Վերջին Ատըեամանցիներ ու Անոնց Մոռցուած Փառքերը

ԼԻՒՍԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ

Երեք տա­րի առաջ էր, երբ Ատըեաման­ցի մեր բա­­րեկամ Քե­­նան Ենի­­ճէ իմաց տո­­ւաւ Ատըեամա­­նի կեն­­ցա­­­ղի ու սո­­վորու­­թիւննե­­րու մա­­սին բա­­նաւոր պատ­­մութեան ծրագ­­րի մը։ Ոգե­­ւորո­­ւած էի։ Քա­­նի որ իմ ծնող­­նե­­­րը Ատըեամա­­նէն էր եւ ես հոն ծնե­­լով հան­­դերձ տա­­կաւին չորս տա­­րեկան էի՞ երբ լքե­­ցինք այդ քա­­ղաքը եւ ոչ մէկ յի­­շողու­­թիւն ու­­նիմ այդ տե­­ղի մա­­սին։ Իս­­կոյն ձեռ­­նարկե­­ցի աշ­­խա­­­տու­­թեան եւ թա­­կեցի իմ հա­­մաքա­­ղաքա­­ցինե­­րու դռնե­­րը նա­­խապա­­տուու­­թիւն տա­­լով տա­­րեց­­նե­­­րուն։ Զգա­­ցի որ անոնք ալ կը բաժ­­նեն իմ յու­­զումը, քա­­նի պատ­­մեն կը վե­­րակեն­­դա­­­նանայ ան­­ցեալի վե­­րաբե­­րեալ բազ­­մա­­­թիւ յու­­շեր։ Ափ­­սոս որ այդ աշ­­խա­­­տու­­թիւնը ներ­­հա­­­մայնքա­­յին կարգ մը խնդիր­­նե­­­րու բեր­­մամբ կի­­սաւար մնաց։

Նախ­­քան պատ­­մեմ կ՚ու­­զեմ յի­­շել իմ զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րու անուննե­­րը։ Ար­­շա­­­լոյս Պա­­քըր­­ճը, Մարգրիտ Պը­­չաք­­ճը, Էլիզ Տե­­միր­­ճի, Հայ­­կա­­­նոյշ Էվին­­կիւլիւ, Նաիմէ Գա­­րակէօզ, Վար­­դա­­­նոյշ Գա­­լայ­­ճը, Հա­­թուն Թո­­փալ, Մեր­­յէմ Մո­­րիփէք, Էլիզ Տե­­ղիր­­մենճի եւ Այ­­տըն Թի­­մուրճու։

Ո՞ւր տե­­ղեն ես

Թուրքիոյ հայ բնակ­­չութիւ­­նը նո­­ւազե­­ցաւ, կը նո­­ւազի եւ դեռ պի­­տի նո­­ւազի։ Երկրի չորս ծա­­գերէն իրենց քա­­ղաք­­նե­­­րը լքե­­լով ար­­տա­­­սահ­­ման գաղ­­թողնե­­րու կող­­քին գա­­ւառի բո­­լոր հա­­յու­­թիւնը Պո­­լիս հա­­ւաքո­­ւեցաւ։ Այդ քա­­ղաք­­նե­­­րու յա­­տուկ կեն­­ցա­­­ղը, բար­­բա­­­ռը, սո­­վորոյթնե­­րը, աւան­­դութիւննե­­րը մնա­­ցին ան­­ցեալի մէջ։ Հետզհե­­տէ կը վեր­­ջա­­­նայ ծննդա­­վայ­­րի նկատ­­մամբ պատ­­կա­­­նելու­­թիւնը։ Աս­­կէ ետք ո՞վ պի­­տի ըսէ «Ատըեաման­­ցի եմ», «Մա­­լաթեացի եմ»,«Այնթապ­­ցի եմ», «Սե­­բաս­­տա­­­ցի եմ»։ Պոլ­­սոյ մէջ կնքո­­ւած խառն ամուսնու­­թիւննե­­րով բո­­լորո­­վին կը ջնջո­­ւին այդ հետ­­քե­­­րը։ Մինչդեռ ես այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնով տե­­սայ որ Ատեաման­­ցիք որ­­քան հա­­րուստ եղած են յի­­շատակ­­ման ար­­ժա­­­նի օրե­­րու առու­­մով։

Կրօ­­նական աւան­­դութիւններ

Քրիս­­տո­­­նէական ծնունդը կը կո­­չուի «Մե­­լեթի Տօն»։ Ամա­­նորը «Կա­­պեցէք» է։ Յի­­սու­­սի մկրտու­­թիւնը «Խա­­չի Տօն»ը։ Սուրբ Սար­­գիս «Պեր­­կենտեկ» այ­­սինքն Բա­­րեկեն­­դան։ Պահք Եարը, Սուրբ Թո­­րոս, Մեծ Տօն կամ Ձո­­ւի Տօն կամ ալ Մեծ Զե­­տիկ, Վեր­­դե­­­վեռ այ­­սինքն Վար­­դա­­­վառ բո­­լորը օրեր շա­­րու­­նակ պատ­­րաստու­­թիւննե­­րով կը դի­­մաւո­­րուին ու կը տօ­­նուին։

Նա­­րին­­ջի առաս­­պե­­­լը

Բո­­լոր այս տօ­­ներու մէջ ին­­ծի ամե­­նահա­­րազատ թո­­ւացող­­նե­­­րը «Կա­­պեցէք»ն էր։ Երե­­խէք վի­­զեր­­նին մէյ­­մէկ տոպ­­րակ կա­­խած քա­­ռեակ­­ներ ըսե­­լով տու­­նե­­­րը կը շրջին եւ նո­­ւէր­­ներ կը ստա­­նան։ Թէ ին­­չե՞ր են այդ նո­­ւէր­­նե­­­րը նա­­րինջ մը, խնձոր մը, քա­­նի մը ըն­­կոյզ, պաս­­տեղ, հե­­տիկ կամ ափ մը չա­­միչ։ Այս բո­­լորին մէջ ամե­­նաար­­ժէ­­­քաւորն է նա­­րին­­ջը։ Իսկ պա­­տանի­­ներ երե­­կոյեան այս նոյն նո­­ւէր­­նե­­­րը կը ստա­­նան ծխնե­­լոյ­­զէն վար իջ­­նող պղնձեայ դոյ­­լի մը մի­­ջոցով, որ կը կո­­չուի սի­­թիլ։ Մէկ կող­­մէն ալ կ՚եր­­գեն։ «Կ՚ապե­­ցէք էք։ Կա­­լան լնքուք, ըն­­կոյզ է պի­­պիիս էյ­­գին հոս է»։ Կ՚ապե­­ցէք բա­­ռի ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը տա­­րաբ­­նոյթ է։ Ոմանց հա­­մաձայն մա­­նուկնե­­րու վի­­զէն կա­­խուած տոպ­­րա­­­կի իմաս­­տով, իսկ ոմանց հա­­մար ալ տա­­րինե­­րը իրա­­րու շաղ­­կա­­­պելու իմաս­­տով։

«Կա­­պեցէք»ի ճա­­շատե­­սակն ալ յա­­տուկ է։ Ան­­պայման պի­­տի ըլ­­լայ կլոր քիւֆթէն այ­­սինքն մի­­ջու­­կով քիւֆթէ։ Հնդկա­­հաւ, Ղա­­ւուրմա­­յով փի­­լաւ եւ պախ­­լա­­­ւա։

Ատըեամա­­նի մէջ հա­­յեր ու ասո­­րիներ միաս­­նա­­­բար կը տօ­­նեն քրիս­­տո­­­նէական տօ­­ները։ 24 Դեկ­­տեմբե­­րին եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մեծ սի­­նիի մը վրայ կրակ կը վա­­ռեն այդ կրա­­կով կը վա­­ռեն նաեւ մո­­մեր ու եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կը շրջին «Երեք թա­­գաւոր եկան, Երկնքի աստղը տե­­սան, Յի­­սուս ծնաւ ըսին, Այ­­սօր Բեթ­­հե­­­ղեմի մէջ Մա­­րիամէն հո­­գի առաւ մե­­լետը վա­­ռեցին Յի­­սու­­սը տաք­­ցուցին Մել­­քոն, Գաս­­պար, Պաղ­­տա­­­սար Աւե­­տիս։ Աւե­­տիս։ Յու­­նո­­­ւարի 6-ին կը նշո­­ւի Խա­­չի Տօ­­նը։ Դար­­ձեալ գի­­շերո­­ւայ ժա­­մին կ՚եր­­թան եկե­­ղեցի խա­­չը կ՚իջեց­­նեն ջրհո­­րին։ Ներ­­կա­­­ներէն մէ­­կը եկե­­ղեցիին նո­­ւիրա­­տուու­­թիւն ընե­­լով կը ստա­­նայ կնքա­­հայ­­րի կո­­չում։ Սուրբ Սար­­գի­­­սը կի­­րակիէ չո­­րեք­­շաբթի եռօ­­րեայ ծո­­մով կը դի­­մաւո­­րեն։ Իսկ Սուրբ Թո­­րոսի Տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը գե­­տի եզ­­րին դաշ­­տապտոյտ մըն է։ Տա­­կաւին Բե­­կեն­­դա­­­նը, Վար­­դա­­­վառը եւս ու­­նին իրենց առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րը, որոնք ափ­­սոս բո­­լորն ալ ու­­նին այդ սար­­քե­­­րը եւ մենք կը մնանք մեծ քա­­ղաքի ժխո­­րին մէջ նոյ­­նիսկ առանձ իմա­­նալու թէ ին­­չե­­­րէն զրկո­ւած ենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ