Մերկ խուզարկումը արժանապատուութեան բռնաբարում է

Ժողո­վուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Էօմէր Ֆա­րուք Կեր­կերլիօղ­լու մի­ջոցէ մը ի վեր Խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն ահա­զանգ կը հնչեց­նէ բեր­ման են­թարկո­ւած­նե­րու, ձեր­բա­կալո­ւած­նե­րու կամ բան­տարկեալ­նե­րու ուղղեալ մերկ խու­զարկու­մի դրու­թեան դէմ։ Իշ­խա­նու­թեան պատ­գա­մաւոր­նե­րը առա­ջին հեր­թին մեր­ժե­ցին Կեր­կերլիօղ­լո­ւի պնդումնե­րը, ըսե­լով թէ ան կը ստէ եւ նման կի­րակու­թիւն մը չկայ ոս­տի­կանա­տու­նե­րու կամ ար­գե­լանոց­նե­րու մէջ։ Սա­կայն անոնց այդ ու­րա­ցու­մը ապար­դիւն մնաց, քա­նի որ Կեր­կերլիօղ­լու անուն, թո­ւական եւ վայր յի­շելով փաս­տա­ցի օրի­նակ­ներ պար­զեց այդ ան­մարդկա­յին վերա­բերու­մի մա­սին։ Իսկ այժմ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանը իր ար­ձա­կած վճի­ռով ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց նման կի­րակու­թիւննե­րու իրո­ղու­թիւնը։

Բեր­ման են­թարկո­ւած Ռիւ­յա Աղ­տաշ Սէօն­մեզ բո­ղոք յայտնած էր իրեն հան­դէպ գոր­ծադրուած մերկ խու­զարկման հա­մար եւ սահ­մա­նադ­րա­կան ատեանն ալ հաս­տա­տեց անոր են­թարկո­ւած տան­ջանքը։ Ատեանը այդ հաս­տա­տու­մով պա­հան­ջեց թէ բո­ղոքը կրկին դա­տական քննար­կումի ար­ժա­նանայ Իս­թանպո­ւի դա­տախա­զու­թեան կողմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ