Փրոֆ. Կենչայ Կիւրսոյի գրիչէն սերունդի մը վկայութիւնները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Փրոֆ. Կեն­­չայ Կիւրսո­­յի «Մէկ Կեանք, Երեք Շրջան, Յու­­շեր-Վկա­­յու­­թիւններ» անուն գիր­­քը վեր­­ջերս լոյս տե­­սաւ «Իլե­­թիշիմ» հրա­­տակա­­չու­­թեան մա­­տենա­­շարէն։ Պարզ ու հա­­ղոր­­դա­­­կան ոճով մը գրի առ­­նո­­­ւած այս յու­­շե­­­րուն մէջ անո­­ւանի ակա­­դեմա­­կանը բա­­ցի իր 83 տա­­րինե­­րու եր­­կա­­­րող կեան­­քի դրո­­ւագ­­նե­­­րէն, մերթ ծննդա­­վայր քա­­ղաքի, մերթ ու­­սա­­­նած դպրոց­­նե­­­րու կամ ԲՈՒՀ-երու եւ մերթ ալ իր ան­­դա­­­մակ­­ցած քա­­ղաքա­­կան շար­­ժումնե­­րու եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու են­­թա­­­հողին վրայ կը լու­­սա­­­բանէ բո­­վան­­դակ երկրի 83 տա­­րինե­­րը։ Թե­­րեւս ալ աւե­­լին, քա­­նի որ պատ­­մի­­­չը իբ­­րեւ մեկ­­նա­­­կէտ կ՚ըն­­դունի իր մեծ մեծ հայ­­րը, որու մի­­ջոցաւ վկա­­յու­­թիւններ կը բե­­րէ նաեւ Կա­­րինի Օլ­­թու գա­­ւառէն, հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան օրե­­րէն դրուագ­­նե­­­րով։

Յու­­շագրու­­թիւննե­­րու կա­­րեւոր յատ­­կութիւննե­­րէն մէկն ալ ըն­­թերցո­­ղին հե­­ղինա­­կի ապ­­րումնե­­րուն հետ զա­­նազան բնա­­գաւառ­­նե­­­րով զու­­գա­­­հեռ­­ներ յայտնա­­բերելն է։ Յու­­շագրու­­թիւննե­­րու պա­­րագա­­յին այս յատ­­կութիւ­­նը կը գե­­րազան­­ցէ թէ դա­­րերը եւ թէ ցա­­մաքա­­մասե­­րը։

Ծննդա­­վայր Կար­­սէն Պո­­լիս, Պո­­լիսէն ալ դէ­­պի Եւ­­րո­­­պայի հիւ­­սի­­­սային եր­­կիրներ եր­­կա­­­րող ապ­­րումնե­­րը հա­­մաշ­­խարհա­­յին տե­­սադաշտ մը կը պար­­զեն ըն­­թերցո­­ղին դի­­մաց։ Այսպէ­­սով կը շրջինք 1968 թո­ւին եռե­­ւեփող Փա­­րիզեան ցոյ­­ցե­­­րուն, կը փոր­­ձենք հե­­տեւիլ Սոր­­պո­­­նի Հա­­մալ­­սարնի մէջ Ժան Փոլ Սարդրի բա­­նախօ­­սու­­թեան եւ ապա կ՚անցնի­­նաք Բրահա, այս քա­­ղաքի պա­­տմական ապստամ­­բութեան եւ ապա Վար­­շա­­­ւեան Ուխտի զի­­նեալ ու­­ժե­­­րու այդ ապստամ­­բութիւ­­նը կա­­սեց­­նե­­­լուն։ Ու­­սա­­­նողա­­կան կրթա­­թոշա­­կով ապա­­հովո­­ւած գնաց­­քի ամե­­նաաժան սա­­կի տոմ­­սե­­­րով ամ­­բողջ Եւոր­­պան կը շրջինք։ Նաեւ Թուրքիոյ մէջ ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան գոր­­ծընթաց­­նե­­­րու։

«Մերկ իրո­­ղու­­թիւն մը կայ մեր դի­­մաց։ Երկրա­­գունդի մէջ կեան­­քի յա­­րատե­­ւու­­թեան, մար­­դու առող­­ջութիւ­­նը շու­­կա­­­յի բար­­բա­­­րոս սկզբունքնե­­րէն խնա­­յելու հա­­մար բնա­­պահ­­պան, հա­­ւասա­­րու­­թիւն պա­­հան­­ջող, զօ­­րակ­­ցող եւ խա­­ղաղա­­պաշտ կամ­­քի մը մի­­ջամ­­տութիւ­­նը ան­­խուսա­­փելի է։ Այս իրո­­ղու­­թիւնը գե­­րազան­­ցած է հա­­մայ­­նա­­­վար­­նե­­­րու պայ­­քա­­­րի տես­­լա­­­դաշ­­տը եւ հա­­մայն մարդկու­­թեան հա­­մար գո­­յատեւ­­ման խնդրի մը վե­­րածո­­ւած»։

Գրքի դար­­ձե­­­րեսին տե­­ղադ­­րո­­­ւած այս հա­­տուա­­ծը կա­­րելի է նաեւ մար­­դու ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րը, աշ­­խա­­­տան­­քը եւ ճակ­­տի քրտին­­քը գե­­րադա­­սող մտա­­ւորա­­կանի մը յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը հա­­մարել։

Յի­­րաւի Խորհրդա­­յին Միու­­թեան տա­­րան­­ջա­­­տու­­մը հա­­մայ­­նա­­­վար գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թեան կոր­­ծա­­­նու­­մը ըլ­­լա­­­լով մեկ­­նա­­­բանող քաղ­­քե­­­նի մտայ­­նութիւ­­նը հի­­մա հա­­կադ­­րո­­­ւած է ոչ միայն աշ­­խա­­­տու­­ժը կե­­ղեքած բա­­նուոր դա­­սակար­­գին, այլ հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թեան։ Շա­­հի ան­­յագ տեն­­չը այժմ կը սպառ­­նայ նաեւ բնու­­թեան։ Գե­­տերը, ստո­­րերկրեայ ջրե­­րը, ան­­տառնե­­րը նոյ­­նիսկ շնչած օդը նոր լիպե­­րալ դրա­­մապաշ­­տութեան հա­­մար շա­­հի աղ­­բիւրներ ըլ­­լա­­­լով թա­­լանի կ՚են­­թարկո­­ւին։

Ճիշդ ալ այս պատ­­ճա­­­ռաւ ջղա­­յին հի­­ւան­­դութիւննե­­րու մաս­­նա­­­գէտ Փրոֆ. Կեն­­չայ Կիւրսոյ բժշկա­­գիտա­­կան եր­­կար ծա­­ռայու­­թե­­­նէ ետք այժմ նոյն եռան­­դով կը շա­­րու­­նա­­­կէ Մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան եւ ազա­­տու­­թեան ձօ­­նուած պայ­­քա­­­րը։

«Մէկ Կեանք, Երեք Շրջան, Յու­­շեր-Վկա­­յու­­թիւններ» անուն գիր­­քը պար­­տինք գնա­­հատել պայ­­քա­­­րելու այս կամ­­քին մէջ։ Մեզ սե­­րունդա­­կից­­նե­­­րու­­նե­­­րու հա­­մար շատ խոր իմաստներ թաք­նո­ւած են այդ աւե­լի քան 500 էջե­րու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ