Բերկամոնի թատերական փառատօնը

ԷԼԻՖՍՈՒ ՏԻԼԵՔ ՇԵՆ

Բերկա­մոնի թա­տերա­կան փա­ռատօ­նը, որ կա­յացաւ 26-29 Օգոս­տոս թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ կը մտադ­րէր այս հնա­դարեան բե­մարո­ւես­տը պատ­մա­կան քա­ղաքի բնա­պատ­կե­րին մէջ ներ­կա­յաց­նել հան­դի­սատե­սին։ Ըստ իս փա­ռատօ­նի անու­նին կցո­ւած «մի­ջազ­գա­յին» կո­չու­մը բա­ւակա­նին յա­ւակ­նոտ էր, քա­նի որ ան նոյ­նիսկ չար­ժա­նացաւ աւա­նի բնա­կիչ­նե­րու ու­շադրու­թեան։ Փա­ռատօ­նի ըն­թացքին ներ­կա­յացում եւ աշ­խա­տանոց­նե­րը չորս խո­րագ­րի տակ հա­ւաքո­ւած էին։ Բեր­կա­մոն- Պեր­լին խո­րագ­րին տակ երկու քա­ղաք­նե­րու մի­ջեւ պատ­մա­կան ու բարդ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կի­զակէ­տի մէջ ներ­կա­յացան ծա­գումով գաղ­թա­կան արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը եւ եբ­րեւ իրո­ղու­թիւն գաղ­թը։ «Ասք­լե­փիոն» անու­նը կու գայ հնա­դարեան դար­մա­նու­մի կեդ­րո­նէ մը, հա­մարեա ամ­բողջու­թեամբ պահ­պա­նուած եւ մեր օրե­րուն հա­սած ան­փի­թատ­րոն մը՞ որ հիւ­րընկա­լեց հնա­դարեան ոճին հա­մապա­տաս­խան ներ­կա­յացումներ։ «Մի­ջամ­տութիւն» բա­ժինով ներ­կա­յացան տե­ղացի եւ օտար արո­ւես­տա­գէտ­ներ։ Վեր­ջա­պէս «Միասին գոր­ծենք» հա­տուա­ծին մէջ քա­ղաքի բո­լոր վայ­րե­րուն վրայ ներ­կա­յացո­ւեցան հնա­դարեան այս քա­ղաքի բո­լոր ար­հեստնե­րը։

Բեր­կա­մոնը հին դա­րերուն ու­նե­ցած է չորս հսկայ ամ­փի­թատ­րոն։ Ներ­կա­յիս քա­ղաքը ու­նի 300 տե­ղանոց թա­տերաս­րահ մը միայն։ Ձե­ռագործ աշ­խա­տու­թիւննե­րու հսկայ պա­շար եւ աւան­դութիւն ու­նե­ցող Բեր­կա­մոնի մէջ թա­տերա­կան փա­ռատօ­նի մը կազ­մո­ւիլը ան­շուշտ որ գնա­հատե­լի պի­տի ըլ­լար։ Պի­տի ըլ­լար պի­տի ըսեմ, քա­նի որ կազ­մա­կերպչա­կան զա­նազան թե­րու­թիւններ ստո­ւեր թո­ղու­ցին կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թեան վրայ։ Բեր­կա­մոնի այժսու բնա­կիչ­նե­րը ընդհան­րա­պէս ան­տարբեր մնա­ցին ան­ցուդարձնե­րուն։ Ներ­կա­յացումնե­րուն հե­տեւող­նե­րը առ­հա­սարակ դուրսէն եկող­ներն էին։ Փա­ռատօնի ներ­կա­յացումնե­րուն հա­մար օգ­տա­գոր­ծուեցաւ Եապել Սի­նակո­կը։ Բայց տող մը իսկ անդրա­դարձ չե­ղաւ Բեր­կա­մոնի հրեայ պատ­մութեան մա­սին։

«Բո­կոտններ»ու թա­տերա­խումբը Ասքլե­փիոնի ներ­կա­յաց­ման ըն­թացքին մե­զի յի­շեցուց թէ որ­քան ան­պետ իրե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած կ՚ապ­րինք։

Փա­ռատօ­նին մաս­նակցած էին արուամտի տար­բեր փիւ­ղե­րէ մաս­նա­գէտ­ներ։ Անոնց մէջ ու­շագրաւ էր Ճեւ­տեթ Էրէք, որ Բեր­կա­մոնի տա­ճարը մեկ­նա­բանեց ձայ­նա­ւոր ճար­տա­րապե­տու­թեան մի­ջոցաւ։ «Պեր­կա­մա Սթե­րիօ» կո­չեալ այս մեկ­նա­բանու­թիւնը առա­ջին ան­գամ ներ­կա­յացո­ւած էր 2019-ին Պեր­լի­նի մէջ։ Ան կրկնո­ւեցաւ նաեւ 2020-ին Իս­թանպուլ եւ հի­մա կը նա­խատե­սուի Բեր­կա­մոնի մէջ շատ աւե­լի եր­կա­րատեւ բե­մադ­րութիւն մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ