Մուսա Լերան Սըբ Սարգիսը

ՄԻՍԱՔ ՀԵՐԿԵԼ

«Աւան­­դութիւններ» յօ­­դուա­­ծաշար­­քի այս բաժ­­նին մէջ կ՚անդրա­­դառ­­նանք Սուրբ Սար­­գի­­­սի Մու­­սա Լե­­րան գիւ­­ղե­­­րուն մէջ ըն­­կալման եղա­­նակին եւ անոր ձօ­­նուած տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րուն։ Ի դէմ ազ­­գա­­­յին տար­­բե­­­րու­­թեան հայ ժո­­ղովուրդը մեծ սէր ու­­նե­­­ցած է զօ­­րավար Սուրբ Սար­­գի­­­սի հան­­դէպ։ Ան ծնած էր 330 թո­­ւին Կա­­պատով­­կիոյ Կա­­միրք (Այժմու Կե­­մերեք) քա­­ղաքը իբ­­րեւ յոյն ըն­­տա­­­նիքի մը որ­­դին։ Քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը ըն­­դունած առա­­ջին հռով­­մէացի կայ­­սր Մեծն Կոս­­տանդի­­նի կող­­մէ գնա­­հատո­­ւած էր իր քա­­ջու­­թիւնը եւ զի­­նուո­­րական հմտու­­թիւնը ու իր ծննդա­­վայ­­րի հրա­­մանա­­տար ու իշ­­խան կար­­գուած էր կայսրի կող­­մէ։

Սուրբ Սար­­գիս բա­­ցի իր ռազ­­մա­­­կան յատ­­կութիւննե­­րուն, քրիս­­տո­­­նէու­­թեան քա­­րոզիչ մըն էր նաեւ։ Իշ­­խա­­­նութիւն ըրած տա­­րածու­­թեան մէջ շնոր­­հիւ իր հա­­մոզիչ յատ­­կութեան, արա­­գօրէն տա­­րածած էր այս նոր վար­­դա­­­պետու­­թիւնը։ Մինչ այդ մկրտո­­ւած ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ քրիս­­տո­­­նէու­­թիւնը մեր­­ժող եւ այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ հռով­­մի վեր­­ջին հե­­թանոս կայսրը ըլ­­լա­­­լով յիշուող Յու­­լիանոս սկսաւ ճնշում բա­­նեց­­նել Սար­­գիս զօ­­րավա­­րի դէմ։ Այս ճնշումնե­­րու դի­­մաց Սուրբ Սար­­գիս իր որդւոյն Մար­­տի­­­րոսի հետ միասին նախ ապաս­­տա­­­նեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի թա­­գաւորու­­թեան եւ ապա զրա­­դաշտ (զէրտիւշտ) Սա­­սանեան Պե­­տու­­թեան։ Այստեղ ան նշա­­նակո­­ւեցաւ բա­­նակի գլխա­­ւոր զօ­­րավար ու այդ կո­­չու­­մով պար­­տութեան մատ­­նեց դէ­­պի Սա­­սանեան եր­­կիր ար­­շա­­­ւան­­քի եկած հռո­­մէացի­­ները։ Սա­­կայն Սա­­սանեան ար­­քայ Շա­­պուհ Բ. 363 թո­­ւին զրա­­դաշ­­տութիւ­­նը մեր­­ժող եւ քրիս­­տո­­­նէու­­թիւն քա­­րոզող Սուրբ Սար­­գի­­­սը պատ­­ժեց սպան­­նե­­­լով նախ անոր որ­­դին, 14 քաջ ռազ­­միկնե­­րը ու վեր­­ջա­­­պէս զինք։

Պատ­­մա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րու վկա­­յու­­թիւնը այսպէս կը նկա­­րագ­­րեն Սուրբ Սար­­գիս զօ­­րավա­­րի կեն­­սագրու­­թիւնը։ Սա­­կայն հայ ժո­­ղովուրդը գնա­­հատե­­լով անոր յատ­­կութիւննե­­րը իւ­­րա­­­ցու­­ցած է այդ պատ­­մա­­­կան կեր­­պա­­­րը եւ անոր կեն­­սագրու­­թիւնը ճո­­խացու­­ցած բազ­­մա­­­թիւ յե­­րիւ­­րա­­­ծոյ պա­­տումնե­­րով եւ առաս­­պելնե­­րով։ Ան Սա­­սունցի Դա­­ւիթ առաս­­պե­­­լի «Գուրգիք Ճե­­լալի»ի նման թե­­ւաւոր սպի­­տակ ձիովը օգ­­նութեան կա­­րօտ­­նե­­­րուն հա­­սած, յատ­­կա­­­պէս ալ սի­­րահար­­նե­­­րու երա­­զանքնե­­րը իրա­­կանա­­ցու­­ցած սուրբ մը ըլ­­լա­­­լով դրոշ­­մո­­­ւած է հայ ժո­­ղովուրդի ըն­­կալման մէջ։

Սուրբ Սար­­գի­­­սի տօ­­նը Ս. Զատ­­կին նա­­խոր­­դող 63-րդ օրո­­ւայ շա­­բաթին, 18 Յու­­նո­­­ւար եւ 23 Փետ­­րո­­­ւարի մի­­ջեւ եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թիւննե­­րէ ետք հայ ժո­­ղովուրդի տար­­բեր բնա­­կավայ­­րե­­­րուն իրար­­մէ բո­­լորո­­վին տար­­բեր եղա­­նակ­­նե­­­րով կը յի­­շատա­­կուի։

Ինչպէս բա­­զում հայ­­կա­­­կան քա­­ղաք­­ներ Մու­­սա Լե­­րան տա­­րած­­քին ալ ամե­­նասի­­րուած արա­­կան անուննե­­րէն է Սար­­գի­­­սը։ Հա­­մարեա ամէն գեր­­դաստա­­նէ ներս կա­­րելի է հան­­դի­­­պիլ մէ­­կէ աւե­­լի Սար­­գիսնե­­րու։ Սուրբ Սար­­գի­­­սի հան­­դէպ այս սի­­րոյ դրսե­­ւորումնե­­րէն մէկն է Մու­­սա Լե­­րան երեք գիւ­­ղե­­­րու մէջ Սուրբ Սար­­գի­­­սի անու­­նով յի­­շուած, այդ սուրբին այդ վայ­­րե­­­րուն գտնո­­ւած ըլ­­լա­­­լուն հա­­ւատո­­ւած երեք սրբա­­վայ­­րեր Քե­­պու­­սի­­­յէ, Եողու­­նօ­­­լուք եւ Պի­­թեաս գիւ­­ղե­­­րուն մէջ։

Սուրբ Սար­­գի­­­սը տե­­ղական բար­­բա­­­ռով ասա­­ցուածքնե­­րուն ալ յի­­շուած անունն է։ «Եա Սըբ Սար­­գէս, դէ­­յուն թըղ հաս­­նես» (Ով Սուրբ Սար­­գիս դուն հա­­սիր) կամ «Եա Սըբ Սար­­գէս բռնից գու­­տես չին­­նեմ, թըղ չին­­նի հիք­­քես» (Ով Սուրբ Սար­­գիս բռնէ գօ­­տիս չիյ­­նամ, թող չել­­լայ հո­­գիս) եւ այլն։

Այս պատ­­մա­­­կան ան­­ձը հա­­յոց պա­­տումնե­­րու մէջ կը յի­­շուի իբ­­րեւ հա­­յոց բա­­նակի քաջ հրա­­մանա­­տարը։ Բիւ­­զանդիոնի կայսրը պա­­տերազ­­մի մը ըն­­թացքին օգ­­նութեան կը կան­­չէ Սուրբ Սար­­գի­­­սը։ Ան ալ իր 40 ռազ­­միկնե­­րով կը փու­­թայ օգ­­նութեան եւ կը յաղ­­թեն թշնա­­մին։ Սա­­կայն կայսրը տես­­նե­­­լով անոնց կա­­րողու­­թիւնը կը վախ­­նայ խոր­­հե­­­լով թէ ապա­­գային իր գլխուն ալ կրնան փոր­­ձանք դառ­­նալ։ կը սար­­քէ խնճոյք մը հայ ռազ­­միկնե­­րու պա­­տուին, ուր կը ծրագ­­րէ զա­­նոնք հար­­բեցնե­­լով սպան­­նել։ Այս մա­­սին կը պաշ­­տօ­­­նակո­­չէ 40 ցո­­փու­­հի­­­ներ, որոնք պի­­տի օգ­­նեն այս դա­­ւադ­­րութեան իրա­­կանաց­­ման։ Սա­­կայն Սուրբ Սար­­գի­­­սին մօ­­տեցող կի­­նը կը հմա­­յուի Սուրբի գե­­ղեց­­կութե­­նէն եւ կը խոս­­տո­­­վանի կա­­տարո­­ւած դա­­ւադ­­րութիւ­­նը։ Ըստ աւան­­դութեան Սուրբ Սար­­գիս այս լսե­­լով կարգ մը զրոյցնե­­րու հա­­մաձայն որ­­դին, իսկ ու­­րիշ զրոյցնե­­րու հա­­մաձայն ալ դա­­ւադ­­րութիւ­­նը բա­­ցայայ­­տող գե­­ղու­­հին հե­­տը առ­­նե­­­լով կը հեծ­­նի սպի­­տակ ձին ու թե­­ւաւոր ձին ալ կը սլա­­նայ քա­­ղաքի պա­­րիսպնե­­րէն եւ զի­­րենք կը տա­­նի ազա­­տու­­թեան։

Այս զրոյցնե­­րը կ՚աւար­­տին նման փա­­խուստէ մը ետք Սուրբ Սար­­գի­­­սի ապաս­­տա­­­նած քա­­րայրնե­­րը մատ­­նա­­­ցոյց ընե­­լով։ Այդ քա­­րայրնե­­րու ամե­­նան­­շա­­­նաւորն է մին­­չեւ 1939 թի­­ւը հա­­յաբ­­նակ Քե­­պու­­սիէ գիւ­­ղի հիւ­­սիս արեւ­­մուտքին գտնո­­ւող ժայ­­ռա­­­փոր քա­­րայ­­րը։ Ան կը գտնո­­ւի բարձր դիր­­քի մէջ, որուն ան­­ցեալին կա­­րելի էր բարձրա­­նալ բա­­ւակա­­նին խար­­խուլ սան­­դուխով մը։ Նոյ­­նիսկ աւան­­դազրոյցներ կա­­յին թէ այդ գիւ­­ղը աւե­­լի վերջ հաս­­տա­­­տուած օտար­­ներ սան­­դուխը փոր­­ձած են գոր­­ծա­­­ծել իրենց պար­­տէզնե­­րուն կամ տնե­­րուն մէջ, բայց յա­­ջորդ առա­­ւօտ զար­­մա­­­նալով տե­­սած են որ սան­­դուխը դար­­ձեալ յայտնուած է «Սըբ Սար­­գի­­­սէն մա­­ղարան» այ­­սինքն Սուրբ Սար­­գի­­­սի քա­­րայ­­րի մուտքին։ Վեր­­ջերս քա­­րայր բարձրա­­նալը դիւ­­րացնե­­լու հա­­մար կա­­ռու­­ցո­­­ւած է եր­­կա­­­թեայ նոր սան­­դուխ մը։ Նշենք որ այժմ կող­­քին աշ­­տա­­­րակ մը աւելցնե­­լով մզկի­­թի վե­­րածուած Քե­­պու­­սիէի եր­­բեմնի եկե­­ղեցին ալ կո­չուած էր Սուրբ Սար­­գիս։ Մու­­սա Լե­­րան հա­­յու­­թեան Սուրբ Սար­­գի­­­սի հետ կա­­պուած աւան­­դութիւննե­­րէն մէկն ալ սուրբի յի­­շատակ­­ման օրո­­ւայ յա­­տուկ կար­­կանդա­­կը «Քումպու» է։ Մու­­սա Լեր­­ցի­­­ներ Սուրբ Սար­­գի­­­սի տօ­­նակա­­տարու­­թեան առ­­թիւ կը պատ­­րաստէին 30-40 սմ. տրա­­մաչա­­փով բո­­լորա­­ձեւ խմո­­րեղէն մը, որ կը կո­­չուէր քումպու։ Քումպու­­ի հիմ­­նա­­­կան նա­­խանիւթն էր թե­­փաւոր ցո­­րենի կամ եգիպ­­տա­­­ցորե­­նի ալիւ­­րը, ձէ­­թը եւ ռու­­պը։ Ան­­ցեալին բա­­ւակա­­նին քաղցրա­­համ թու­­զի ռու­­պը կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւէր եւ նաեւ մեղր։ Նախ կը պատ­­րաստո­­ւէր խմո­­րը, որուն աւե­­լացո­­ւած կ՚ըլ­­լար ման­­րո­­­ւած ըն­­կոյզ եւ պիս­­տակ։ Այս բա­­ւակա­­նին թանձր խմո­­րը տան բնա­­կիչ­­նե­­­րու թի­­ւով շեր­­տե­­­րու կը բա­­ժանո­­ւէր, որոնց մէջ կը պա­­հուէր նաեւ մե­­տաղեայ դրամ, ու­­լունք, կո­­ճակ, սի­­սեռ կամ լու­­բիա։ Ապա ան կը փա­­թաթո­­ւէր «լվվակ» (թիր­­շի­­­կի խոտ) բոյ­­սի տե­­րեւ­­նե­­­րով եւ կը թա­­ղուէր մո­­խիրին մէջ։ Այդ մո­­խիրին մէջ եր­­կար եփո­­ւող քումպուն յա­­ջորդ օր կը բա­­ժանուէր ըն­­տա­­­նիքի մէջ եւ մե­­տաղէ դրա­­մի հան­­դի­­­պողը, այ­­սինքն «տու­­լութ»ին տի­­րացո­­ղը ըն­­տա­­­նիքի բախ­­տա­­­ւորը կը հա­­մարո­­ւէր։ Բայց բախ­­տա­­­ւոր ըլ­­լալն ալ իր կար­­գին փոր­­ձանքա­­բեր է, քա­­նի որ ըն­­տա­­­նիքի դժբախտ ան­­դամնե­­րու կողմէ իբ­­րեւ թէ նա­­խան­­ձի ար­­տա­­­յայ­­տութիւն յար­­ձա­­­կու­­մի կ՚են­­թարկո­­ւէր ծով նե­­տուե­­լու սպառ­­նա­­­լիքով։ Այս ալ մի այլ ակ­­նարկու­­թիւն էր Յով­­նան մար­­գա­­­րէի առա­­կին, քա­­նի որ ան ծով նե­­տուե­­լով հան­­դերձ բախտ բեր­­մամբ փրկո­­ւած էր։

Աղ­­բիւրներ՝

1 https:// www. houshamadyan. org.

2 «Յու­­շա­­­մատեան Մու­­սա Լե­­րան» Մար­­տի­­­րոս Քու­­շակճեան Պօ­­ղոս Մա­­տու­­րեան, Պէյ­­րութ 1970

3 «Մու­­սա Տա­­ղի Պա­­պենա­­կան Ար­­ձա­­­գանգներ» Թով­­մաս Հա­­պէշեան, Պէյ­­րութ 1986

4 «Մու­­սա Լե­­րան Հայ­­կա­­­կան Գաղ­­թօ­­­ճախը» Մար­­տի­­­րոս Քու­­շակճեան, Պէյ­­րութ 1988

5 «Մուսմա Լե­­րան Դի­­մադ­­րութիւ­­նը» Ֆլա­­վիա Ամա­­պիլէ- Մար­­քօ Թո­­սաթ­­թի, «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տուն Իս­­թանպուլ 2017

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ