Մտորոմներ մեր ու մերոնց միջեւ

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Ներկայ ժամանակներու մատուցած հնարաւորութիւնները եւ առիթները փորձադաշտ մը ըլլալով պարզուած են աշխարհասփիւռ հայութեան դիմաց։

Մի գուցէ երրորդ հանրապետութեան յայտնութենէն այս կողմ հայ ազգը իր պատմութեան կարեւորագոյն քննութիւններով է որ կը փորձուի։

Պարտինք նշել թէ անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին չենք յաջողած փայլուն արդիւնքներ ձեռքբերել։ Չենք յաջողած արտագաղթի կործանիչ հոսանքը կասեցնել։ Չենք կրցած օլիկարխական համակարգին նորանկախ պետութեան բոլոր բջիջներուն թափանցելուն արգելք ըլլալ։ Անյաջող եղած ենք համաշխարհային չափանիշներուն համապատասխան օրինական համակարգ մը ստեղծելու գործին մէջ։ Գործազրկութիւնը եւ իբր հետեւանք աղքատութիւնը անլուծելի հիմնախնդիրներ ըլլալով տանջած են երկրի բովանդակ բնակչութիւնը։ Պետական համակարգը զաւթած կաշառակերութիւնը հասաւ նոյնիսկ համալսարան եւ դպրոցներ։ Աւելի մտահոգիչը՝ աւազակութիւնը եւ թալանը հասաւ մինչեւ զօրամասեր։ Այս բոլոր բացասական երեւոյթները կարելի է աւելացնել դեռ բազմաթիւ օրինակներով։

Իսկ կար մէկը, որ ճակատագրական եղաւ մեր ներկային համար։ Չյաջողեցանք Արցախեան պատերազմի յաղթանակը, որ ապահովուած էր ի գին հազարաւոր երիտասարդ կեանքերու, հաշտութեան պայմանագրով մը պսակել։

Մեր նոր սերունդի երգիչ- երգչուհիները, որոնք տարուած մարդասպան պատերազմի յաղթական աւարտեն, ռազմատենչ երգերով ոգեւորել ջանացին իրենց ունկնդիրները։ Երանի աւելի զուսպ ըլլայինք եւ յաղթանակի ճամբաները աւելի լայն բանայինք, փոխանակ վարկաբեկելու թշնամու արժանապատուութիւնը։ Այսօր իրենք են որ հրապարակ իջած են նոյն ոճով մեր արժանապատուութիւնը խորտակելու։ Եւ բնականաբար լռած են մերոնք։

Որքան անպատրաստից գտնուեցանք նախորդ տարուայ Սեպտեմբերի 27-ին։ Մինչդեռ օրնիբուն կը հետեւէինք Ալիեւ ոսոխի նաւթատոլարները զէնքի վերածելուն։ Թուրքիոյ հետ համատեղ կատարուած իւրաքանչիւր ռազմափորձ ազդանշան մըն էր հետզհետէ մօտեցող պատերազմի համար։

Վերջապէս խոստովանինք իրողութիւնը։ 44 օրուայ դաժան փորձը ապացուցեց թէ ոչ պետական միտք ունէինք եւ ոչ ալ պատրաստ բանակ։ Այլ ունէինք հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ բազմահազար մատղաշ որդիներ, որոնք զոհը դարձան ոչ թէ հզօր թշնամիին, այլ անկազմակերպ սեփական պետութեան։

Եկէք հաստատենք, անցնող ժամանակներու մեծագոյն յաջողութիւնն էր թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որ շուտով ստացաւ համազգային բնոյթ, ողողելով ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ հայաշխարհը։ Հայկական երկնակամարի վրայ առաջին անգամ յայտնուած էր յոյսի աստղը։ Նախապէս արտագաղթած բազմաթիւ ընտանիքներ սկսած էին տունդարձի ծրագիրներ մշակել։ Մանաւանդ որ հաշիւ պիտի տեսնուէր երկիրը թալանած ու իրենք հարստացած աւազակներուն հետ։

Բայց ափսոս, յեղափոխութիւնը պատրաստ չէր իշխանափոխութեան։ Վարչակազմը տապալած էր, բայց համակարգը կը շարունակէր հին ոճով գործել։ Եւ զարմանալի չէ որ աւազակներն ալ ունենան համակիրներ, որոնք զանազան նպաստներով պիտի կանգնին իրենց կողքին։ Յիշենք Կեներալ Մանուէլի ձերբակալման ողբացող տարեց էջմիածնեցի տիկինը։ «Մեր փողոցները իր շնորհիւ ասֆալթապատուեցան» ըսելով կ՚արդարացնէր զինուորի հացը գողացած կարծեցեալ հերոսին։

Մեզի յատուկ չէ, այլ համաշխարհային փաստ։ Պետութիւնը թալանողները նաեւ առատաձեռն բարերարներ են։ Այդ բարերարութեան շնորհիւ կը քօղարկեն ու կ՚արդարացնեն իրենց աւազակութիւնը։

Այս պահուն աւելի էական է հետեւեալ հարցումը։ Արդեօք պէտք եղած դասը քաղեցի՞նք այս բոլորէն ետք։ Հարցումի պատասխանը Ռոպերթ Քոչարեանի ստացած ձայներն են եւ Ազգային Ժողովի դահլիճին պարզած պատկերը։

Պահը զգուշացում ու զգօնութիւն կը պահանջէ։ Նախ խուսափինք հողային կորուստը չափազանցելէ, քանի որ Արցախի Հանրապետութիւնը կը պահէ իր ինքնիշխանութիւնը։ Թշնամին վերատիրացած է ոչ թէ Արցախին, այլ շրջակայ եօթը տարածքներուն, որոնք արդէն բանակցութիւններու եւ փոխադարձ զիջումներու հետեւանքով պէտք էր վերադարձուէին, փոխարէնը ապահովելով Արցախի իրավիճակին Ատրպէյճանի կողմէ ալ հաստատումը։

Օրակարգի կարեւոր նիւթն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիններու զարգացման եղանակները։ Պատերազի աւարտէն սկսեալ Թուրքիոյ իշխանութիւնը ազդանշաններ կու տայ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ։ Հայաստան դրական կերպով կ՚արձանագրէ այդ ազդանշաններուն։ Սակայն պարտինք տեսնել թէ ազդանշանները բաւարար չեն ցարդ դիւանագիտական յարաբերութիւն չունեցող, ապա սահմանները փակող եւ տնտեսական շրջափակում կատարող երկրի հետ բնականոն շփման համար։

Թուրքիա իբրեւ այս բոլոր բացասական համայնապատկերի հեղինակ, ինք պէտք է դիմէ առաջին քայլին։ Այս հանգրուանին Հայաստանի համար անընդունելի է որեւէ նախապայման։

Նոյնպէս անընդունելի է սակարկութեան սեղան կազմել։ Սահմանը փակողն է որ պիտի բանայ։ Դիւանագիտական յարաբերութենէ խուսափողն է որ վերատեսութեան պիտի բերէ իր որոշումը։ Ինք է որ նախ պիտի հաստատէ ու երաշխաւորէ Հայաստանի հողային ամբողջութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը։ Ինք է որ պիտի մերժէ «Ռեւանի Խանութիւն»ի նման անհեթեթ պնդումները։ Եւ վերջապէս ինքն է որ պիտի առերեսուի ցեղասպանութեան փաստին հետ։

Յստակ իրողութիւն է, հիմնադրութենէն սկսեալ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները կարեւորեցին բարի դրացիութիւնը հարեւան երկիրներու հետ, բայց անպատասխան մնաց անոնց մեկնած ձեռքը։ Այսօր որ բոլորովին յստակացած են հակահայ դիրքորոշումները, Հայաստան պէտք չունի անտեղի խանդավառութեան։

Հակառակորդը թող սրբագրէ իր գործած սխալը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ