Հայաստան կը գործադրէ թրքական արտադրութեան դէմ արգելափակումը

Հայաստա­նի վար­չութիւ­նը Թուրքիոյ Ատրպէյ­ճա­նի փո­խան­ցած զի­նեալ աջակ­ցութեան իբր պա­տաս­խան որո­շած էր 1 Յու­նո­ւար 2021 թու­կա­նէն սկսեալ 6 ամիս տե­ւողու­թեամբ թրքա­կան ապ­րանքնե­րու Հա­յաս­տան մուտքը ար­գի­լել։ Որո­շու­մը չընդգրկէր Հա­յաս­տա­նի ար­տադրու­թեան հա­մար հումք ծա­ռայող նիւ­թե­րը։

Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը կը նշէ թէ այս ար­գե­լափա­կու­մը սղա­ճի ազ­դե­ցու­թիւն մը պի­տի չու­նե­նայ շու­կա­ներու վրայ, քա­նի որ թրքա­կան ար­տադրու­թեան սպա­ռու­մը շատ բարձր չէ եղած եւ նման բնոյ­թի ապ­րանքը կա­րելի է նե­րածել Իրան, Պե­լառուս, Ռու­սիա եւ Չի­նաս­տա­նէն եկած­նե­րով։

Իրա­նի Առեւ­տուրի Զար­գացման Կազ­մա­կեր­պութե­նէն պաշ­տօ­նատար մըն ալ յայտնեց թէ նա­խապէս Թուրքիայէն նե­րածուած 2250 տար­բեր բնոյ­թի ապ­րանքը պի­տի մա­տակա­րարո­ւի Իրա­նի կող­մէ։ Ան նաեւ յայտնեց թէ պատ­ժա­միջո­ցին վե­րանա­լէն ետք ալ կա­րելի է Հա­յաս­տա­նի պա­հան­ջած հումքը կամ նա­խանիւ­թը հայ­թայթել Իրա­նէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ