Մայրենի լեզուի գործածութիւնը երաշխիքն է ինքնութեան

«Լեզո­ւական իրա­ւունքնե­րը մար­դու իրա­ւունքնե­րու ան­բա­ժան մասն են»։ Այս հաս­տա­տու­մով կ՚աւար­տէր լե­զուի իրա­ւունքնե­րու հա­մար պայ­քա­րող հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութեան այս տա­րուայ յայ­տա­րարու­թիւնը, որ թարգմա­նուած էր Թուրքիոյ մէջ խօ­սուած բո­լոր լե­զու­նե­րու եւ ստո­րագ­րո­ւած այդ լե­զու­նե­րը ներ­կա­յաց­նող հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ։ Այդ ցան­կին մէջ հա­յերէ­նի առու­մով կը նկա­տենք «Նոր Զար­թօնք» շար­ժումը, «Ակօս»ը Արա­մեան Սա­նուց Միու­թիւնը եւ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը։

Մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը Թուրքիոյ մէջ լուրջ խնդիր մըն է եր­կի­րը իբ­րեւ թէ կա­ռավա­րող­նե­րու հա­մար։ Անոնք թրքե­րէնէ բա­ցի բո­լոր լե­զու­նե­րը դի­տած են ազ­գա­յին պե­տու­թեան դէմ սպառ­նա­լիք մը ըլ­լա­լով։ Գի­տակ­ցած են թէ ազ­գա­յին ինքնու­թեան բնո­րոշիչ յատ­կութիւննե­րու գլխա­ւորն է մայ­րե­նի լե­զուն։ Երկրի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րը թուրք ազ­գի ըն­կա­լու­մով ձու­լե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը ան­շուշտ որ պի­տի չհան­դուրժէր ու­րիշ ազ­գութիւննե­րու գո­յու­թիւնը ապա­ցու­ցող լե­զուա­կան զա­նազա­նու­թեան մը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ ամ­բողջ հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ պատ­մութեան ըն­թացքին խիստ պայ­քար տա­րաւ թրքե­րէնէ դուրս լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեան դէմ։ Այդ պայ­քա­րը տո­ւաւ իր ար­դիւնքը երկրի տա­րած­քը բա­զում լե­զու­նե­րու հա­մար գե­րեզ­մա­նի վե­րածե­լով։ Սա­կայն վեր­ջին 20-30 տա­րինե­րու ըն­թացքին հետզհե­տէ կը ծա­ւալի նոր գի­տակ­ցութիւն մը եւ զա­նազան ժո­ղովուրդներ կը պայ­քա­րին իրենց մայ­րե­նիի գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կելու հա­մար։ Պայ­քա­րի կա­րեւոր դաշ­տե­րէն մէկն ալ մայ­րե­նի լե­զուով ու­սում ստա­նալու պա­հանջքն է։ Մար­դիկ գի­տեն թէ առտնի խօ­սակ­ցութիւ­նով կա­րելի չէ լե­զուի մը զար­գա­ցու­մը ապա­հովել։ Առօ­րեայ ու առտնի ապ­րումնե­րու մէջ բա­ւարա­րող քա­նի մը հա­րիւր բա­ռը կ՚ընդլայ­նի միայն ու միայն դպրո­ցական կրթու­թիւնով ու ու­սումով։ Ահա այդ պայ­քարն է որ կը հան­դի­պի Թուրքիոյ պե­տական մտքի դի­մադ­րութեան։

Գերզգայ­նութիւ­նը կը կա­յանայ մայ­րե­նի լե­զուին հա­սարա­կու­թեան մէջ տե­սանե­լի ըլ­լա­լու հա­ւանա­կանու­թեան դէմ։

Կրկին վեր­յի­շենք «Մայ­րե­նի լե­զուն մար­դու իրա­ւունքնե­րու ան­բա­ժան մասն է» նա­խադա­սու­թիւնը։ Նաեւ նշենք թէ նե­րառեալ լե­զուա­կան իրա­ւունքնե­րը Թուրքիա կը ներ­կա­յանայ մար­դու իրա­ւունքնե­րը ամե­նաշատ ոտ­նա­կոխած եր­կիրնե­րու ցան­կի ա­ռաջին կար­գե­րու վրայ։ Այս ալ կը պար­տադրէ լե­զուա­կան իրա­ւունքնե­րու հա­մար մղո­ւած պայ­քա­րը դնել մար­դու իրա­ւունքնե­րու պայ­քա­րին մէջ, որուն գլխա­ւոր պայ­մաններն են կեանքի, աշ­խա­տան­քի ար­դար դա­տուե­լու, հա­ւատ­քի, ազա­տու­թեան ան­կախ լրա­խօսի, հա­ղոր­դակցու­թեան, խօս­քի ու մտքի ազա­տու­թեան իրա­ւունքնե­րը։ Իրա­ւունքներ՝ որոնց իւ­րա­քան­չիւրին ոտ­նա­կոխ­ման ակա­նատես կ՚ըլ­լանք մեր ապ­րած երկրին մէջ, որ կը կո­չենք հայ­րե­նիք կամ ծննդա­վայր։

Նման զրկանքնե­րը յա­րաբե­րաբար աւե­լի տա­նելի են օտա­րու­թեան մէջ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ եկո­ւոր ժո­ղովուրդնե­րը աւե­լի նո­ւազ պա­հան­ջող են, քան բնիկ­նե­րը, տե­ղացիք։ Բայց նոյնն է, եկո­ւոր թէ տե­ղացի ոչ ոք պի­տի ու­զէ իրեն ժա­ռան­գո­ւած մայ­րե­նիին վեր­ջին խօ­սողը ըլ­լալ։ Ու­րեմն մարդկա­յին պար­տադրանք մըն է լե­զուն փո­խան­ցել յա­ջորդ սե­րունդին, փո­խան­ցե­լու հա­մար ամ­բողջ մշա­կոյթ մը եւ այդ մշա­կոյ­թին թե­լադ­րած գի­տակ­ցութիւ­նը։

Մայրենիի մասին մամլոյ յայտարարութիւն

1999 թո­ւակա­նի Նո­յեմ­բե­րի 17-ին ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի կող­մէ յայ­տա­րարո­ւած 21 Փետ­րո­ւար Մայ­րե­նի Լե­զուի Մի­ջազ­գա­յին Օրո­ւայ առ­թիւ որ­պէս իրենց մայ­րե­նի լե­զուի իմաս­տի եւ կա­րեւո­րու­թեան հա­մար զգայ­նութիւն ու­նե­ցող քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան գոր­ծիչներ, 2021 թո­ւակա­նին եւս հա­մախմբո­ւեցանք ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար մեր պա­հանջնե­րը։

Թուրքիոյ հարստու­թիւնը եղող բո­լոր մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու եւ լե­զուա­կան բազ­մա­զանու­թեան բո­լորի կող­մէ որ­դեգրո­ւիլը եւ սա­տարո­ւիլը, մեր տա­րաձայ­նութիւննե­րու հետ միասին խա­ղաղ ապ­րե­լու երաշ­խիքն է։ Լե­զուա­կան իրա­ւունքնե­րու առ­ջեւ խո­չըն­դոտնե­րու ոչնչա­ցու­մը անհրա­ժեշտ է ժո­ղովրդա­վարու­թեան հա­մար։ Մեծ պար­տա­կանու­թիւններ կ՚իյ­նան պե­տու­թեան, հա­սարա­կու­թեան եւ ան­հատնե­րու վրայ, որոնք պէտք է զգա­յուն ըլ­լան այս հար­ցի մէջ։

Մենք հա­մոզո­ւած ենք, որ պէտք է աջակ­ցիլ բո­լոր այն ան­հատնե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւննե­րու՝ ըն­դունե­լով երկրին մշա­կու­թա­յին հարստու­թեան իրենց բե­րած ներդրու­մը, որոնք մեծ զո­հողու­թեամբ կ՚աշ­խա­տին սկսեալ ոչնչաց­ման վտան­գի տակ գտնո­ւող լե­զու­նե­րէն, Թուրքիոյ տար­բեր լե­զու­նե­րու գո­յատեւ­ման հա­մար։

Որ­պէս բա­ղադ­րիչնե­րը՝ Լե­զուա­կան Իրա­ւունքնե­րու Վե­րահսկման,Վա­ւերաց­ման եւ Տե­ղեկագրման Ցան­ցի այս ծի­րէն ներս կոչ կ՚ընենք՝

1. Մայ­րե­նի լե­զուն սո­րուե­լու եւ հա­սարա­կական դաշ­տի մէջ կի­րառ­ման հա­մար պէտք է կա­տարո­ւին աւե­լի ազա­տական, իրա­ւական եւ վար­չա­կան կար­գադրու­թիւններ եւ առ­կայ կար­գադրու­թիւննե­րը պէտք է իրա­կանա­ցուին ան­կաշկանդ եւ վճռա­կան ձե­ւով։

2. Անհրա­ժեշտ է շօ­շափե­լի քայ­լե­րու ձեռ­նարկել ոչնչաց­ման վտան­գի տակ գտնո­ւող լե­զու­նե­րը պաշտպա­նելու ուղղու­թեամբ, այս նիւ­թի վրայ աշ­խա­տող քա­ղաքա­ցիական հա­սարա­կու­թեան գոր­ծիչնե­րուն պէտք է շտա­պօրէն աջակ­ցիլ։

3. Երկրի մէջ գոր­ծա­ծուող տար­բեր մայ­րե­նի լե­զու­նե­րու վե­րաբե­րեալ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ հիմ­նադրո­ւած ստո­րաբա­ժանումնե­րը (բա­ժին­ներ, գլխա­ւոր գի­տական մաս­նա­ճիւ­ղեր եւ ինստի­տուտներ) պէտք է տա­րածել եւ առ­կայ ստո­րաբա­ժանումնե­րը պէտք է զար­գացնել աղ­բիւրնե­րու եւ կա­րողու­թիւննե­րու տե­սան­կիւնէն։

4. ՄԱԿ-ի Ընդհա­նուր Ժո­ղովի կող­մէ ու­ժի մէջ դրո­ւած 1990 թ. Սեպ­տեմբե­րի 2-ին եւ

Թուրքիոյ կող­մէն 1995 թ. Հոկ­տեմբե­րին հաս­տա­տուած Ման­կանց Իրա­ւունքնե­րու Հա­մաձայ­նագրու­թեան մայ­րե­նի լե­զուի վե­րաբե­րեալ երեք յօ­դուա­ծին վրայ Թուրքիոյ կող­մէ դրո­ւած վե­րապա­հումնե­րը պէտք է ջնջո­ւին։

Լե­զուա­կան իրա­ւունքնե­րը մար­դու իրա­ւունքնե­րու ան­բա­ժան մասն են։

Աշ­խարհի բո­լոր լե­զու­նե­րու մայ­րե­նի լե­զուի օրը շնոր­հա­ւոր ըլլայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ