Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատար, Միքայէլ Արզումանեանի ուղերձը՝ տարեմուտի առթիւ

«Սի­րելի հայ­­րե­­­նակից­­ներ, յար­­գե­­­լի զի­­նակից­­ներ,

Կ՚աւարտի հեր­­թա­­­կան տա­­րին։ Մեր ժո­­ղովուրդը կը շրջէ իր պատ­­մութեան բար­­դա­­­գոյն էջե­­րէն մէ­­կը։ 2020թ. Սեպ­­տեմբե­­րի 27-ին Ատրպէյ­­ճա­­­նի սան­­ձա­­­զեր­­ծած պա­­տերազ­­մը խոր վէր­­քեր թո­­ղուց իւ­­րա­­­քան­­չիւրիս հո­­գուն մէջ։ Թշնա­­միի նա­­խայար­­ձա­­­կու­­մը կա­­սեց­­նե­­­լով նա­­հատա­­կուած են մեր ժո­­ղովրդի հա­­զարա­­ւոր զա­­ւակ­­ներ՝ իրենց զո­­հաբե­­րու­­թեամբ խա­­փանե­­լով Ար­­ցախն ամ­­բողջո­­վին հա­­յաթա­­փելու հրէ­­շաւոր ծրա­­գիրը։ Այս պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին հայ մար­­տի­­­կը կռո­­ւած է Ատրպէյ­­ճա­­­նի, Թուրքիայի եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին ահա­­բեկ­­չութեան միաց­­եալ ու­­ժե­­­րու դէմ։

Այո՛, պա­­տերազ­­մը չէ աւար­­տած այնպէս, ինչպէս մենք կը ցան­­կա­­­նայինք, սա­­կայն հայ զի­­նուո­­րը, ծան­­րա­­­գոյն մար­­տե­­­րու ըն­­թացքին զո­­հաբե­­րելով իր կեան­­քը, կորցնե­­լով իր առող­­ջութիւ­­նը, ստի­­պուած ըլլալով թող­­նել հայ­­րե­­­նիքի մի մա­­սը, չէ կորցրած իր պա­­տիւը։ Թշնա­­մական դա­­շին­­քի բա­­ցար­­ձակ գե­­րակա­­յու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն հայ մար­­տիկնե­­րու կա­­տարա­­ծը, որը կա­­րելի է բնու­­թագրել միայն անօ­­րինակ տո­­կու­­նութիւն բա­­ռերով, հնա­­րաւոր դարձուցած է մէկ իրո­­ղու­­թիւն, որու հետ հա­­շուի կը նստի ամ­­բողջ աշ­­խարհը. Ար­­ցա­­­խը վի­­րաւոր է, սա­­կայն Ար­­ցա­­­խը կա՛յ եւ Ար­­ցա­­­խը լի­­նելու՛ է։ Փառք հայ­­րենքի պաշտպա­­նու­­թեան ժա­­մանակ բո­­լոր նա­­հատա­­կուած­­նե­­­րուն։ Անոնք յա­­ւերժ ապ­­րե­­­լու են մեր ժո­­ղովրդի հա­­ւաքա­­կան յի­­շողու­­թեան մէջ։ Կորուստի վիշ­­տը բո­­լորինս է, բո­­լորինս է նաեւ մեր գոր­­ծը շա­­րու­­նա­­­կելու պարտքը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր Ամա­­նոր անցնող տա­­րին գնա­­հատե­­լու, իմաս­­տա­­­ւորե­­լու եւ նոր տա­­րուայ նպա­­տակ­­նե­­­րը սահ­­մա­­­նելու առիթ է։ Այո՛, այ­­սօր ու­­նինք այն, ինչ ու­­նինք, սա­­կայն այդ պէտք չէ դառ­­նայ յու­­սալքո­­ւելու պատ­­ճառ։

2021 թո­­ւակա­­նը թո՛ղ ըլլայ մեկ­­նարկա­­յին կէտ, որմէ պէտք է շար­­ժո­­­ւինք առաջ՝ լի վճռա­­կանու­­թեամբ ու հա­ւատով, պատ­րաստ միաս­նա­բար իրա­կանու­թիւն դարձնելու այն նպա­տակ­նե­րը, որոնց հա­մար իրենց կեան­քը զո­հաբե­րած են մեր քոյ­րերն ու եղ­բայրնե­րը։ Մեր խո­նար­հումը նա­հատա­կուած հայ­րե­նակից­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն, փառք հայ ժո­ղովրդին, փառք հայ մար­տի­կին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ