Ուղղագրութեան մերօրեայ հոգերու մասին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

«Նոր Հե­­րոսա­­պատում» անուն պատ­­մո­­­ւածքնե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյի բեր­­մամբ թղթակ­­ցած էինք այդ գիր­­քի խմբա­­գիր եւ սրբագ­­րիչ Լու­­սի­­­նէ Աւե­­տիսեանի հետ։ (Գիր­­քի ծա­­նօթագ­­րութիւ­­նը լոյս տե­­սած էր «Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւին, հա­­յերէն էջե­­րու վրայ)։ Մեր թղթակ­­ցութիւննե­­րու ըն­­թացքին տա­­րակար­­ծութեան նիւթ դար­­ձաւ «օ» տա­­ռի փո­­խարէն գրա­­բարեան «աւ»ի գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ Առա­­ջին պա­­հէն իսկ յայտնի էր թէ շա­­հեկան եւ ու­­սուցա­­նող, նոր խոր­­հուրդնե­­րու գե­­տին պատ­­րաստող յատ­­կութիւն մը պի­­տի ու­­նե­­­նայ այս մա­­սին կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումնե­­րը։

Ինք ու իր տա­­րած աշ­­խա­­­տու­­թիւնը բնու­­թագրած էր հե­­տեւեալ տո­­ղերով։ «Ազ­­գա­­­յին հա­­մատա­­րած ող­­բերգու­­թիւննե­­րի են­­թա­­­պատ­­կե­­­րին ու­­րիշ ոչին­­չի մա­­սին մտա­­ծել չի լի­­նում։

Բայց հա­­յագի­­տական փոք­­րիկ մի կեդ­­րոն հիմ­­նե­­­լով Վա­­ղար­­շա­­­պատում՝ պա­­տերազ­­մին նա­­խոր­­դած երեք ամիս­­նե­­­րին արեւմտա­­հայե­­րէնի խմբի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րին սո­­վորեց­­րի մաշ­­տո­­­ցեան ուղղագ­­րութիւ­­նը, արեւմտա­­հայե­­րէնի քե­­րակա­­նու­­թիւնը, սկսե­­ցին խաւ­­սել։ Իսկ երբ սկսո­­ւեց պա­­տերազ­­մը, իրենց ոգե­­ւորած դրո­­ւագ­­նե­­­րից պատ­­մո­­­ւածքներ սկսե­­ցին գրել։ Ընտրե­­ցի, խմբագ­­րե­­­ցի, փոք­­րիկ գիրք կազ­­մե­­­ցի։ Հա­­ւանա­­բար եկող շա­­բաթո­­ւայ մէջ տպա­­րանից կը վերցնեմ։ Փոք­­րիկ մի շնոր­­հանդէս կը կազ­­մա­­­կեր­­պենք՝ հե­­րոս­­նե­­­րի, նրանց ծնող­­նե­­­րի, լե­­զուա­­բան­­նե­­­րի, գրա­­կանա­­գէտ­­նե­­­րի մաս­­նակցու­­թեամբ։ Սի­­րով ձեզ էլ կը նո­ւիրէի գիր­­քը ու կը հրա­­ւիրէի, եթէ հայ­­րե­­­նիքում լի­­նէիք։ Բայց կա­­րող եմ ու­­ղարկել գիրքն ելեկտրո­­նային ձե­­ւաչա­­փով՝ ծա­­նաւ­­թա­­­նալու, եթէ կա­­մենաք։ Եւ գու­­ցէ ցան­­կա­­­նաք ինչ-որ կերպ լու­­սա­­­բանել գիր­­քը»։

Հե­­տաքրքրու­­թիւնս բա­­ռատե­­լու հա­­մար հար­­ցուցի։ «Սա­­կայն չեմ հասկցած թէ ին­­չո՞ւ «օ» տա­­ռի փո­­խարէն գոր­­ծա­­­ծուած է գրա­­բարեան «աւ» ը։ Ար­­դա­­­րեւ «խօ­­սել» բա­­յը վե­­րածո­­ւած է «խաւ­­սել», կամ ծա­­նօթա­­նալո­­ւ»ի փո­­խարեն «ծա­­նաւ­­թա­­­նալ»։ Նոյն երե­­ւոյ­­թը նկա­­տեցի կար­­դա­­­լով յա­­ռաջա­­բանը։

Նշեմ որ ար­­դի արեւմտա­­հայե­­րէնի մէջ չու­­նինք «աւ»ի գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը։ «Օր» բա­­ռի փո­­խարեն «աւուր»ը կը գո­­յատե­­ւէ միայն գրա­­բարի մէջ, որ թո­­ղած ենք ԺԹ դա­­րէն այս կողմ։

Որո­­շեցինք ըն­­թերցո­­ղի հետ կի­­սել նիւ­­թի շուրջ մեր տա­­րակար­­ծութիւննե­­րը։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Լու­­սի­­­նէ Աւե­­տիսեանի գրա­­բարա­­գէտ կո­­չու­­մը, մենք կը գո­­հանանք միայն մեր միտ­­քը յու­­զող երե­­ւոյթնե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով, աւե­­լի բո­­վան­­դա­­­կալից բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը թո­­ղելով մեր սի­­րելի զրու­­ցակցին։

Որ­­պէսզի հա­­տուած­­նե­­­րու յա­­ջոր­­դա­­­կանու­­թիւնը յստա­­կեց­­նենք, շա­­րու­­նա­­­կենք այսպէս։

Ըսաւ Լու­­սի­­­նէ՝

«Ես առայժմ լիովին ըն­­դունում եմ օ-ի գրու­­թիւնը միայն այնտեղ, որ­­տեղ ճիշդ է Օ գրել, ինչպէս՝ օր, Օգոս­­տոս, բայց ոչ «ոլիմ­­պիադա», «ով­­կիանոս», «Ոտ­­տա­­­ւա», «Ոս­­լո», «որ­­գան», «ոպե­­րա» եւ այլ բա­­ռերում, որով­­հե­­­տեւ այդ բա­­ռերում չկայ Օ=ԱՒ ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, ինչպի­­սին կայ Օգոս­­տոս=Աւ­­գոստոս դէպ­­քում։ Կամ այ­­սաւր «Մա­­րո», «Կա­­րո» եւ նման անուննե­­րը դա­­սական ուղղագ­­րութեամբ գրում են օ-ով, սա­­կայն դա չու­­նի որե­­ւէ հիմ­­նա­­­ւորում, որով­­հե­­­տեւ եթէ գրում ենք Կա­­րօ, դա պի­­տի յե­­տադարձ ստու­­գա­­­բանու­­թեամբ լի­­նէր Կա­­րաւ, որ­­տեղ պի­­տի հնչէր av, եւ որ­­պէսզի օ հնչէր, պի­­տի վեր­­ջոյւմ որե­­ւէ բա­­ղաձայն ու­­նե­­­նար՝ Կա­­րաւտ=Կա­­րօտ։

Չեմ յոր­­դո­­­րում, որ ու­­րիշնե­­րը գոր­­ծա­­­ծեն, սա­­կայն ինքս տա­­րիներ ի վեր այսպէս եմ գրում, եւ կար­­ծեմ առար­­կող միակ փաս­­տարկը աւան­­դոյթն է։

Քա­­նի որ ես ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծում եւ գի­­տական աշ­­խա­­­տու­­թիւններ եմ գրում գրա­­բար, արե­­ւելա­­հայե­­րէն եւ արեւմտա­­հայե­­րէն, ճիշդ եմ հա­­մարում գոր­­ծա­­­ծել մէկ ուղղագ­­րութիւն։ Սփիւռքն էլ միաբան չէ դա­­սական ուղղագ­­րութեան հար­­ցում, տար­­բեր աւ­­րա­­­թեր­­թեր ու­­նեն ուղղագ­­րա­­­կան տար­­բե­­­րակ­­ներ, որոն­­ցից ամե­­նաակնբախն, աւ­­րի­­­նակ, կրա­­ւորա­­կան ածանցն է, որն ու­­նի գրու­­թեան երեք ձեւ՝ ւ, վ, ու (յուզւած, յու­­զո­­­ւած, հու­­զո­­­ւած, յու­­զո­­­ւած)։ «Յաւ­­դո­­­ւած» բա­­ռը այստեղ գրում են «յօ­­դուած», սփիւռքում գրում են «յօ­­դուած», «յօդ­­ւած», Մաշ­­տո­­­ցը կը գրէր «յաւ­­դո­­­ւած»։ Իսկ աւ­­տար անուննե­­րի տա­­ռադարձման հար­­ցը կա­­րեւոր խնդիր­­նե­­­րից մէկն է։ Աւան­­դոյթի ոյ­­ժը մեծ է, դիւ­­րին չէ վե­­րադար­­ձը։ Թե­­րեւս հա­­մաձայն չլի­­նէք իմ այս քայ­­լին, սա­­կայն ես ձգտում եմ հնա­­րաւո­­րինս հա­­ւատա­­րիմ մնալ Մաշ­­տո­­­ցին ու նրա աշա­­կերտնե­­րին, որոնք ստեղ­­ծե­­­ցին մեր ուղղագ­­րութիւ­­նը։

Սփիւռքն ու հայ­­րե­­­նիքը ուղղագ­­րութեան հար­­ցում եր­­կար տե­­րիներ ան­­զի­­­ջում են եղել, եւ սփիւռքն իս­­կա­­­պէս զի­­ջելու ոչինչ ու­­նի։ Իսկ, իմ հա­­մոզ­­մամբ, եր­­կուստեք մաշ­­տո­­­ցեան հիմքն ըն­­դունե­­լը, ճշմա­­րիտ լի­­նելուց բա­­ցի, թե­­րեւս նաեւ հո­­գեբա­­նաւ­­րէն աւե­­լի դիւ­­րին լի­­նի»։

Ի պա­­տաս­­խան ըսաւ Բագ­­րատ

«...Կար­­դա­­­ցած եմ «օ» եւ «աւ»ի մա­­սին քու բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը։ Յայտնի է որ այդ մա­­սին իրար­­մէ բա­­ւական տար­­բեր հա­­մոզումներ ու­­նինք։ Կ՚ար­­ժէ այդ մա­­սին մի քիչ կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կում ու­­նե­­­նալ, կամ գո­­նէ ես պար­­զեմ իմ մեր­­ձե­­­ցու­­մը։

Նա­­խապէս տար­­բեր առիթ­­նե­­­րով մեր­­ժած եմ դա­­սական ուղղագ­­րութեան «Մես­­րո­­­պեան» անո­­ւանու­­մը։ Պար­­տինք յի­­շել թէ այ­­սօր այ­­լեւս ան­­գործա­­ծելի դար­­ձած, կեան­­քի ներ­­կայ հրա­­մայա­­կան­­նե­­­րու դի­­մաց բո­­լորո­­վին ան­­բա­­­ւարար մնա­­ցած գրա­­բարը, Ե դա­­րուն մեր թարգման­­չած վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րու առօ­­րեայ խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուն էր, կամ ալ այլ բա­­ցատ­­րութեամբ տո­­ւեալ ժա­­մանա­­կի մշոյ բառ­­բա­­­րը։ Յի­­շենք որ թարգմա­­նիչ վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րը առ­­հա­­­սարակ մշե­­ցիներ էին, նե­­րառեալ Մես­­րոպ Մաշ­­տոց։

Գի­­տենք թէ խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուն ու­­նի իւ­­րա­­­յատուկ կեն­­դա­­­նու­­թիւն, որու հե­­տեւան­­քով յա­­րատե­­ւօրէն կը վե­­րար­­տադրո­­ւի ժո­­ղովուրդի բե­­րանին մէջ։ Այդ վե­­րար­­տադրու­­թեան հե­­տեւանքներն են հա­­յերէ­­նի բազ­­մա­­­թիւ բառ­­բարնե­­րը, որոնք հա­­զիւ վեր­­ջին հա­­րիւր տա­­րուայ ըն­­թացքին մե­­ծաւ մա­­սամբ ան­­հե­­­տացան շնոր­­հիւ 1918-էն սկսող պե­­տակա­­նու­­թեան եւ անոր նա­­խոր­­դող դպրո­­ցաշի­­նու­­թեան եւ հրա­­տարակ­­չութեան ու յա­­ջոր­­դող ռա­­տիոյի եւ հե­­ռուստա­­ցոյ­­ցի հա­­ղոր­­դումնե­­րուն։

Խօ­­սակ­­ցա­­­կան լե­­զուի այդ ազատ յե­­ղաշրջու­­մին դի­­մաց գիրն ու գրա­­կանու­­թիւնը, քե­­րակա­­նու­­թիւնը եւ ուղղագ­­րութիւ­­նը ու­­նի իր կա­­նոն­­նե­­­րը, որոնց մի­­ջամ­­տե­­­լու անհրա­­ժեշ­­տութին­­ներ ալ երբ ծա­­գին, շատ բնա­­կան է որ լե­­զուա­­բան­­ներ, հա­­յագէտ­­ներ լու­­ծումներ առա­­ջար­­կեն եւ ին­­չո՞ւ չէ, գոր­­ծադրեն նաեւ»։

Էլի ըսաւ Լու­­սի­­­նէ

«Ան­­շուշտ գի­­տեմ, որ տար­­բեր են մեր մաւ­­տե­­­ցումնե­­րը ուղղագ­­րութեան եւ գրա­­բարի հար­­ցե­­­րի շուրջ, եւ կար­­ծիքնե­­րի փո­­խանա­­կու­­մը շա­­հաւէտ կը լի­­նի ամէն պա­­րագա­­յում։ Առա­­ջար­­կում եմ լե­­զուի եւ ուղղագ­­րութեան նիւ­­թե­­­րի մա­­սին զրու­­ցել առանձնա­­պէս։

Իսկ ուղղագ­­րութեան տի­­րոյ­­թում մա­­նաւանդ հե­­տաքրքրա­­կան զրոյց կը լի­­նի, եթէ առան­­ձին ուղղագ­­րա­­­կան իրո­­ղու­­թիւննե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նենք մեր մաւ­­տե­­­ցումնե­­րով ու բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով։

Ուղղագ­­րա­­­կան իւ­­րա­­­քան­­չիւր «բա­­րեփո­­խում», հաս­­կա­­­նալի է, նպա­­տակա­­յար­­մա­­­րու­­թիւնից է բխել, այ­­սինքն՝ «բա­­րեփո­­խում» է եղել, որով­­հե­­­տեւ նպա­­տակա­­յար­­մար է այդպէս եւ ոչ թէ որով­­հե­­­տեւ այդ փո­­փոխու­­թիւնը անհրա­­ժեշտ է։ Մինչդեռ ուղղագ­­րութիւնն ըստ մաշ­­տո­­­ցեան նա­­խաւ­­րի­­­նակի կա­­նոնար­­կե­­­լու գա­­ղափա­­րը նախ եւ առաջ անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նից է ծա­­գում։

Պար­­տա­­­դիր չէ, որ բո­­լորն ըն­­դունեն այդ գա­­ղափա­­րը, բայց ինձ հա­­մար, որ գի­­տական ու գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան գոր­­ծեր է ստեղ­­ծում գրա­­բար, արե­­ւելա­­հայե­­րէն եւ արեւմտա­­հայե­­րէն զու­­գա­­­հեռա­­բար, սկզբունքա­­յին հարց է, որ ամե­­նու­­րէք գոր­­ծա­­­ծեմ մի եւ նոյն ուղղագ­­րութիւ­­նը, երե­­ւի այս կէ­­տում ինձ հետ հա­­մաձայն կը լի­­նէք։

Ու­­րիշ մի սկզբունք եւս պի­­տի գոր­­ծի։ Եթէ փո­­փոխու­­թիւն, հա­­մալ­­րում կամ փո­­խարի­­նում պի­­տի լի­­նի, ու­­րեմն հարկ է մին­­չեւ վերջ լի­­նել սկզբունքա­­յին, մա­­թեմա­­տիկա­­կան բա­­նաձե­­ւերի հա­­մաբա­­նու­­թեամբ։ Սա­­կայն ակնյայտ է, որ մեր հա­­մակար­­գում փո­­փոխու­­թիւննե­­րը պա­­տահա­­կան ու խտրա­­կան երե­­ւոյթ ու­­նեն, եւ չեն տա­­րածո ւում նման ու­­րիշ երե­­ւոյթնե­­րի վրայ։

Հէնց այս առ­­թիւ, շա­­րու­­նա­­­կելով «աւ» եւ «օ» գրու­­թիւննե­­րի մա­­սին մեր զրոյ­­ցը, կա­­րեւոր եմ հա­­մարում նախ՝ ընդգծել, որ օ-ն աւ­­տար նշան է, եւ տրա­­մաբա­­նական ու հա­­ւանա­­կան է թո­­ւում, որ ԺԱ դա­­րից այս կողմ այ­­բուբեն է ներ­­մուծո­­ւել զուտ ճե­­պագ­­րութեան հա­­մար՝ հիմ­­նա­­­կանում մա­­տենա­­գիր վկա­­յու­­թիւննե­­րում, քա­­նի որ նրա շնոր­­հիւ գրչի քա­­ռակի շար­­ժումը փո­­խարի­­նուել է գրչա­­ծայ­­րի մէկ պտոյ­­տով, մինչդեռ վի­­մագիր ար­­ձա­­­նագ­­րութիւննե­­րում գրե­­թէ սրբաւ­­րէն պահ­­պա­­­նուել է երկբար­­բա­­­ռը։ Հաս­­կա­­­նալի եւ ծան­­րակշիռ հան­­գա­­­մանք է նպա­­տակա­­յար­­մա­­­րու­­թիւնը, սա­­կայն յար­­մա­­­րեց­­նե­­­լու նպա­­տակով ան­­գամ չի հիմ­­նա­­­ւորո­­ւում նոր այդ նշա­­նի մուտքը այ­­բուբեն։ Քա­­նի որ նոյն տրա­­մաբա­­նու­­թեամբ՝ կա­­րելի էր «իւ» երկբար­­բա­­­ռի հա­­մար այ­­բուբեն մուտքագ­­րել «Ü» տա­­ռը, որի կար­­ճա­­­տեւ գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնն ար­­դէն անի­­մաստ ու լիովին աւե­­լորդ կը դարձնէր «իւ»-ի գո­­յու­­թիւնը, եւ աւե­­լի դիւ­­րին ու նպա­­տակա­­յար­­մար կը լի­­նէր գրել «ձüն», քան «ձիւն», «Üրա­­քանչüր», քան՝ «իւ­­րա­­­քան­­չիւր», «üրեանց»՝ «իւ­­րեանց», ինչպէս որ այ­­սաւր աւե­­լի յար­­մար է գրել «տօն», քան «տաւն», «ծա­­նօթ», քան «ծա­­նաւթ», «մօտ», քան «մաւտ»։

Վստա­­հաբար, նոյնպէս ճե­­պագ­­րութեան հա­­մար է այ­­բուբեն մտել «եւ»-ը փո­­խարի­­նող կցա­­գիր «և»-ը։ Հնա­­րաւո­­րինս սեղ­­մե­­­լու եւ զեղ­­չե­­­լու նոյն նպա­­տակն է ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքում գրա­­ռու­­թեան մէջ բա­­ղաձայ­­նից յե­­տոյ «ու»-ն վե­­րածել «ւ»-ի՝ հար­­ւած, յօդ­­ւած։ Ի վեր­­ջոյ, բո­­լոր երկբար­­բառներն էլ դա­­րերի հո­­լովոյ­­թում փո­­խել են հնչիւ­­նա­­­կան իրենց կեր­­պա­­­րան­­քը։ Եւ «խտրա­­կան», բայց ան­­մեղ թո­­ւացող վե­­րաբեր­­մունքը նրան­­ցից մէ­­կի հան­­դէպ, եթէ չի կազ­­մա­­­քան­­դում, ապա գո­­նէ խարխլում է հա­­յերէ­­նի ուղղագ­­րութեան հան­­ճա­­­րեղ մտայ­­ղա­­­ցու­­մը։ Կա­­րեւոր մի սկզբունք պի­­տի գոր­­ծի ուղղագ­­րութեան հա­­մար, նա չպի­­տի հե­­տեւի անընդհատ փո­­փոխո­­ւող հնչա­­բանու­­թեանը։

ԺԹ դա­­րավեր­­ջին, Ղա­­զարոս Աղա­­յեանի ջան­­քե­­­րով, մա­­մու­­լում («Մշակ», «Հո­­րիզոն») տա­­րածո­­ւեց «ւ»-ագ­­րութիւ­­նը, որն ուղղագ­­րա­­­կան զան­­ցա­­­ռու­­թեան նա­­խադէպ էր ու պի­­տի հա­­մար­­ձա­­­կաւ­­րէն ճա­­նապարհ հար­­թէր դէ­­պի «վ»-ագ­­րութեամբ եւ ուղղագ­­րա­­­կան այլ խո­­տորումնե­­րով ու­­ղեկցո­­ւելիք յայտնի զան­­գո­­­ւածա­­յին «բա­­րեփո­­խումնե­­րը»։

Պէտք է ճիշդ հաս­­կա­­­նալ, թէ ար­­դիւնքում ինչ է տե­­ղի ու­­նե­­­ցել։ Երբ ԺԱ դա­­րից յե­­տոյ այ­­բուբե­­նում յայտնո­­ւած «օ» տա­­ռը եկաւ փո­­խարի­­նելու փակ վան­­կի «աւ» երկբար­­բա­­­ռը՝ աւ­­գոստոս=օգոս­­տոս, աւձ=օձ, դրա­­նով սկզբնա­­պէս չխարխլո­­ւեց ուղղագ­­րա­­­կան գոր­­ծող կուռ հա­­մակար­­գը, սա­­կայն յե­­տագա­­յում բա­­ռասկզբում լսո­­ւող «օ»-ն գրա­­ռելով «օ»-ով՝ լե­­զուում փաս­­տաւրէն ներ­­մուծո­­ւեցին կեղծ «աւ»-ով բազ­­մա­­­թիւ բա­­ռեր՝ օպե­­րա, օզոն, օլիմ­­պիադա, օպ­­տի­­­կա, օս­­լա, օր­­գա­­­նիզմ, օք­­սիդ, օվալ։ Այսպի­­սի բա­­ռերը Մաշ­­տոցն ու նրա աշա­­կերտնե­­րը տա­­ռադար­­ձում էին Ո-ով՝ Ողիմ­­պոս, ով­­կիանոս, Ոդի­­սեւս, Որա­­գինէս, Ովի­­դիուս։ Դեռ չեմ խաւ­­սում Օ-ով վեր­­ջա­­­ցող բա­­ռերի ու անուննե­­րի մա­­սին՝ Մա­­րօ, Կա­­րօ, Օս­­լօ, Օհա­­յօ, որոնց մէջ ոչ մի Օ ճիշդ չէ։ Ու­­րեմն, յե­­տագայ այդ զար­­տուղու­­թիւննե­­րը սրբագ­­րե­­­լուց յե­­տոյ միայն «օ»-ի մուտքը ուղղագ­­րա­­­կան հա­­մակարգ թե­­րեւս վե­­րապա­­հաւ­­րէն եւ ժա­­մանա­­կաւո­­րապէս ըն­­դունե­­լի լի­­նի։

Մինչդեռ «ու»-ն «ւ»-ով փո­­խարի­­նելու քայ­­լը սկզբից եւեթ թու­­լացրեց հա­­մակար­­գը, եւ կազ­­մա­­­լու­­ծեց «վ» հնչիւ­­նի ձայ­­նագրու­­թեան այնքան ճշգրտաւ­­րէն գտնուած տրա­­մաբա­նու­թիւնը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ