ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ատամ

- Քու անունդ ի՞նչ է, նա­­­յիմ։

- Մու­­­րատ։

- Դուն քաջ տղայ կ՚երե­­­ւիս։ Մու­­­րատնե­­­րը ասե­­­ղէն չեն վախ­­­նար։

Ու ատամ­­­նա­­­­­­­բոյ­­­ժը կը մօ­­­տենայ այդ «քաջ» տղու լին­­­դին թմրե­­­ցու­­­ցիչ ասե­­­ղը կի­­­րար­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Այսպէս սկսաւ ու այսպէս ալ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց եր­­­րորդ, ապա չոր­­­րորդ, հին­­­գե­­­­­­­րորդ եւ վե­­­ցերորդ դա­­­սարա­­­նի աշա­­­կերտ Մու­­­րա­­­­­­­տի այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւննե­­­րը ատամ­­­նա­­­­­­­բոյ­­­ժի գրա­­­սենեակ։ Վախ չու­­­նէր։ Միայն թէ, կը փա­­­փաքէր, որ եր­­­կայնա­­­թոռը, իր իրեն կը պար­­­տադրէր արաս­­­տա­­­­­­­ղը դի­­­տել, գէթ ու­­­նե­­­­­­­նար հե­­­ռատե­­­սիլ մը, կամ բնան­­­կար մը։ Ան­­­ցան տա­­­րիներ։ Մու­­­րա­­­­­­­տի սե­­­փական ատամ­­­նե­­­­­­­րուն թիւ եր­­­բէք երե­­­սու­­­ներկու­­­քի չհա­­­սաւ- մնաց միշտ պա­­­կաս, մէկ մա­­­սը՝ կեղ­­­ծա­­­­­­­տամ։

Մեր հնա­­­գոյն բա­­­ռերէն մէկն է «ատամ»։ Կու գայ ed- «ու­­­տել» ար­­­մա­­­­­­­տէն։ Ան լայն տա­­­րածու­­­թիւն ու­­­նի ցե­­­ղակից հա­­­րեւան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Անոնք ալ ու­­­նե­­­­­­­ցեր են «ատա­­­մեներ- հին հնդկե­­­րէն dan, հայ­­­ցա­­­­­­­կանը՝ dantum, յու­­­նա­­­­­­­րէն όδούς, -όντος, «օդուս», «օն­­­տոս», լա­­­տինե­­­րէն den, -tis, բրե­­­տոնե­­­րէն dant։ Ըստ հայ­­­կա­­­­­­­կան հին բա­­­ռարա­­­նի մը հե­­­տեւեալն է «ատամ» բա­­­ռի սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մը. «Ոսկր շա­­­րադա­­­սեալ 'ի լինդս բե­­­րանոյ 'ի պէտս ծա­­­մելոյ զու­­­տե­­­­­­­լիս»։ Նոյն բա­­­ռարա­­­նը կու տայ նաեւ անոր հո­­­լովու­­­մը. ատա­­­ման, ատա­­­մունք, ատա­­­մանց, ատա­­­մամբք։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան հնա­­­գոյն մա­­­տենագ­­­րութեան մէջ ու­­­նե­­­­­­­ցեր ենք պատ­­­կե­­­­­­­րալից բա­­­ղադ­­­րե­­­­­­­ալ բա­­­ռեր- ատա­­­մահան, ատամ­­­նա­­­­­­­թափ, ատամ­­­նա­­­­­­­խիլ։ Այս բա­­­ռերը, - կը նե­­­րէք, պէ՛տք է որ յի­­­շէի, - յու­­­սամ, թէ ցա­­­ւալի յի­­­շատակ­­­ներ չարթնցու­­­ցին ձեր մտքե­­­րուն մէջ։ Ու­­­նինք նաեւ աղօթք դար­­­ձած «ատամ­­­նա­­­­­­­ցաւ»բա­­­ռը. «Զա­­­մենայն ատամ­­­նա­­­­­­­ցաւ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայս բժշկեա՛, եւ թե­­­թեւա­­­ցո՛ զցաւս ատա­­­մանց նո­­­ցա»։

- Ձեր անո՞ւնը։

- Մու­­­րատ։

- Ասեղ պի­­­տի զար­­­նեմ։ Պի­­­տի ձա­­­ւի։ Թմրա­­­ծու­­­թիւն պի­­­տի զգաք։ Մին­­­չեւ վա­­­ղը կ՚անցնի։

Ու ատամ­­­նա­­­­­­­բոյ­­­ժը կը մօ­­­տենայ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան դար­­­ձած Մու­­­րա­­­­­­­տի լին­­­դին թմրե­­­ցու­­­ցիչ ասե­­­ղը կի­­­րար­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար։

«Ատամ»բա­­­ռը մեր նախ­­­նի­­­­­­­ներու հա­­­մար ու­­­նէր մէկ այլ իմաստ. յաղ­­­թա­­­­­­­նակ։ Ատամ հա­­­նելը պար­­­տո­­­­­­­ւածի ար­­­ժա­­­­­­­նի պա­­­տիժն էր։ Ազ­­­գագրա­­­գէտ Երո­­­ւանդ Լա­­­լայեանի «Ծի­­­սական կար­­­գե­­­­­­­րը հա­­­յոց մէջ»աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը կը խօ­­­սի այդ հնա­­­դարեան «ծի­­­սակա­­­տարու­­­թեան»մա­­­սին. «Հա­­­յերիս մէջ եւս, հե­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րում պատմւում են, թէ ինչպէս հե­­­րոսը հա­­­նում է պար­­­տութիւն կրո­­­ղի ատամ­­­նե­­­­­­­րը եւ շա­­­րում նրա ճա­­­կատին»։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, յի­­­շենք, թէ «Դա­­­ւիթը Ղոզ­­­բէ­­­­­­­կին վե­­­կալեց ձիան խետ տփեց գե­­­տինը, ոտը դրեց փո­­­րինը, մէ ձեռ­­­նով բե­­­րանը ճխտեց բա­­­ցեց , լե­­­զուն քա­­­շեց քո­­­քահան արաւ, ատամ­­­նե­­­­­­­րը քա­­­շեց շա­­­րեց ճա­­­կատը»։ Մեր մե­­­ծանուն ազ­­­գագրա­­­գէտը կը փո­­­խան­­­ցէ նաեւ Վաս­­­պուրա­­­կանի մէկ աւան­­­դութիւ­­­նը. «Երե­­­խան կաթ­­­նա­­­­­­­տամ­­­նե­­­­­­­րը փո­­­խելիս ըն­­­կած ատա­­­մը դնում են մի դրան փեխ­­­կի տակ եւ երեք ան­­­գամ դու­­­ռը բա­­­նալով ու խփե­­­լով ասում. «Առ քէ գայ­­­լու ատամ, / Տու ձիկ գա­­­ռու ատամ», որ­­­պէսզի նոր գա­­­լիք ատամ­­­նե­­­­­­­րը բա­­­րեձեւ եւ մանր լի­­­նեն»։

Մեր լե­­­զուն ալ իր կաթ­­­նա­­­­­­­տամ­­­նե­­­­­­­րէն յե­­­տոյ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ շա­­­րուած սի­­­րուն «ատա­­­մեներ։ Թի­­­ւը 50ի հաս­­­նող բա­­­ղադ­­­րեալ բա­­­ռերու կը վե­­­րաբե­­­րի խօսքս, ինչպէս՝ ատամ­­­նա­­­­­­­բան, ատամ­­­նա­­­­­­­զուրկ, ատամ­­­նա­­­­­­­խոռոչ, ատամ­­­նա­­­­­­­լիցք։ Յի­­­շել պէտք է նաեւ սե­­­ղանա­­­տամը, շնա­­­տամը եւ իմաս­­­տութեան ատա­­­մը։ Իսկ «եռա­­­տամ»բա­­­ռը ատամ չէ, այլ «ա»տա­­­ռը կամ նման ձեւ ու­­­նե­­­­­­­ցող առար­­­կայ։

Ինչպէս ատա­­­մը կու տայ դէմ­­­քի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն, նոյնպէս ալ «ատամ»բա­­­ռը եղաւ մեր լե­­­զուա-մտա­­­ծողու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Պատ­­­կե­­­­­­­րալից են անոնք։ Ահա գե­­­ղեցիկ շար մը. Ատա­­­մը կտրել - յաղ­­­թա­­­­­­­հարել, Ատա­­­մին տալ - փոր­­­ձել, Ատամ ատա­­­մի զար­­­կել - մսիլ, Ատա­­­մին հուպ տալ - դի­­­մանալ, Ատամ­­­նե­­­­­­­րը կրճտաց­­­նել կամ սեղ­­­մել - զայ­­­րա­­­­­­­նալ, Ատամ սրել- - մէ­­­կու դէմ չա­­­րանալ, Ատա­­­մը բռնել - սրտին ու­­­զա­­­­­­­ծը ու­­­տել, Ատամ­­­նե­­­­­­­րը փո­­­րը ածել - սաս­­­տիկ ծե­­­ծել։ Կը տես­­­նէ՞ք, այս փոքր ոս­­­կո­­­­­­­րը, որ մար­­­սո­­­­­­­ղու­­­թեան կը ծա­­­ռայէր, դար­­­ձաւ «վրէժ», «պա­­­տիժ», «յաղ­­­թա­­­­­­­նակ»եւ «համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն»։

Հա­­­յը «ատամ»բա­­­ռի հետ երկրորդ ան­­­գամ ծա­­­նօթա­­­ցաւ երբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչը կար­­­դաց. «Սպի­­­տակ ատա­­­մունք իւր քան զկաթն», «Զա­­­տամունս մե­­­ղաւո­­­րաց փշրես­­­ցես»։ Իսկ վրէ՞ժ կ՛ու­­­զէք հիւ­­­թել։ Յի­­­շեցէք Սուրբ Գիր­­­քի «Ատամն ընդ ատա­­­ման»խօս­­­քը։ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին ալ մեր լե­­­զուի մէջ տե­­­ղադ­­­րեց քա­­­նի մը գրա­­­կան ատամ­­­ներ. «Ոչ փշրե­­­ցեր զպարս ատա­­­մանցս յըմ­­­բոշխնելն զքեզ, ան­­­սահմա­­­նելի», «Կրճտումն ատա­­­մանցն անբժշկե­­լի», «Վի­­շապաց ատամ»։

Մար­­գարտա­­շար ատամ­­նա­­­շարը առողջ մարմնի նշան է։ Ան զարդն է ժպտա­­դէմ գե­­ղեց­­կուհիին։ Դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ար­­դէն զգա­­ցիք, թէ «ատամ»բա­­ռը, սի­­րատենչ աշուղնե­­րու շնոր­­հիւ, դար­­ձաւ քնա­­րական։ Չէ՞, որ այն բեր­­նի­­­կը, որ ու­­նի շո­­ղացող ատամ­­ներ՝ սի­­րու­­նա­­­տես է։ Հայ­­կա­­­կան բա­­նահիւ­­սութեան մէջ յայտնի է սի­­րոյ ու գե­­ղեց­­կութեան դի­­ցու­­հի Աստղի­­կի նկա­­րագ­­րութիւ­­նը։ Մշոյ դաշ­­տի բնա­­կիչ­­նե­­­րը եր­­գեր են զայն. «Շող ատամ­­ներդ շար մար­­գա­­­րիտ»։ Մշոյ դա՜շտ... Ինչպէ՜ս պի­­տի պահ­­պա­­­նուէր այս պա­­տառի­­կը, եթէ 1893 թո­­ւակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ հրա­­տարա­­կուած չըլ­­լար Վա­­հան Տէր-Մի­­նասեանի «Ան­­գիր դպրու­­թիւն եւ առակք»աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը։

Նա­­րեկա­­ցիէն 500 տա­­րի յե­­տոյ մէկ այլ վա­­նեցի բա­­նաս­­տեղծ հո­­գեւո­­րական, Գրի­­գորիս Աղ­­թա­­­մար­­ցին, Աղ­­թա­­­մարի կա­­թողի­­կոսը, գրի առաւ հո­­ղեղէն գե­­ղեց­­կուհիի նո­­ւիրո­­ւած ազ­­նիւ խօս­­քեր. «Սու­­րաթդ է սա­­դաֆ մար­­գարտաքրտունք... / Բիւ­­րեղ քան­­դա­­­կեալ մա­­տունք եւ ատա­­մունք»։ Նկա­­րիչ, տա­­ղասաց Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը վրաց պա­­լատի մէջ, - չենք գի­­տէր, թէ ո՛ր սի­­րու­­նա­­­տես բե­­րանն էր անոր ներշնչման աղ­­բիւրը - , յօ­­րինեց «Տաղ սի­­րոյ»եր­­գը. «Նման էս դու կար­­միր վար­­դի / Ատամ­­նե­­­րըդ՝ շար մար­­գարտի»։ Աշուղ Սե­­յադը, որ ռուս բա­­նակի սպայ էր, ու բա­­ցի հա­­յերէ­­նէ եւ ռու­­սե­­­րէնէ կը տի­­րապե­­տէր թրքե­­րէնին եւ պարսկե­­րէնին, հիւ­­սեց «Նա­­զելի էդ մա­­զերդ»եր­­գը. «Նա­­զելի, էդ մա­­զերդ լու­­սոյ շա­­փաղ չէ՝ — ի՞նչ է բաս... / Ատամ­­ներդ միր­­վա­­­րի, լե­­զուդ ղայ­­մաղ չէ՚ — ի՞նչ է բաս»։

Հայ­­կա­­­կան տպագ­­րութիւ­­նը «ատամ»բա­­ռը առա­­ջին ան­­գամ տե­­սաւ Պոլ­­սոյ մէջ 1868 թո­­ւակա­­նին հրա­­տարա­­կուած գիր­­քի մը վրայ. Յա­­կոբ Պա­­րոնեանի «Ատամ­­նա­­­բոյժն արե­­ւելեան»կա­­տակեր­­գութիւնն էր ան։ Այ­­նուհե­­տեւ լոյս տե­­սան այլ գիր­­քեր. «Կազ­­մա­­­խօսու­­թիւն, բնա­­խօսու­­թիւն եւ առող­­ջա­­­պահու­­թիւն ատա­­մանց», Պո­­լիս, «Մեր ատամ­­նե­­­րը եւ նրանց առող­­ջա­­­պահու­­թիւնը», Թիֆ­­լիս, «Ատամ­­նե­­­րի գիր­­քը մա­­նուկնե­­րի հա­­մար», Թեհ­­րան, «Պահ­­պա­­­նիր ատամդ», Ռոս­­տով-Դոն։

20րդ դա­­րուն Սիլ­­վա Կա­­պու­­տի­­­կեանն էր, որ «ատամ»բա­­ռով հայ բա­­նաս­­տեղծին փոր­­ձեց քա­­ջալե­­րել որ հա­­ւատա­­րիմ մնայ իր արո­­ւես­­տին։ Կա­­պու­­տի­­­կեանի պատ­­գա­­­մը զսպո­­ւած մնա­­լու, հպարտ ըլ­­լա­­­լու, չվհա­­տելու կոչ էր. «Սեղ­­մի՚ր ատամդ, դու ամեն­­քի մօտ / Բա­­ցեբաց լա­­լու իրա­­ւունք չու­­նես... / Դու՝ հայ բա­­նաս­­տեղծ, ի՚նչ էլ որ լի­­նի, / Վեր­­ջին զի­­նուո՜րն էլ ընկնի յու­­սա­­­հատ. / Քո ժո­­ղովրդի յա­­ւեր­­ժութեանը / Չհա­­ւատա­­լու իրա­­ւունք չու­­նես»։

-Բա­­րեւ։ Ի՞նչ է ձեր անու­­նը։

- Նո­­րայր։

- Գոր­­ծո­­­ղու­­թե­­­նէն առաջ երեք ասեղ պէտք է։

Ու, կրկնո­­ւող տե­­սարան։ Ատամ­­նա­­­բոյ­­ժը կը մօ­­տենայ, այժմ Նո­­րայր դար­­ձած հի­­ւան­­դի լին­­դին թմրե­­ցու­­ցիչ ասե­­ղը կի­­րար­­կե­­­լու նպա­­տակով։

Յար­­գե­­­­լի ըն­­­թերցող, լաւ պահ­­­պա­­­­­­­նեցէք ձեր ատամ­­­նե­­­­­­­րը, յա­­­նուն գե­­­ղեց­­­կութեան եւ բա­­­րետե­­­սիլ ծի­­­ծաղի։ Այ­­­սօր յօ­­­դուածս կ՛աւար­­­տեմ Գու­­­սան Աշո­­­տի չքնաղ մէկ եր­­­գով, ուր ատա­­­մը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ փայ­­­լիլ որ­­­պէս գե­­­ղեց­­­կութեան նշան.

Բե­­րանդ աղ­­բիւր, ատամդ զարդ է,

Այ­­տերդ մար­­մար, կար­­ծես թէ
վարդ է...

Ոչ մի ծա­­ղիկ, քո բուրմունքը չու­­նի,

Ոչ մի մայր քեզ պէս գյո­­զալ չի ծնի։