Ակադեմիան անձնատուր չէ եղած

Պողա­զիչի Հա­մալ­սա­րանի տես­չութեան նշա­նակո­ւած Փրոֆ. Մե­լիհ Պու­լո­ւի դէմ բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու մաս­նակցող ու­սա­նող­նե­րը բեր­ման են­թարկուեցան 5 Յու­նո­ւար երեք­շաբթի առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն։ Ու­սա­նող­նե­րու Միու­թիւնը «Թո­ւիթըր»եան յայ­տա­րարու­թիւնով տե­ղեկա­ցուց որ պահի դրու­թեամբ 17 ու­սա­նող­ներ բեր­ման են­թարկո­ւած են, բայց ոս­տի­կան­նե­րուն ձեռ­քին կայ շատ աւելի եր­կար ան­ձա­նուննե­րու ցանկ մը։ Բեր­ման են­թարկո­ւած­նե­րը կը մե­ղադ­րո­ւին պե­տական պաշ­տօ­նեայի դի­մադ­րե­լու յանցանքով։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի, որ առա­ւօտո­ւայ ժա­մը 05.00-էն սկսեալ Պոլ­սոյ 13 շրջան­նե­րու մէջ 24 հաս­ցէ­ներ այ­ցե­լուած եւ 17 ան­ձեր բեր­ման են­թարկո­ւած են։ Միւս կող­մէ հա­մալ­սա­րանի ու­սուցչաց կազմն ալ մէկ­տե­ղուե­լով տե­սու­չա­րանի մուտքին կռնակ­նին դար­ձած են դէ­պի տե­սու­չա­րան եւ ըն­թերցած են ակա­դեմիայի բա­րոյա­կան սկզբունքնե­րը։ Ակա­դեմա­կան­նե­րը իրենց ելոյ­թի աւար­տին պա­հան­ջած են, որ բեր­ման են­թարկո­ւած ու­սա­նող­նե­րը իս­կոյն ազատ ար­ձա­կուին։

Փրոֆ. Էս­րա Մունկան կոչ ուղղեց ու­սա­նողու­թեան ըսե­լով թէ անձնա­տուր պի­տի չըլ­լան։ «Խիստ զայ­րա­ցած ենք, բայց շատ ալ ու­ժով կը զգանք։ Կամ բո­լորս, կամ ոչ ոք։ Եր­կի­րը այսպէս չի կրնար շա­րու­նա­կել։ Պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի։ Եթէ եր­կի­րը պի­տի ու­նե­նայ լու­սա­ւոր ապա­գայ, այդ ապա­գան դուք էք որ պի­տի կեր­տէք» ըսաւ Փրոֆ. Էս­րա Մունկան։ Չորեքշաբթի օր շարունակուեցաւ ոստիկանական գործողութիւնները եւ բերման ենթարկուածներու թիւը հասաւ 22-ի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ