ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան կեն­­սա­­­նորոգ տօ­­ներուն առի­­թով կ’ող­­ջունենք Առա­­քելա­­կան Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ բո­­լոր զա­­ւակ­­ներն անխտիր։ Քրիս­­տո­­­սաւանդ ջեր­­մա­­­գին սի­­րով կ’ող­­ջունենք նաեւ մեր Հո­­գեւո­­րական Դա­­սու ան­­դամնե­­րը, Սրբա­­զան Եպիս­­կո­­­պոս­­ներն ու Միաբան Հայ­­րե­­­րը, Քա­­հանա­­յից, Սար­­կա­­­ւագաց եւ Դպրաց Դա­­սերը, Գալ­­ֆա­­­յեան Ուխտի Քոյ­­րը, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի Տնտե­­սական Խոր­­հուրդի, Տիկ­­նանց եւ Երի­­տասար­­դաց կազ­­մե­­­րու ան­­դամնե­­րը, Գոր­­ծա­­­ծուած իրե­­րու եւ հա­­գուստնե­­րու վե­­րար­­ժե­­­ւոր­­ման յանձնա­­խումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­­գա­­­յին Հի­­ւան­­դա­­­նոցի Հո­­գաբար­­ձութիւ­­նը, Բժշկա­­պետու­­թիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյ­­րե­­­րը, Հա­­մայնքա­­յին Հաս­­տա­­­տու­­թեանց Խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րը, Թա­­ղային Խոր­­հուրդնե­­րը, Տիկ­­նանց Յանձնա­­խումբե­­րը, մեր հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Հիմ­­նադրի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներն ու Տնօ­­րէն­­նե­­­րը, Հո­­գաբար­­ձութիւննե­­րը, Ու­­սուցչաց Դա­­սը, Աղ­­քա­­­տախ­­նամ Մար­­միննե­­րը, Սա­­նուց Միու­­թիւննե­­րը եւ բո­­լոր մար­­դա­­­սիրա­­կան ու մշա­­կու­­թա­­­յին մար­­միննե­­րը, Հայ Մամ­­լոյ Խմբա­­գիր­­նե­­­րը եւ ողջ Անձնա­­կազ­­մը, բա­­րեսի­­րական եւ կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թեանց սա­­տարող ազ­­նիւ բա­­րերար­­նե­­­րը, հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ եւ սի­­րեցեալ մեր ժո­­ղովուրդը՝ մաղ­­թե­­­լով բո­­լորին եր­­ջա­­­նիկ Ծննդեան եւ Աս­­տուածա­­յայտնու­­թեան տօ­­նակա­­տարու­­թիւն, ինչպէս նաեւ եկե­­ղեցա­­շէն, կրթա­­նուէր եւ բա­­րեսէր գոր­­ծունէու­­թեանց լիակա­­տար յա­­ջողու­­թիւն։

Յա­­տուկ օրհնու­­թեամբ կ’ող­­ջունենք եւ կը շնոր­­հա­­­ւօրէնք Կրե­­տէի Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը։

Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տօ­­նին առի­­թով կը շա­­րու­­նա­­­կենք աղօ­­թել վասն բա­­րօրու­­թեան եւ ան­­սա­­­սանու­­թեան Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի։ Մեր որ­­դիական ակ­­նա­­­ծան­­քը կը յղենք Նո­­րին Սրբու­­թիւն Տ. Տ. Գա­­րեգին Բ Ամենայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսին։ Կը հայ­­ցենք Նո­­րին Սրբու­­թեան եւ Մայր Աթո­­ռի ողջ միաբա­­նու­­թեան աղօթքնե­­րը վասն պայ­­ծա­­­ռու­­թեան Աթո­­ռոյս։

Ի Քրիս­­տոս սի­­րով կը շնոր­­հա­­­ւօրէնք Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Նո­­րին Սրբու­­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կա­­թողի­­կոսը եւ Երու­­սա­­­ղէմի Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւն Տ. Նուրհան Պատ­­րիար­­քը, հան­­դերձ իրենց միաբա­­նակից վա­­նական հայ­­րե­­­րով, նաեւ Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ բո­­լոր առա­­քելա­­գործ վի­­ճակա­­ւոր­­նե­­­րը, հան­­դերձ իրենց հո­­գեւո­­րական դա­­սերով վստահ ըլ­­լա­­­լով, թէ բո­­լորը աղօ­­թակից են մե­­զի։

Մեր հայ­­րա­­­կան սրտա­­գին սէրն ու ող­­ջոյննե­­րը կ՚առա­­քենք սփիւռքի մէջ գոր­­ծող Ս. Խաչ Դպրե­­վանք, Կեդ­­րո­­­նական, Էսաեան ու Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Սա­­նուց Միու­­թեանց Վար­­չութիւննե­­րուն ու մե­­րազն ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն, որոնք նեղ պայ­­մաննե­­րու մէջ կը շա­­րու­­նա­­­կեն տէր կանգնիլ իրենց աւան­­դութիւննե­­րուն։

Այս առ­­թիւ ի Քրիս­­տոս սի­­րով ող­­ջունե­­լով, Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տա­­ղաւա­­րի մեր շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւննե­­րը կը յղենք նաեւ բո­­լոր քոյր Քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցի­­ներու առաջ­­նորդնե­­րուն, հո­­վիւ­­նե­­­րուն եւ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն, գլխա­­ւորա­­բար Հայ Կա­­թողի­­կէ եւ Հայ Աւե­­տարա­­նական հա­­մայնքնե­­րուն։

Շնորհք, սէր եւ աս­­տո­­­ւածա­­յին սրբա­­րար զօ­­րու­­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­­ւոյն Սրբոյ եղի­­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

Քրիս­­տոս Ծնաւ Եւ Յայտնե­­ցաւ։

Օրհնեալ Է Յայտնու­­թիւնն Քրիս­­տո­­­սի։

Հայ­­րա­­­կան սի­­րոյ ող­­ջունիւ եւ
աղօ­­թիւք ի Քրիս­­տոս

ՍԱ­­ՀԱԿ ՊԱՏ­­ՐԻԱՐՔ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ