Վերջին վկան ալ գնաց

Տարուայ աւար­տին մօտ իրա­րու կը յա­ջոր­դեն մա­հուան դառն լու­րեր։ Այդ դառ­նութեան վեր­ջին օրի­նակը կը հան­դի­սանայ հան­րա­ծանօթ կազ­մա­կեր­պիչ Պերճ Քա­ջի մա­հուան գոյ­ժը։ Ամ­բողջո­վին եկե­ղեցիէ ներս բո­լորո­ւած կենսագրու­թիւն մը կայ մեր դի­մաց։ Ինը տա­րի առաջ «Ակօս»ի էջե­րուն լոյս տես­նող հար­ցազրոյ­ցի մը ըն­թացքին Պերճ Քաջ կը պատ­մէր իր որ­պէս պա­տանի դպիր եկե­ղեցի մուտքը, որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ կեան­քի աւար­տը։

Դպրու­թիւնը՝ որ շա­րու­նա­կուած էր զա­նազան եկե­ղեցիներէ ներս հետզհե­տէ վե­րածո­ւեցաւ լու­սա­րարու­թեան եւ դպրա­պետու­թեան կո­չումնե­րուն, որոնց շնոր­հիւ նաեւ եր­կար տա­րիներ կա­տարեց հար­սա­նիքի, մկրտու­թեան կամ յու­ղարկա­ւորու­թեան ծի­սակա­տարու­թեան դժո­ւարին պաշ­տօ­նը։

Դար­ձեալ Ռի­թա Էն­տե­րի հետ ու­նե­ցած հար­ցազրոյ­ցէն կը տե­ղեկա­նանք թէ այդ պար­տա­կանու­թիւնն ալ իր կար­գին ու­նի բազ­մա­թիւ նրբու­թիւններ, որոնց քա­ջաբար կը տի­րապե­տէր հան­գուցեալ Պերճ Քաջ։ Իր մա­հով պատ­մութեան կը փո­խան­ցուի հե­տաքրքրա­կան դրո­ւագ­նե­րով լե­ցուն ամ­բողջ կեանք մը, որ նաեւ վկա­յու­թիւնն է վեր­ջին 70 տա­րինե­րու պոլ­սա­հայ եկե­ղեցա­կան ապ­րումնե­րու։

Պերճ Քաջ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նուորական յե­ղափո­խու­թեան օրե­րուն բեր­ման են­թարկո­ւած եւ տան­ջանքնե­րու մատ­նո­ւած էր զի­նուո­րական ար­գե­լանո­ցին մէջ։ Աւե­լի ետք ընդմիշտ լռու­թիւն պա­հեց այդ օրե­րու ապ­րումնե­րուն մա­սին եւ այդ գաղտնիք­նե­րը տա­րաւ իր հետ։ Նոյն օրերուն ձեր­բա­կալո­ւած բազ­մա­թիւ հա­յեր եւս խու­սա­փեցան այդ օրե­րու մա­սին վկա­յու­թիւններ բե­րելէ եւ Պերճ Քա­ջի մա­հով կար­ծես նման վկա­յու­թիւնը փո­խան­ցե­լու կա­րելիու­թիւնը ու­նե­ցող­նե­րը վեր­ջա­ցած եղան։ Վա­ղուց ան­դե­նական գա­ցած էին իր պաշ­տօ­նակի­ցը Յա­կոբ Մա­նու­կեան, ատամ­նա­բոյժ եւ ար­ձա­կագիր Վար­դան Կո­միկեան, բազ­մա­մեայ կրթա­կան մշակ Հայկ Նշան, «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք, Հայր Մա­նուէլ Վրդ. Եր­կա­թեան, Տի­յար­պե­քիրի երէց Տէր Կի­րակոս եւ ու­րիշներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ