Վերադարձ դէպի քաղաքականութիւն

Հայաստա­նի Հան­րա­պետու­թեան նախ­կին իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ Սերժ Սարգսեան, որ Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թե­նէ ետք առ­հա­սարակ հե­ռու մնա­ցած էր քա­ղաքա­կան բա­նավէ­ճերէ, վեր­ջերս սկսած է ու­շագրաւ յայ­տա­րարու­թիւննե­րով վե­րադառ­նալ դէ­պի քա­ղաքա­կանու­թիւն։ Նշենք որ նախ­կին նա­խագա­հը այդ մի­ջոցին մէջ ապ­րե­ցաւ նաեւ իր կո­ղակի­ցը՝ ան­ցեալի առա­ջին տի­կին Ռի­մա Սարգսեանի մա­հուան թա­խիծը պսա­կաձեւ ժահ­րի հա­մավա­րակի պատ­ճա­ռաւ։ Սերժ Սարգսեան ինք եւս վա­րակո­ւած էր, բայց յա­ջողե­ցաւ ապա­քինիլ։

Սարգսեան վեր­ջերս յայ­տա­րարու­թիւններ կ՚ընէ զա­նազան հե­ռուստա­կայան­նե­րուն եւ կը քննա­դատէ Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թիւնը պա­տերազ­մի օրե­րուն Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնը ճանչցած չըլ­լա­լուն հա­մար։ «Պա­տերազ­մը լա­ւագոյն առիթն էր Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւնը պաշ­տօ­նապէս ճանչնա­լու հա­մար։ Նոյ­նիսկ պա­տերազ­մը երբ աւար­տե­ցաւ պար­տութիւ­նով այդ ճա­նաչու­մը աւե­լի ծանր հե­տեւանք մը պի­տի չու­նե­նար եւ ամե­նաթէժ պայ­մաննե­րուն պի­տի հար­կադրո­ւէինք այդ որո­շու­մը չե­ղար­կե­լու եւ ոչ աւե­լին»։ Բա­ւակա­նին վի­ճելի է Սարգսեանի այս խոր­հուրդը, բայց նաեւ վրան մտա­ծելու ար­ժա­նի։ Քա­նի որ այդ օրե­րուն բա­ւական ըն­դունե­լու­թիւն գտած կար­ծիք մըն էր այս։ Իսկ այս պա­հուն որ­քան ալ քննար­կենք ացեալի բաց­թո­ղումնե­րը, մեր առ­ջեւ կա­յացած կա­րեւո­րագոյն խնդի­րը կը մնայ եր­կի­րը բե­րել որոշ կա­յու­նութեան, վերջ դնե­լով սնա­մէջ քա­ղաքա­կան քաշքշուքի։

Եր­կի­րը մատ­նո­ւած է ճգնա­ժամի մը եւ առաջ­նա­հերթ խնդիրն է վե­րահաս­տա­տել բնա­կանոն առօ­րեան եւ պայ­քա­րիլ կա­շառա­կերու­թեան եւ նման կոր­ծա­նարար սո­վորու­թիւննե­րու հետ։ Միայն օրի­նական եր­կի­րի տի­րանա­լով է որ կա­րելի պի­տի ըլ­լայ կու­տա­կուած բա­զում խնդիր­նե­րու յաղ­թա­հարումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ