Կ՚աղերսենք յոյս եւ մխիթարութիւն

Նախորդ տա­րինե­րու յա­տուկ սո­վորու­թիւն էր, Ամա­նորի սկզնա­պահը կը դի­մաւո­րէինք աշ­խերհի քար­տէ­զի վրայ արե­ւել­քի ծայ­րա­գոյն կէ­տերէն սկսե­լով եւ ժա­մերու հո­լովոյ­թով մեր ապ­րած եր­կիրնե­րը հասնող Ամա­նորը դի­մաւո­րելու պա­հին։ Յու­զումնա­լից էր այդ սպա­սու­մը, երք ցնծու­թեամբ լոյ­սե­րու ճա­ճան­չումով կը դի­մաւո­րուէր Նոր Տա­րին։ Իսկ այս տա­րի տի­րողը Նոր Տա­րին դի­մաւո­րելէ աւե­լի նա­խորդ տա­րիէն ձերբա­զատո­ւելու ու­րա­խու­թիւնն է։ Ամե­նուրէք կը լսենք նոյն բա­րեմաղ­թանքը աւար­տին հաս­նող նա­խորդ տա­րուան հա­մար։ «Եր­թա՜յ, եր­թա՜յ ու ան­գամ մըն ալ թող չի գայ»։ Ինչ միամ­տութիւն։ Ար­դէն գի­տենք որ պի­տի եր­թայ ու իր չա­րիքը աւան­դած պի­տի ըլ­լայ յա­ջոր­դին։ Բայց ար­դեօք միայն չա­րի՞քը։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի չա­րիք­նե­րու հետ միասին բա­րիք­ներ ալ կը շնոր­հէ մեզ, բայց ըն­կե­րական կեան­քի մէջ, երբ հա­սարա­կական հա­յեաց­քով կը դի­տենք եղե­լու­թիւննե­րը չա­րիքն է որ կը դրոշ­մուի բո­լորիս յի­շողու­թեան մէջ։

2020 տա­րեթի­ւը բնո­րոշո­ղը հա­մավա­րակը եղաւ, որ շա­տերուս կեան­քին մէջ շատ մեծ աւեր գոր­ծեց, կեան­քեր պո­կեց հա­րազատ­նե­րէ եւ այդ տպա­ւորու­թիւննե­րով է, որ կ՚աւար­տենք ամ­բողջ տա­րի մը։ Ո՛չ մէկ յոյս կամ երաշ­խիք յա­ջորդ տա­րուայ աւե­լի նո­ւազ փոր­ձանքա­բեր ըլ­լա­լուն հա­մար։ Բայց մեր մեղ­թանքնե­րը պի­տի մնան ան­փո­փոխ եւ պի­տի ցան­կանք անամպ եր­կիր հա­մայն մարդկու­թեան եւ ազ­գիս հա­յոց հա­մար։

Այս տա­րի ու­նինք յա­ւելեալ բա­րեմաղ­թեանք մը կամ խնդրանք մը Եր­կեային կամ­քէն, թող մխի­թարու­թիւն շնոր­հէ որ­դե­կորոյս բո­լոր ծնո­ղաց անխտիր։

Շնոր­տա­ւոր Ամա­նոր բո­լորին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ