Հրապարակուեցաւ վճիռի պատճառաբանութիւնը

Հրանդ Տին­քի ոճի­րի հետ առնչո­ւած դա­տավա­րու­թիւնը ար­դէն աւար­տած էր եւ դա­տակազ­մը վճիռ­ներ ար­ձա­կած։ Այժմ հրա­պարա­կուած է վճի­ռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւնը։ 4532 էջե­րէ բաղ­կա­ցող պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան մէջ ոճի­րի հետ առնչու­թիւն ու­նե­ցող պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու մա­սին հաս­տա­տումնե­րու եւ գնա­հատումնե­րու կող­քին ման­րա­մաս­նութեամբ ար­ծարծո­ւած են Տի­նքի ուղղեալ առա­ջին պաշ­տօ­նական ազ­դա­րարու­թիւնը, իրեն ու­ղո­ւած սպառ­նա­լիք­նե­րու հե­տեւան­քով Տին­քի բնա­կարա­նին եւ «Ակօս» թեր­թին անվտան­գութեան կան­խա­միջոց­նե­րը, եւ այլ զա­նազան նիւ­թեր։

Տինք ըն­տա­նիքի իրա­ւապաշտպան­նե­րը Մարտ ամ­սուն դա­տարա­նի հա­մառօտ վճի­ռը ար­ձա­կելէն ետք առար­կած էին որո­շու­մին ըսե­լով թէ դա­տարա­նը նկա­տի չէ առած իրենց մատ­նանշած փաս­տե­րու հա­ւաքու­մը։ Փաս­տա­բան­նե­րը նաեւ յայտնած էին որ այս մա­սին ման­րա­մասն առար­կութիւ­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն վճի­ռի պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան հրա­պարա­կու­մէն ետք։

Պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան մէջ կը նշո­ւի թէ մե­ղադ­րեալ­նե­րէն Ռա­մազան Աքեիւ­րէք, Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր եւ Ֆա­րուք Սա­րը Ֆե­թուլլա­հական կազ­մա­կեր­պութեան շա­հերը հե­տապնդե­լով հա­մատեղ գոր­ծած են։ «Այս մե­ղադ­րեալ­նե­րը իրենց դիր­քին բեր­մամբ փո­խանակ կան­խա­միջոց­նե­րու ձեռ­նարկե­լու եւ ընդմի­ջելու, ըն­թացք տո­ւած են ոճի­րի գոր­ծո­ւելուն։ Ոճի­րէն ետք ոչնչա­ցու­ցած են նա­խապէս ապա­հովո­ւած լսումնե­րը եւ նա­խապէս ալ իրենց ստա­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րը չեն փո­խան­ցած իրենց պե­տերուն»։

Պատ­ճա­ռաբա­նեալ վճի­ռը ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տէ թէ մե­ղադ­րեալ Մու­հարրէմ Տե­միր­քա­լէի հրա­մանին տակ գտնո­ւող պաշ­տօ­նեաներ ոճի­րէն առաջ ար­դէն հե­տապնդած էին ոճ­րա­գոր­ծը։ Մու­հարրէմ Տե­միր­քա­լէ կը պաշ­տօ­նավա­րէր Իս­թանպու­լի Ոս­տի­կան Զօ­րաց հրա­մանա­տարու­թեան կազ­մին մէջ եւ պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն վճի­ռի գոր­ծադրու­թիւնը դիւ­րա­ցու­ցած է կազ­մա­կեր­պութեան թե­լադ­րանքնե­րու հի­ման վրայ։

Կը պար­զո­ւի նաեւ այդ շրջա­նին Տրա­պիզոն բնա­կուող Եասին Հա­յալի եւ ու­սա­նող Էր­հան Թունճե­լի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Եր­կուքն ալ նոյն ըն­կե­րական շրջա­նակի մէջ էին եւ կը բաժ­նէին նոյն քա­ղաքա­կան հա­մոզումնե­րը Անոնք նա­խապէս ԱՄՆ-ի Իրա­քի ուղղեալ յար­ձա­կու­մին դէմ որոշած էին վնա­սել Տրա­պիզո­նի մէջ գոր­ծող ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւննե­րուն։ Նաեւ կը նշո­ւի որ Էր­հան Թունճել 2004-ին նե­րառո­ւած է իբ­րեւ մատ­նիչ ոս­տի­կանու­թեան լրա­քաղու­թեան ծա­ռայու­թեան եւ այդ պաշ­տօ­նէն ազատ ար­ձա­կուած 23 Նո­յեմ­բեր 2006-ին։ Նաեւ ման­րա­մաս­նութիւններ կան Եա­սին Հա­յալին Հրանդ Տին­քը սպան­նե­լու հա­մար Օկիւն Սա­մաս­թը պաշ­տօ­նակո­չելու մա­սին։

Այս հանգրո­ւանին կը սպա­սուի Հրանդ Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րուն այս պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան հրա­պարա­կու­մէն ետք իրենց առար­կութիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ