Հրապարակային անարգանք Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ

Պոլսոյ հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ներու դէմ հեր­թա­կան անար­­գութիւննե­­րէն մէկն ալ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 11 Յու­­լիս Կի­­րակի գի­­շեր Գա­­տըգիւ­­ղի Սուրբ Թա­­գաւոր Եկե­­ղեց­­ւոյ դէմ։ Եկե­­ղեց­­ւոյ գտնո­­ւած Քաղ­­կե­­­դոնի հրա­­պարա­­կի վրայ գի­­շերո­­ւայ ուշ ժա­­մերուն բարձրա­­ձայն երաժշտու­­թիւնով զո­ւար­­ճա­­­ցող բազմու­­թե­­­նէն երեք ան­­ձեր մագլցե­­ցան եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տերուն եւ շքա­­մուտքի վրայ պա­­րեցին եր­­կար ժա­­մանակ։ Այդ պա­­հերը նկա­­րահա­­նուե­­ցան ու տե­­ղադ­­րո­­­ւեցան հա­­մացան­­ցին, որու մի­­ջոցով դէպ­­քը լսե­­լի դար­­ձաւ հան­­րութեան։ Այդ գայ­­թակղու­­թեան դէմ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. իս­­կոյն շփման ան­­ցաւ պատ­­կան իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հետ, որոնցմէ ստա­­ցաւ դէպ­­քի մա­­սին ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ։ Մի­­նչ այդ Գա­­տըգիւ­­ղի հո­­գեւոր հո­­վիւ Տէր Գրի­­գոր Աւագ Քա­­հանայ Տա­­մատեան ար­­դէն փու­­թա­­­ցած էր եկե­­ղեցի եւ տե­­ղեկու­­թիւններ ստա­­ցած գի­­շարա­­պահէն։ Եկե­­ղեց­­ւոյ պաշ­­տօ­­­նեայի փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թեան հա­­մաձայն ան իս­­կոյն առար­­կած է կա­­տարո­­ւածին դէմ, բայց երի­­տասարդնե­­րը զինք նկա­­տի չեն ու­­նե­­­ցած։ Այ­­սուհե­­տեւ գի­­շերա­­պահը եղե­­լու­­թե­­­նէն տե­­ղեակ պա­­հած է ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը, բայց ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու գա­­լուստով բազ­­մութիւ­­նը ար­­դէն ցրուած ու ան­­հե­­­տացած է։ Յա­­ջորդ օր նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան, Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարար Սիւ­­լէյման Սոյ­­լու եւ Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալը յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րով մե­­ղադ­­րած են կա­­տարուածը։ Սոյ­­լու նաեւ յայտնած է թէ բեր­­ման են­­թարկո­­ւած են եկե­­ղեց­­ւոյ դէմ անար­­գանք ցու­­ցա­­­բերող­­նե­­­րը եւ փո­­խան­­ցո­­­ւած դա­­տախա­­զու­­թեան։

Դա­­տախա­­զը պա­­րող եր­­կու մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու հա­­մար վճռած է տնա­­յին կա­­լան­­քի, իսկ եր­­րորդը ան­­պարտ հռչա­­կած։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանն ալ իր կար­­գին յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը մե­­ղադ­­րած է սրբա­­տեղիի հան­­դէպ ոտնձգու­­թիւնը։ Միւս կող­­մէ Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան, Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րին ուղղեալ պաշ­­տօ­­­նական հար­­ցա­­­գիր մը տո­­ւած է, ուր կը հարցնէ թէ եկե­­ղեց­­ւոյ առ­­ջեւ շրջօ­­րեայ հեր­­թա­­­պահու­­թիւնեամբ զբա­­ղող ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը ին­­չո՞ւ հա­­մար չեն մի­­ջամ­­տած հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցիի հան­­դէպ նման ոտնձգու­­թեան։

Կաս­­կած չկայ որ անար­­գանքի բնոյ­­թով նման ոտնձգու­­թիւննե­­րը հա­­մար­­ձա­­­կու­­թիւն կը գտնեն երկրի մէջ տի­­րող ան­­պատժե­­լիու­­թե­­­նէ։ Նշենք որ թուրք պատ­­ժա­­­կան օրէն­­քը նման դէպ­­քե­­­րը կը դա­­տապար­­տէ 126-րդ յօ­­դուա­­ծով, որ կը պատ­­կա­­­նի կրօ­­նական ար­­ժէքնե­­րուն հրա­­պարա­­կաւ նա­­խատին­­քին եւ կը սահ­­մա­­­նէ վեց ամի­­սէն մին­­չեւ մէկ տա­­րի բան­­տարկու­թիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ