«Քավալային Կնիկը»

Երբ օրըս­­տօ­­­րէ կը ծա­­ւալի նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի ձե­­ռամբ Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի տես­­չութեան ան­­պա­­­տեհ նշա­­նակու­­մի դէմ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը, նոյն հա­­մեմա­­տու­­թեամբ կը տգե­­ղանայ նաեւ, այդ քննա­­դատ­­նե­­­րու դի­­մաց Էր­­տո­­­ղանի եւ անոր գլխա­­ւորած կա­­ռավա­­րու­­թեան ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թեան մա­­կար­­դա­­­կը։ Այսպէս նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան վեր­­ջերս բա­­ւական նո­­ւազ­­դա­­­ցու­­ցիչ շեշ­­տով թի­­րախ ցոյց տո­­ւաւ հա­­մալ­­սա­­­րանի կար­­կա­­­ռուն դէմ­­քե­­­րէն տնտե­­սագէտ փրօֆ. Այ­­շէ Պուղրան։ «Գի­­տենք թէ Օս­­ման Քա­­ւալա հա­­մարեա Սո­­րոսի գրա­­սենեակը ըլ­­լա­­­լով կ՚աշ­­խա­­­տի։ Անոր կնիկն ալ Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի այդ խառ­­նա­­­կիչ­­նե­­­րէն մէկն է, որ կը գրգռէ աշա­­կեր­­տութիւ­­նը» ըսած էր Էր­­տո­­­ղան։

Նշենք որ փրոֆ. Այ­­շէ Պուղրա իր մաս­­նա­­­գիտու­­թեան մէջ մի­­ջազ­­գա­­­յին հե­­ղինա­­կու­­թիւն մը կը հա­­մարո­­ւի եւ հա­­մաշ­­խարհա­­յին տնտե­­սագի­­տու­­թեան առու­­մով յա­­ճախա­­կի մէջ­­բե­­­րումներ կը կա­­տարո­­ւին իր տնտե­­սագի­­տական ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րէն։ Անոր ան­­հա­­­տական հե­­ղինա­­կու­­թիւնը ան­­տե­­­սելով «Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի կնի­­կը» իբ­­րեւ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լը շատ լուրջ հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան հան­­դի­­­պեցաւ քա­­ղաքա­­կան եւ թէ գի­­տական շրջա­­նակ­­նե­­­րէն։ Ար­­դա­­­րեւ բազ­­մա­­­թիւ տնտե­­սագէտ­­ներ ստո­­րագ­­րե­­­ցին զօ­­րակ­­ցութեան նա­­մակ մը, նշե­­լով որ պա­­տիւ կը զգան Այ­­շէ Պուղրա­­յի պաշ­­տօ­­­նակի­­ցը ըլ­­լա­­­լով։ Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան Նա­­խագահ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու եւ Իյի Կու­­սակցու­­թեան նա­­խագահ Աք­­շե­­­ներ իրենց կու­­սակցու­­թեան խորհրդա­­րանի խմբակ­­ցութիւննե­­րուն ուղղեալ ելոյթնե­­րու ըն­­թացքին ծան­­րօ­­­րէն քննա­­դատե­­ցին նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանը իր այս ան­­պատշաճ ելոյ­­թին հա­­մար։

Միւս կող­­մէ զա­­նազան վեր­­լուծա­­բան­­ներ բնա­­կան կը հա­­մարեն այս կո­­պիտ վե­­րաբե­­րու­­մը դի­­տել տա­­լով թէ կրօ­­նամոլ պահ­­պա­­­նողա­­կանու­­թիւնը եր­­բե­­­ւիցէ չի կրնար գնա­­հատել կնոջ յա­­ջողու­­թիւնը եւ զայն կը բնու­­թագրէ իր «տի­­րոջ», այս պա­­րագա­­յին ամուսնոյն մի­­ջոցաւ։

Այս կո­­պիտ ար­­տա­­­յայ­­տութեան դէմ Այ­­շէ Պուղրա կա­­րիքը չէ զգա­­ցած ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ բա­­ցատ­­րութիւններ տա­­լու։ Ան խնդի­­րը դի­­տած է իբ­­րեւ իր աշա­­կերտնե­­րուն հան­­դէպ անար­­գանք, ըսե­­լով թէ այդ աշա­­կեր­­տութիւ­­նը ու­­նի իր դա­­տողու­­թեան բարձր ար­­ժա­­­նիքը եւ ոչ ոք կրնայ գրգռել զի­­րենք։

Երբ Այ­­շէ Պուղրա կը պա­­հէ այս մա­­կար­­դա­­­կը ան­­դին Թրա­­քիոյ Հա­­մալ­­սա­­­րանի Աս­­տո­­­ւածա­­բանու­­թեան բաժ­­նի վա­­րիչը չի վա­­րանիր իրենց բո­­ղոքը յայտնող աշա­­կերտնե­­րուն սպառ­­նա­­­լու։ «Կը տես­­նեմ որ օրե­­րէ ի վեր բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր կը կա­­տարէք։ Մենք ձեզ նման ցոյց բան չենք ըներ։ Գի­­շեր կը յան­­կարծ կու գանք գոր­­ծը կ՚աւար­­տենք եւ յա­­ջորդ օրն ալ կը վե­­րադառ­­նանք մեր աշ­­խա­­­տան­­քին։ Գիտ­­ցէք ու­­զե­­­ցի»։ Ահա այսպէս կը դրսե­­ւորո­­ւի իշ­­խա­­­նամէտ շրջա­­նակ­­նե­­­րու զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը իշ­­խող քա­­ղաքա­­կան ու­­ժի հան­­դէպ։

Միւս կող­­մէ յան­­ցա­­­գործ աշ­­խարհի կա­­րեւոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րէն Ալա­­ատ­­տին Չա­­քըճը եւս յայ­­տա­­­րարու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է կոչ ուղղե­­լով նո­­րան­­շա­­­նակ տե­­ղապահ տե­­սու­­չին զգու­­շացնե­­լով թէ ամուր կե­­նայ իր պաշ­­տօ­­­նին վրայ եւ հե­­ռու մնայ հրա­­ժարե­­լու գա­­ղափա­­րէն։

Կա­­ռավա­­րու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րը նման խի­­զախ դի­­մադ­­րութիւննե­­րու պա­­հուն իս­­կոյն կը մտա­­բերեն «Կե­­զի» զբօ­­սայ­­գիի այդ մեծ դի­­մադ­­րութիւ­­նը, որ ծա­­ւալած էր ամ­­բողջ երկրի տա­­րած­­քին։ Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի այս կա­­մայա­­կան նշա­­նակու­­մի դէմ ցու­­ցա­­­բերած հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը եւս իր մէջ ու­­նի նման տա­­րողու­­թիւն, քա­­նի որ իշ­­խա­­­նու­­թեան վա­­րած քա­­ղաքա­­կանու­­թեան հան­­դէպ ընդհա­­նուր դժգո­­հու­­թիւնը այս եղա­­նակով կը գտնէր ար­­տա­­­յայ­­տութեան յար­­մար եղա­­նակ մը։ Այս դէպ­­քին ալ Թուրքիոյ զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ կը կա­­յանան բո­­ղոքի ցոյ­­ցեր ի դէմ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի վա­­րած քա­­ղաքա­­կանու­­թեան։

Բա­­ցի Ան­­գա­­­րա կամ Իզ­­մի­­­րի նման մեծ քա­­ղաք­­նե­­­րէ հե­­ռաւոր Արթվի­­նի նման գա­­ւառ­­նե­­­րէ ներս ալ կը բռնկի դժգո­­հու­­թեան ալիք մը, որուն դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը Պո­­ղազի­­չիի սխալ նշա­­նակու­­մէն աւե­­լի կը կա­­յանայ ժո­­ղովուրդի ընդհա­­նուր դժգո­­հու­­թե­­­նէն։

Այժմ ԱՄՆ սե­­նաթի աւե­­լի քան 50 պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ դի­­մած են նա­­խագահ Պայ­­տը­­­նին Թուրքիոյ հա­­կաժո­­ղովրդա­­վարա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը դա­­տապար­­տե­­­լու պա­­հան­­ջով։ Յստակ է որ նման հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նաեւ ձեռնտու պի­­տի ըլ­­լայ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան, քա­­նի որ ան այսպէ­­սով իր գոր­­ծը պի­­տի ար­­դա­­­րաց­­նէ ըսե­­լով որ «Այս դի­­մադ­­րութիւ­­նը մաս­­նիկն է նաեւ Թուրքիոյ դէմ կի­­րար­­կո­­­ւած հա­­մաշ­­խարհա­­յին դա­­ւադ­­րութեան»։ Նշենք որ այդ պնդու­­մը ընդմիշտ յա­­ճախորդ գտած է յատ­­կա­­­պէս Էր­­տո­­­ղանի հա­­մակիր­­նե­­­րու շրջա­­նակին մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ