Խտրականութիւն նոյնիսկ ծառերու միջեւ

Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներ յատկապէս ալ զբօ­սաշրջա­կան տա­րած­քի զա­նազան կեդ­րոններ ամա­ռուայ ամե­նաշոգ օրե­րը ան­ցուցին ան­տա­ռային հրդեհ­նե­րու փոր­ձանքին հետ դէմ յան­դի­ման մնա­լով։ Աղէ­տը նաեւ ստա­ցաւ քա­ղաքա­կան բնոյթ, քա­նի որ կա­ռավա­րու­թիւնը իր կան­խա­միջոց­նե­րով խիստ ան­բա­ւարար մնա­ցաթ էր աղէ­տին դի­մաց։ Նաեւ քա­ղաքա­կան յա­ւելեալ ճգնա­ժամ մը եւս ապ­րո­ւեցաւ, երբ կարգ մը ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­ներ առանց փաս­տա­ցի տո­ւեալի մը կա­րիքը զգա­լու, փոր­ձե­ցին հրդե­հի ծա­գու­մը վե­րագ­րել ահա­բեկ­չութեան։ Անոնք կը պնդէին թէ հրդեհ­նե­րը ծա­գած են դի­տումնա­ւոր կեր­պով։ Ի վեր­ջոյ եր­կար ու դա­ժան պայ­քա­րէ մը վերջ այդ տա­րածքնե­րու հրդե­հը մա­սամբ մա­րեցաւ իր տե­ղը թո­ղելով հրդեհ­նե­րու նոր ալի­քին մը, ուր այս ան­գամ կը բռնկէին քրտաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու ան­տառնե­րը։ Հոս եւս լսո­ւեցան պնդումներ ան­տառնե­րու դի­տումնա­ւոր հրկիզ­ման մա­սին։ Տե­ղացի­ներ կը յայտնէին թէ Թրքա­կան բա­նակը դի­տումնա­ւոր կեր­պով կը հրկի­զէր ան­տառնե­րը, այդ տա­րածքնե­րը բնա­կան թաքստոց­ներ հա­մարե­լով քիւրտ հայ­դուկնե­րու հա­մար։ Այս ան­գամ նոր լա­րուա­ծու­թիւն մը կը յա­ռաջա­նար հրդե­հի մատ­նո­ւած ան­տա­ռը մա­րելու հա­մար աշ­խա­տան­քի լծո­ւած կա­մաւոր­նե­րու եւ անոնց ար­գելք ըլ­լալ ու­զող զի­նուոր­նե­րու մի­ջեւ։ Եր­բեմն էջեր լեց­նող բա­ցատ­րութիւննե­րով ան­գամ ու­րա­ցուող իրա­կանու­թիւննե­րը կը փաս­տո­ւին նման պա­տահա­կանու­թիւննե­րով։

Թուրքիոյ տար­բեր տա­րածքնե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հրդեհ­նե­րը ապա­ցոյց մը եղան փաս­տե­լու թէ ինչ տե­սակ խտա­րակա­նու­թիւն մը կը տի­րէ երկրի տար­բեր հա­տուած­նե­րու ան­տառնե­րու հան­դէպ։ Երկրի թրքաբ­նակ տա­րածքնե­րու ան­տառնե­րուն բո­ցերու մատ­նո­ւելուն դի­մաց «Ճիկյ­արիս կրակ ին­կաւ» ըսե­լով ող­բա­ցող­նե­րը բլո­րովին ան­տարբեր կը մնան քրտաբ­նակ տա­րածքնե­րու ան­հառնե­րուն հրո­ճարակ դառ­նա­լու երե­ւոյ­թին դի­մաց։ Խօս­քով կամ քա­րոզ­չութիւ­նով երկրի ամ­բողջու­թե­նէն ճա­ռող­նե­րը ծա­ռերուն դէմ ան­գամ դիւ­րաւ կրնան խտա­րակա­նու­թիւն գոր­ծադրել։ Վեր­ջա­պէս հա­զիւ լայ­նա­ծաւալ բո­ղոք­նե­րէ ետք է, որ իշ­խա­նու­թիւնը դի­մեցին ծա­գած հրդե­հը մա­րելու աշ­խա­տանքնե­րուն, ուր ար­դէն բա­ւակա­նի ըն­դարձակ տա­րածքներ կորսնցու­ցած էին ան­տառ կո­չուե­լու յատ­կութիւ­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ