րու նման մենք ալ կը խու­­սա­­­փինք հա­­սարա­­կու­­թեան զան­­գո­­­ւածա­­յին այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէն։ Պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը զգոյ­­շօ­­­րէն կը հե­­տեւի դի­­մակ կրե­­լու եւ որոշ հե­­ռաւո­­րու­­թիւն պա­­հելու նման կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րու վե­­րահսկման։ Յի­­շենք որ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի լու­­սանկա­­րուած վա­­ւերագ­­րա­­­կանը, որ ոմանք կը կո­­չեն թո­­ւայ­­նա­­­ցուած ցու­­ցա­­­հան­­դէս եւս կա­­րելի է հե­­տեւիլ «Եափը Քրե­­տի» մշա­­կոյ­­թի ու արո­­ւեստ բաժ­­նի հա­­մացան­­ցա­­­յին հաս­­ցէն այ­­ցե­­­լելով»։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը օժ­­տո­­­ւած էր նաեւ յու­­շա­­­մատեանով մը եւ վրայ հա­­սած «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կող­­մէ այս մի­­ջոցառ­­ման հետ նոյն օրե­­րուն հրա­­տարա­­կուած Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի «Բե­­մի Ըն­­կերներս» անուն յու­­շագրու­­թիւնով։ Այս մա­­սին ալ կ՚ուղղենք հար­­ցումներ, որոնց Քեւ­­սէր Կիւ­­լեր կու տայ հե­­տեւեալ պա­­տաս­­խա­­­նը։ «Ճիշդ էք, յու­­շա­­­մատեանը «Եափը Քրե­­տի»ի հրա­­տարա­­կու­­թիւն է, որուն խմբագ­­րութիւ­­նը ստանձնեց Ֆիւ­­սուն Եալ­­չընքա­­յա եւ ծրագ­­րա­­­ւորումն ալ Հա­­սան Ֆը­­րաթ։ Թրքե­­րէն եւ անգլե­­րէն երկլե­­զու այդ յու­­շա­­­մատեանի էջե­­րուն մէջ կը հան­­դի­­­պինք ցու­­ցադրո­­ւած նիւ­­թե­­­րու կա­­րեւոր մէկ մա­­սին, երեք քու­­րա­­­թէօր­­նե­­­րու նե­­րածա­­կան գրու­­թիւննե­­րուն, Տիւքմեն Կիւ­­րիւն, Նե­­սիմ Օվա­­տիա Իս­­րա­­­յէլ եւ Գա­­րին Գա­­րագաշ­­լըի «Քու­­լիս» պար­­բե­­­րակա­­նի եւ Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի մա­­սին յու­­շե­­­րը մա­­նաւանդ ալ կեն­­սագրու­­թիւնը։ Պօ­­ղոս Չալ­­կը­­­քըօղ­­լու եւ Պերճ Նո­­րատունկեանի Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զին հետ կա­­տարած զրոյցն ալ տեղ կը գտնէ յու­­շա­­­մատեանին մէջ։ Իսկ «Արաս»ի գիր­­քը կը պար­­բա­­­կէ Այ­­վա­­­զի 1999-2001 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ «Ակօս»ի հա­­յերէն էջարուն մէջ լոյս տե­­սած յու­­շե­­­րը, որոնք թարգմա­նուած են Փայ­լի­նէ Թով­մա­սեանի կողմէ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ