19 Յունուարը այս տարի առցանց

Ամէն տա­րի Հրանդ Տին­քի սպա­նուած կէ­տին վրայ կա­յացող Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռու­մը այս տա­րի հա­մավա­րակի սահ­մա­նափա­կումնե­րու հե­տեւան­քով պի­տի կա­յանայ առ­ցանց դրու­թեամբ։

«Հրան­դի Ըն­կերնե­րը» հար­թա­կը այս մա­սին կը յայ­տա­րարէ թէ յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռու­մը պի­տի կա­յանայ 19 Յու­նուար երեք­շաբթի 14.45-ին, www.hranticinadaleticin.org հաս­ցէով։

Իսկ Հրան­դի սպա­նուած կէ­տի վրայ պի­տի գտնո­ւին միայն ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րը, որոնց յար­գանքի տուրքը դար­ձեալ պի­տի սփռո­ւի հա­մացան­ցի մի­ջոցաւ։

Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը կը նշեն թէ առ­ցանց ոգե­կոչու­մը միայն այս տա­րուայ հա­մավա­րակի պայ­մաննե­րու բեր­մամբ կը գոր­ծադրո­ւի եւ յա­ջորդ տա­րինե­րուն ոգե­կոչ­ման կար­գը պի­տի կա­յանայ ըստ աւան­դութեան զան­գո­ւածա­յին կեր­պով։

Այլ մի­ջոցա­ռումներ

Այս տա­րի հա­մավա­րակի սահ­մա­նափա­կումնե­րու պատ­ճա­ռաւ զա­նազան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ծրագ­րած մի­ջոցա­ռումներն ալ պի­տի կա­յանան առ­ցանց դրու­թեամբ։

Նոր Զար­թօնք 17 Յու­նո­ւար կի­րակի ժա­մը 17.00-ին կը մէկ­տե­ղէ Մա­հիր Էօզ­քան, Ին­ճի Հե­քիմօղ­լու, Թուրկութ Էօքեր, Գա­յանէ Այ­վա­զեան, Ատ­րիան Լո­մլոմ­ճեան, Եէք­թան Թիւրքեըլ­մազ, Արիս Նալ­ճը եւ Ալին Օզի­նեանը, որոնք պի­տի զե­կու­ցեն։

«ՏուրՏէ» հար­թա­կը 16 Յու­նո­ւար շա­բաթ յետ­մի­ջօրէին կազ­մա­կեր­պած է հան­դի­պում մը, ուր ելոյթ կ՚ու­նե­նան Ֆեթ­հի­յէ Չե­թին, Պիւ­լենթ Այ­տըն, Ճա­նան Ճոշ­քուն, Ֆաթ­մա Այտո­քուր եւ Թի­պետ Շա­հին։

«Չաղ­րը» պար­բե­րակա­նի կազ­մա­կեր­պած առ­ցանց ծրա­գիրը կը կա­յանայ 23 Յու­նո­ւար 2021, Շա­բաթ օր ժա­մը 20.00-ին, որուն ատե­նախօսն է Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ