Էրտողանի աւետիսը «Լուսին կ՚երթանք»

9Փետ­րո­ւար երեք­շաըթի օր Նա­խագահ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարեց եր­կու օր առաջ խոս­տա­ցած աւե­տիսը։

«Լու­սին կ՚եր­թանք» ըսե­լով սկսած ելոյ­թին մէջ ման­րա­մաս­նութիւններ փո­խան­ցեց Թուրքիոյ տիեզե­րագ­նա­ցու­թեան ծրագիր­նե­րուն մա­սին։ Սոյն ծրա­գիր­նե­րը նա­խատե­սուած են երեք հանգրո­ւանով, որոնց վերջնա­կէտն է թուրք աստղա­նաւոր­դի մը լու­սին ոտք դնելը։

Էր­տո­ղանի այս աւե­տիսը շու­տով եր­գի­ծան­քի նիւթ դար­ձաւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ, ուր մա­նաւանդ կը շեշ­տադրո­ւէր երկրի առ­կայ տնտե­սական ճգնա­ժամը, գոր­ծազրկու­թիւնը եւ անոցն հետ կա­պուած հա­սարա­կու­թեան սնան­կա­ցու­մը։

Միւս կող­մէն դէ­պի լու­սին տիեզե­րագ­նա­ցու­թիւնը ար­դէն իսկ դար­ձած է զբօ­սաշրջու­թեան խնդիր, քա­նի որ այժմէն եր­կու ըն­կե­րու­թիւններ կը պատ­րաստո­ւին իրենց ու­ղե­ւոր­նե­րը դէ­պի լու­սին փո­խադ­րել որոշ գու­մա­րի մը փոխարէն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ