«Սուգը չէ աւարտած, մեռելը դեռ գետինն է»

«Ակօս»ի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 14-րդ յիշատակումը այս տարի համավարակի պատճառաւ կայացաւ առցանց դրութեամբ: Նախոորդ տարիներուն «Ակօս»ի պատշգամէն կատարուող մամլոյ յայտարարութիւնը այս տարի «23,5 Յիշողութեան վայր»էն արտասանեց Պաշաք Տեմիրթաշ, (բանտի ենթարկուած Սելահատտին Տեմիրթաշի կինը) որուն հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:

Բարեւ սիրելի բարեկամներ, լաւ մարդիկ, քոյրերս ու եղբայրներս։

Մեր խորունկ վէրքին - որ երբեք չընդունեցինք, հակառակ տարիներ անցնելուն չվարժուեցանք եւ պիտի չվարժուինք - Մեր բարեկամին, մեծ եղբօր, հարազատին, մեր Հրանդին համար, ահա կրկին մէկտեղուած ենք։

Այս տարի, համաճարակի պայմանները այս տեսակ մէկտեղուելու առիթ կ՚ընծայեն։ Թերեւս չենք կրնար տեսնել մէկս մէկու աչքերը, բայց կրնանք լսել իրարու սիրտի զարկերը։

Դո՛ւք, ամեն տարի Ակօսին առջեւ հաւաքուողներ, աշխարհի չորս ծագերուն սիրտը մեր հետ բաբախողներ, սոսկ յիշատակում մը չէ այս, նոյն ատեն որոնում մըն է։

Արդարութիւն կը փնտռենք, մեր ձեռքերէն սահելով կորսուած խաղաղութիւնն է, որ կը փնտռենք։ Մեր ժպիտը կորսնցուցած ենք։ Մեր վայելքները, կեանքի սէրը...

Կրկին հաւաքուած ենք ահա, փնտռտուքի մէջ ենք։

Սգաւոր ենք։ Մեր ողբը չի հասնիր իր աւարտին։

Չի հասնիր աւարտին, որովհետեւ մեր ննջեցեալը տակաւին գետինն է։

Այսքան հոգի հաւաքուած, տակաւին չկրցանք մեր ուսերուն վրայ առնել մեր ննջեցեալը։ Որովհետեւ ծանր է։ Մեղքը ծանր է, ժառանգը ծանր է, կտակը ծանր է։

Փնտռտուքի մէջ ենք այս պատճառով։

Գիտեմ, կանգ պիտի չառնենք չգտած մեր փնտռածը։ Գիտեմ, շատ մօտիկ ենք։

Պիտի յուղարկաւորենք մեր ննջեցեալին։ Պիտի բարձրացնենք զինք իր ինկած տեղէն։ Հողին մէջ թաղելու համար չէ, այլ եղբայրութեան սօսին տնկած ըլլալու համար։

Հրանդին սիրելի բարեկամները, քոյրեր եւ եղբայրներ,

Թերեւս երկար տեւած է մեր որոնումը, ուշացած է մեր գարունը։ Հրանդին տուած մեր խոստումները տակաւին չենք իրականացուցած։ Այս ուշացումը հասարակութեան յանցանքը չէ, ոչ ալ ճնշուածներուն եւ օտարուածներուն։

Հակառակ անոր, որ բոլոր կարելիները հասանելի են մեր աչքին առջեւ, երկարելով ձեռք ձգելու քաջութիւնը չունեցող, մեր առաջնորդներն են բուն պակասաւորները։ Բայց վախնալ չկայ։ Մենք ալ, ճիշդ ինչպէս սիրելի Հրանդը ըրած էր, առանց վրէժխնդրութեան զգացումներուն յանձնուելու, համբերութեամբ, սիրով, բայց անպայման դիմադրութեամբ պիտի գրկենք յոյսը։ Ստիպուած ենք գտնել ճամբան զգաստութեամբ դուրս գալու այսքան բեւեռացումէ, թշնամութիւններէ եւ լարուածութենէ։ Այսքան քաոսային եւ բարդ երեւցող վիճակէն ձերբազատուիլ իրականութեան մէջ շատ պարզ է։ Պէտք է պարզապէս իրար քով գալ։ Ժողովրդավարութեան համար քով քովի ըլլալ։ Մենք կիներս, բաւական ուժ, հաւատք եւ քաջութիւն ունինք այս ընթացքը առաջնորդելու համար։ Եկէք, նախ մենք կիներս միանանք։ Անարդարութեան դէմ, ամեն տեսակ բռնութեան դէմ, աղքատութեան դէմ, կիներու մեծ ժողովրդավարութեան դաշինք մը կազմենք։ Խեղդուած հասարակութեան համար շունչի ճամբայ մը բանանք։ Տակաւին որքա՞ն պիտի սպասենք այս նպատակին համար։ Ի՞նչ կը սպասենք։

Ղեկավար մը, կուսակցութիւն մը, փրկիչ մը չէ մեզ միացնողը. միայն մեր ձեռքերն են։ Եկէ՛ք ձեռք ձեռքի տանք։ Մեր վաղը, մեր երեխաներուն ապագան փրկենք։

Թէ ոչ, ինչպէ՞ս պիտի յարգենք Հրանդին տուած մեր խոստումը։ Ինչպէ՞ս քով քովի, առանց ամօթի, պիտի գանք ամեն տարի։

Կիւլթէն Աքըն այսպէս ըսած է յոյսի մասին։

Սեւը վերցուցէք, կապոյտը դրէք, յոյսս չեմ կտրած։

Ինծի կանչեցէք, քունիս մէջ ժպտացած ատենս։

Կ՚ուզեմ ձեր ձեռքը երկարէք, երբ անիկա ճերմակ է։

Սեւը վերցուցէք, սէր դրէք, յոյսս չեմ կտրած։

Երբ աշունը կու գայ, մէկ կողմը թունդ սիրով լեցուած,

Երբ ձեռքիս է այս թռչունի վրդոված ձագը։

Դուք ալ բռնուելու, վստահելի բազուկներ ունիք։

Քիչ մըն ալ կեցէք, քիչ մընԽաւարը վերցուցէք, կապոյտ դրէք, յոյսս մի առնէք։

Յարգելի բարեկամներ, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Հոսկէ շատ մօտիկ, Ուրֆայի մէջ, Կէօպէքլիթեփէյի մէջ, տասներկու հազար տարեկան գիւղ մը կայ։ Աշխարի ամենէն հին գիւղն է, ամենէն հին թաղամասը, ամենէն հին տունը։ Չենք գիտեր ով էին անոր բնակիչները։

Անոնց ցաւերը, ուրախութիւնները, վախերը, երազները չենք գիտեր։ Եթէ այսօր ապրէին, իրենք իրենց թի՞ւրք պիտի ըսէին, հա՞յ, քի՞ւրտ, չենք գիտեր։ Ո՞ր կրօնքին կը հաւատային, ո՞ր կուսակցութեան ձայն կու տային, չենք գիտեր։ Միայն գիտենք եւ վստահ ենք, որ մէկ ինքնութիւն ունէին՝ մարդ արարած էին։ Նախ անոնք հողը փորած են։ Նախ անոնք սերմ ցանած են Միջագետքի մէջ։ Յետոյ է որ մենք եկած ենք։ Ալեւոր շրջանին չորս կողմէն։ Տաս առ տաս, հարիւր առ հարիւր, հազար առ հազար։ Ապա եղանք միլիոն։ Վերջապէս 84 միլիոն։ Եւ այդ օրէն ի վեր, կռիւ կ՚ընենք թէ այս հողերը որո՞ւ կը պատկանին աւելի։ Հարիւր տարի է կռիւ կ՚ընենք։ Հազար տարի է կռիւ կ՚ընենք։ Հինգ հազար տարի է կռիւ կ՚ընենք։

Մի նայիք կռիւ կ՚ընենք ըսելուս։ Կռիւը միւսներն են ընողը։ Մենք միայն ծեծ ուտողն ենք։ Քանի որ կռիւը ունեցուածքի կռիւ է։ Իշխանութեան, գերակայութեան կռիւն է։ Սուլթանութիւն, շքեղութիւն, գերիշխանութիւն։ Մենք միայն կը դիմադրենք։ Ողջ մնալու համար։ Մարդ արարած մնալու նպատակով կը դիմադրենք։ Հաւասարութեան համար, արդարութեան համար, խաղաղութեան համար, միասնութեան համար, աշխատանքի իրաւունքի համար։ Եւ կ՚ըսենք, ոչինչ կայ որ չենք կրնար բաժնեկցիլ մենք մեր միջեւ։ Այս երկիրը բոլորինս է։ Այս հողը բոլորիս կը պատկանի։ Իրաւունքներով, հաւասարութեամբ, արդար կեանք մը կարելի է եւ մօտ է, գիտենք։

Չորս միլիառ տարեկան ծերացած եւ յոգնած մեր մոլորակին վերջին տասներկու հազար տարուան մէջ, ինչպէ՞ս կրցանք այս վիճակին հասնիլ, ինչպէ՞ս կրցանք այսքան հեռանալ մարդ արարած ըլլալէ, բոլորը կը հրաւիրեմ այս մասին գեթ անգամ մը մտածելու։ Ինչպէ՞ս մոռցանք մեր այսքան միասնական արժէքները, միասնական ցաւերը, միասնական հրճուանքները։ Ինչպէ՞ս կրցանք մեր ննջեցեալին գետինը ձգել։ Ինչպէ՞ս կրցանք ստեղծել մեր այս միասնական ամօթը։

Եկէ՛ք քոյրեր եւ եղբայրներ, եկէ՛ք ձեռք ձեռքի տանք։ Այլեւս ուս ուսի շալկենք մեր ննջեցեալը։ Վերջին հասցնենք մեր միասնական յուղարկաւորութիւնը։ Նայեցէ՛ք, գետինը պառկողը մէ՛կ ինքնութիւն ունի՝ մարդ արարած։ Բայց անունն է Հրանդ, անունն է Թահիր, անունն է Պերքին, անունն է Ալի Իսմայիլ, անունն է Էրէն, անունն է Ճէյլան, անունն է Եասին, անունն է Մէտէնի, անունն Էթհէմ, անունն է Ուղուր, անունն է Թայպէթ, անունն է Այպիւքէ, անունն է Էքրէմ, բայց անունն է մարդ։ Մի՛ վախնաք սիրելիներ։ Ձեռք ձեռքի տուէք։ Ուսերնիդ առէք այս ննջեցեալը։ Ո՛չ ոք կրնայ առանձինը կրել այս բեռը։ Ըսի, չէ՞։ Ծանր է խղճին վրայ։ Ծանր է կտակը։ Մեր դահիճներուն խաւարին առանց յանձնուելու, մեր կորուստները յիշատակելու հանդիպումին հրաւիրենք զիրար։

Կրնանք յաջողիլ սիրելիներ։ Ստիպուած ենք յաջողիլ։ Ճեղքելով չարիքը, որ խոնաւութեան նման փակած է մեր մարմիններուն, պիտի հասնինք վառ ապագային։ Մեր յոյսը չարիքէն մեծ է, քանի որ դուք կագ։ Քանի որ մենք կանք։ Քանի որ մենք, ազատութեամբ երթուած միլիոններն ենք։ Քանի որ մենք մարդ ենք։

Խիզախ ըլլանք սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, եւ հաւատանք։ Բոլորս մէկ պիտի յաղթենք, անպայման պիտի յաղթենք։

Վերջապէս, կ՚ուզեմ խօսքս աւարտել բանաստեղծութեամբ մը, որ Սելահատտին ղրկած է բանտէն։

Կը դղրդայ գետնին խորքը։

Կը ցնցուին երկինք հասնող աշտարակները։

Հողը ազատութեամբ է յղի

Մեզի կրկին պիտի ծնի։

Ձեռքերս գրպաններս, քայլերս անպարտ են։

Անհոգ կը քալեմ գերեզմաններու ծայրերէն։

Խօսք ունինք տուած մեր մեռելներուն։

Աւետիս ունինք մեր ողջերուն։

Մսող երեխաները արեւով թող տաքնան։

Որբ մնացած սիրելիները միանան։

Ճակտի քրտինքին սէր խառնուի – ասոր համար է մեր կռիւը։

Նշան մը պիտի չկախուի մեր կուրծքէն։

Շատ շատ իւղած պարան մը մեր վիզէն։

Թերեւս ուղեկորոյս փամփուշտ մը մեր թիկունքէն։

Մենք ոչ անուն ունինք, ոչ անցագիր։

Մեր ինկած տեղը կը ճանչնաս մեզի։

Վայրի ծաղիկ կաճի մեր հողին։

Թերեւս ալ կակաչ մը, իր ամբողջ շիկութեամբ։

Չարիքին դէմ ապստամբած հողին զաւակներն ենք մենք։

Կու գանք մեր ամբողջ բերկրութեամբ։

Տե՛ս, քիչ մնաց, կը դղրդայ գետնին խորքը։

Կը ցնցուին երկինք հասած աշտարակները։

Հողը ազատութեամբ է յղի,

Մեզի կրկին պիտի ծնի։

Ամենէն խորին սիրով եւ յարգանքով։ Հրանդին գեղեցիկ յիշատակին առջեւ խոնարհելով։ Քեզ երբեք պիտի չմոռնանք Հրանդ եղբայր. Em te ji qet bîr nakin birayeminê eziz. Teşekkür ediyorum. Շնորհակալութիւն. Gelek spas.

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ