Երկու Գերիներ Վերադարձան Հայրենիք

7Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի օր, Ատրպէյ­ճա­նէն Հա­յաս­տան վե­րադար­ձո­ւեցան Հա­յաս­տա­նի եր­կու քա­ղաքա­ցիներ։ Անոնց փո­խարէն ատրպէյ­ճա­նական կող­մին փո­խան­ցո­ւեցաւ Ար­ցա­խի մէջ կա­լանա­ւորո­ւած ատրպէյ­ճանցի զի­նուոր Ճա­միլ Պա­պայե­ւը, որ 25 Օգոս­տոս թո­ւակա­նին ապօ­րինա­բար հա­տեց սահ­մա­նը եւ մտաւ Ար­ցա­խի Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի տու­նե­րէն մէ­կը։ Այս մա­սին «Ար­մէնփրես»ին յայտնե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Անվտան­գութեան ծա­ռայու­թե­նէն։

Գե­րինե­րու Հա­յաս­տան վե­րադար­ձը իրա­կանա­ցաւ Ռու­սիոյ խա­ղաղա­պահ զօ­րախումբի հրա­մանա­տար, զօր. Ռուստամ Մու­րա­տովի միջ­նորդու­թեամբ։

Վե­րադար­ձո­ւած 2 քա­ղաքա­ցինե­րը 14 Յու­լի­սին Սեւ լի­ճի տա­րած­քէն ան­հե­տացած Հա­յաս­տա­նի հա­րաւա­րեւե­լեան ուղղու­թեամբ տե­ղակա­յուած Հա­յաս­տա­նի բա­նակի. զօ­րամա­սի Ար­թուր Նալ­պանդեան ու Արա­մայիս Տո­ռոզեան անուն զի­նուոր­ներ են։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ