Ռազմադաշտի վրայ դիակներու հաւաքումը կը շարունակուի

Ար­ցա­խի պաշ­տօ­նական շրջա­նակ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մամ­լոյ գոր­ծա­կալու­թիւննե­րուն յայտնե­ցին՝ թէ Ճէպ­րա­յիլ եւ Հատ­րուտի շրջան­նե­րուն յայտնա­բերուած են 19 զի­նուո­րի եւ մէկ քա­ղաքա­ցիի դիեր։ Քա­քացիի ինքնու­թիւնը պար­զելու եւ սպա­նու­թեան եղա­նակը ճշդե­լու հա­մար ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ու­ժերը մին­չեւ այ­սօր յայտնա­բերած են 1175 դիակ։ Հե­տազօտ­ման աշ­խա­տու­թիւննե­րը տա­կաւ կը շա­րու­նա­կուին։

Միւս կող­մէ Ատրպէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւններն ալ պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարե­ցին իրենց զո­հերու թի­ւը։ Ատրպէյ­ճա­նի Պաշտպա­նու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը կը յայտնէ թէ պա­տերազ­մի ըն­թացքին զո­հուած են 2 հա­զար 823 զի­նուոր եւ կը շա­րու­նա­կուի ան­հետ կո­րած 30 զի­նուոր­նե­րու որո­նու­մը։

Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւած է զո­հուած­նե­րու զի­նուո­րական աս­տի­ճան­նե­րը, ծննդեան տա­րեթի­ւը եւ լու­սանկար­ներ։ Կը նշո­ւի թէ աւե­լի քան 50 զի­նուո­րի ինքնու­թիւնը ճշդե­լու հա­մար աշ­խա­տութիւնները կը շարունակուին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ